ԷՄԷՓ. «Վեց հազար մարդու ներառող հետաքննութեան գործ մը կայ»

Առաւօտեան ժամերուն Պոլսոյ կեդրոնական 10 քաղաք­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տան խու­զարկու­թիւննե­րով քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թեան ան­դամներ, լրագ­րողներ եւ արո­ւես­տա­գէտ­ներ բեր­ման են­թարկո­ւեցան։ Պոլ­սոյ Հան­րա­պետա­կան Դա­տախա­զու­թեան յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւեցաւ, որ ՀՏՔ-ի դէմ իրա­կանա­ցուող հե­տաքննու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն 60 հո­գու ձեր­բա­կալ­ման որո­շում կա­յացո­ւած է։ Մին­չեւ հի­մա առ­նո­ւազն 52 հո­գի ձեր­բա­կալո­ւած են։

ԷՄԷՓ-ի պատ­գա­մաւոր Իս­քենտեր Պայ­հան նշեց, որ ձեր­բա­կալո­ւած­նե­րու շար­քին է նաեւ ԷՄԷՓ-ի Պոլ­սոյ մար­զա­յին նա­խագահ Սե­մա Պար­պա­րոս, եւ ու­շադրու­թիւն հրա­ւիրեց, որ ձեր­բա­կալու­թիւննե­րը կրնան ըլ­լալ հա­զարա­ւոր մար­դիկ ընդգրկող գոր­ծո­ղու­թեան մը առա­ջին օղա­կը։ Պայ­հան ըսաւ. «Տե­ղեկա­ցանք, որ ՀՏՔ-ի գոր­ծը եւ ՀՏՔ-ի հե­տաքննու­թեան գոր­ծընթա­ցը կ՚ընդգրկէ շուրջ վեց հա­զար մարդ։ Անոնցմէ հա­զար վեց հա­րիւ­րը Պոլ­սոյ մէջ բնա­կող քա­ղաքա­ցիներ են»։

Պայ­հան ձեր­բա­կալու­թիւննե­րուն հե­տեւեալ բա­ռերով ար­ձա­գան­գեց. «Ասի­կա Թուրքիոյ մէջ Պա­լատի իշ­խա­նու­թեան եւ Հան­րա­պետա­կան Դա­շին­քի ներ­քին ճա­կատի գոր­ծո­ղու­թիւն մըն է, որ կը շա­րու­նա­կուի դա­տական հա­մակար­գի մի­ջոցով, որ դար­ձած է անոր մա­հակը։ Ասի­կա նոր դա­ւադ­րութեան գոր­ծո­ղու­թիւն մըն է։ Կ՚ու­զեմ այստե­ղէն դի­մել Ներ­քին Գոր­ծոց նա­խարա­րին եւ Պա­լատին մէջ այս գոր­ծո­ղու­թիւնը իրա­կանաց­նողնե­րուն, այս գոր­ծո­ղու­թեան պա­տաս­խա­նատու­նե­րուն, որոնք անժխտե­լիօրէն կը ղե­կավա­րուին Պա­լատէն։ Այ­լեւս եր­կու Թուրքիոյ իրա­կանու­թեան առ­ջեւ ենք»։

«Մէ­կը՝ ձեր հե­տադի­մական ֆա­շիս­տա­կան վար­չա­կարգ կա­ռու­ցե­լու նպա­տակով շա­րու­նա­կուող այս հա­կաժո­ղովրդա­վարա­կան գոր­ծո­ղու­թիւններն են։ Գոր­ծա­դուլնե­րու ար­գելքնե­րով, ձեր­բա­կալու­թիւննե­րով եւ նման դա­ւադ­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով, դա­ւադ­րա­կան քա­ղաքա­կանու­թեամբ շա­րու­նա­կուող գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու Թուրքիան է։ Միւս կող­մէն՝ ասոր դէմ իր աշ­խա­տան­քին, ճակ­տի քրտին­քին, ժո­ղովրդա­վարա­կան իրա­ւունքնե­րուն եւ ազա­տու­թիւննե­րուն տէր կանգնող, ճնշո­ւած, շա­հագոր­ծո­ւած ժո­ղովրդա­յին զան­գո­ւած­նե­րու Թուրքիան է։ Ան­պայման այս Թուրքիան պի­տի յաղ­թէ եւ ձեր այս դա­ւադ­րա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը պի­տի պար­տո­ւի, ներ­քին ճա­կատի քա­ղաքա­կանու­թիւնը պի­տի պար­տո­ւի։ Իրա­կան ներ­քին ճա­կատը պի­տի ըլ­լայ բա­նուոր­նե­րու, աշ­խա­տաւոր­նե­րու, ճնշուած­նե­րու, շա­հագոր­ծո­ւած ժո­ղովրդա­յին խա­ւերու կազ­մած ճա­կատը։ Անոր հա­մար այս հա­զարա­ւոր մար­դիկ ընդգրկող նոր դա­ւադ­րութեան գոր­ծը, դա­ւադ­րութեան գոր­ծո­ղու­թիւնը, դա­ւադ­րութեան հե­տաքննու­թիւնը ան­մի­ջապէս պէտք է աւար­տի, ձեր­բա­կալո­ւած մեր ըն­կերնե­րը պէտք է ազատ ար­ձա­կուին»։

«Քը­սա Տալ­կա»-ի հետ խօ­սող փաս­տա­բան Հա­զալ Սու­մե­լի եւս իր պաշտպա­նեալ­նե­րուն հա­մար Վա­թան Ոս­տի­կանա­տան մէջ է։ 24 ժա­մուան փաս­տա­բանա­կան տե­սակ­ցութեան ար­գելքի պատ­ճա­ռով տա­կաւին չէ կրցած տես­նել իր պաշտպա­նեալ­նե­րը։ Սու­մե­լիի փո­խանցմամբ, հե­տաքննու­թեան մէջ կը յի­շատա­կուին անուններ, որոնք 8-10 տա­րի առաջ ՀՏՔ-ի հետ աշ­խա­տանք տա­րած են։ Ան ըսաւ, որ լուր ստա­ցած են 1050 հո­գինոց ցու­ցա­կի մը մա­սին եւ կը կար­ծեն, որ ձեր­բա­կալու­թիւննե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին մաս առ մաս գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով։ Սու­մե­լիի տո­ւած տե­ղեկու­թիւննե­րուն մէջ է նաեւ, որ կան մար­զե­րէն ձեր­բա­կալո­ւած­ներ, որոնք կը բե­րուին Պո­լիս, եւ այս պատ­ճա­ռով ձեր­բա­կալու­թեան գոր­ծընթա­ցը կրնայ եր­կա­րիլ մին­չեւ Ուրբաթ օր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ