Ատրպէյճանի հնագոյն լրատու գործակալութիւններէն «Թուրան» կը սահմանափակէ իր աշխատութեան ծաւալը։ Գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Մահման Ալիեւ յայտնեց թէ անցեալին շուրջ 45 աշխատողներով կատարուած գործունէութիւնը այժմ կը շարունակեն 10 հոգիով։ «Անկախ մամուլի աշխատանքի պայմանները բաւական դժուարացած ըլլալուն, որոշած ենք լրատուութենէ բացի ծանրանալ վերլուծական բնոյթով բովանդակութիւններուն վրայ» ըսաւ Մահման Ալիեւ։
Գաղտնիք չէ որ մօտ անցեալին ատրպէյճանական մամուլի զանազան կառոյցներ հետապնդման ենթարկուած, իրենց գրասենեակները խուզարկուած եւ աշխատակազմը բերման ենթարկուած են։ Ալիեւ այս վերջին որոշումին համար թէեւ բացառեց ճնշումներու այս մթնոլորտը, բայց տուած բացատրութիւններու մէջ ալ ընդգծեց նաեւ անկախ լրատուութեան մատնուած դժուարութիւններուն։