21 Փետրուար՝ Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուայ առթիւ «Էյիթիմ Սեն» կրթութեան արհմիութիւնը երկրի մէջ գործածուող բոլոր լեզուներով մամլոյ յայտարարութիւն մը հրապարակած է, որուն արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։
«Մարդը բնութեան հետ իր յարաբերութեան մէջ տրուած պայմանները ինչպէս որ են չընդունող եւ բնութիւնը իր ստեղծագործութեամբ վերափոխող եւ այս յատկութեամբ միւս էակներէն տարբերուող արարած մըն է: Մարդը, պատկանած մշակոյթին մէջ բնութեան հետ բնական յարաբերութիւն մը ունի, սակայն այս յարաբերութիւնը մշակութային ընթացք մըն է: Մշակոյթը բնութեան եւ մարդուն միջեւ անցնող թէ՛ մշակոյթի ստեղծող եւ թէ՛ կրող հանդիսացող մայրենի լեզուն մանկութենէն սկսեալ տուն, նոյնիսկ աշխարհ է:
Իմաստի աշխարհին մէջ երեւցած իսկ պահուն «կեանք տուող լեզուին մայր կոչումով յիշատակուելուն պատճառը այս պիտի ըլլայ» կ՚ըսէ բանաստեղծ Գարին Գարագաշլը «Մօրս Լեզուն» անուն գրութեան մէջ:
Մանուկը, կեանքին առաջին փուլերուն մշակոյթի հնարաւորութիւններուն, սահմաններուն եւ արգելքներուն կը գիտակցի: Լեզուին եւ մշակոյթին ընձեռած կարողութիւններու հետ առերեսման աստիճանաբար կ՚ենթարկուի անհատականութեան կազմաւորման գործընթացին: Այսպիսով բնական եղող անհատին կարողութիւնները, ստեղծագործականութիւնը, զգայական եւ մտաւոր կարողութիւնները զարգանալ կը սկսին:
Այս առումով մայրենի լեզուն եւ մշակոյթը՝ մասնագիտական կրթութեան առաջին պայմանը հանդիսացող հասարակական կեանքի մէջ ներառուած ըլլալու համար անհրաժեշտ գիտելիքներու եւ կարողութիւններու հիմքը կը կազմեն: Կեանքի այս շօշափելի իրողութիւնները մայրենի լեզուով ներս կ'առնուին: Հետեւաբար մայրենին հասարակական կեանքէն անբաժան մաս մըն է: Այս պատճառով է որ մայրենի լեզուով ապրելու իրաւունքը անհատի ինքնատիրութեան հիմքն է որ կը կորսնցնէ:
Կրթութիւնը, անհատը մշակոյթի հետ առողջ ձեւով յարաբերուելու համար հասարակական կեանքի պատրաստող օգնական գործընթաց մըն է: Ճիշդ այս պատճառով կրթութեան կարեւորութիւնը կը յայտնուի անհատի անձնաւորութեան կազմաւորման խնդրին մէջ։
Կրթութիւնը, հասարակական արդարութեան եւ հաւասարութեան ապահովման ընդհանուր նախադրեալին մէջ հիմնական իրաւունք է: Ուսման իրաւունքը, ինչպէս միւս հիմնական իրաւունքները, կը բխի մարդու՝ պարզապէս մարդ ըլլալէն: Մարդու Իրաւունքներու Ընդհանուր Հռչակագրի 26-րդ յօդուածը կ'ըսէ. «Իւրաքանչիւր ոք կրթութիւն ստանալու իրաւունք ունի»: Միջազգային փաստաթուղթերու եւ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան մէջ երաշխաւորուած կրթութեան իրաւունքին հիմնական պատճառը անհատի անձնաւորութեան բոլոր կողմերով զարգացման նպաստելը, մարդու՝ որպէս անձ ինքնիրագործման եւ ազատութեան հետ ուղղակի կապ ունի: Այս ամբողջութեան մէջ պետութիւնները եւ կառավարութիւնները որակեալ եւ ժողովրդավարական ուսման ծառայութիւնը առանց խտրականութեան մատուցելու պարտաւորութիւն ունին:
Կրթութեան իրաւունքի հանրային բնոյթով իրականացման համար՝ լեզուի, կրօնի, ցեղի, էթնիկ ծագման, սեռի, աշխարհագրական շրջանի, քաղաքական տեսակէտի հիման վրայ եղած ամէն տեսակի խտրականութիւնը անընդունելի է: Հետեւաբար մայրենի լեզուի իրաւունքը հիմնական իրաւունք մըն է: Մայրենի լեզուներով կրթութիւն ստացող տարբեր մշակոյթներու պատկանող մանուկներու եւ երիտասարդներու կրթութեան իրաւունքներէն օգտուելուն համար, իրենց լեզուներով կրթութիւն ստանալու իրաւունքը պէտք է ճանչցուի: Որովհետեւ հարազատ մշակութային օճախին մէջ լեզուի միջոցաւ սորված եւ ապրած իմաստի աշխարհին դպրոց սկսելով ջնջուիլը ինքնութեան ուրացում կը նշանակ է։
Լեզուն, հասարակութեան մը մշակոյթի զարգացման համար հիմնական տարր մըն է: Այս պատճառով մայրենի լեզուով կրթութիւնը, մշակոյթի սերունդներու միջեւ փոխանցման համար անհրաժեշտ է:
Միացեալ Ազգերու Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութիւնը (ԻՒՆԵՍՔՕ) 1999 թուականին առած որոշումով 21 Փետրուարը, «Միջազգային Մայրենի Լեզուի Օր» հռչակած է: 21 Փետրուար Համաշխարհային Մայրենի Լեզուի Օրը առաջին անգամ 2000 թուականին, աշխարհի բազմամշակութային կեանքի եւ մշակութային զանազանութիւնը աջակցելու նպատակով տօնուիլ սկսած է:
Ազգայնական գաղափարախօսութիւնները, պետութեան մէջ մշակութային եւ լեզուական տարբերութիւնները հալեցնելով, յաճախ անտեսելու միջոցով միատարր հասարակութիւն մը ստեղծելու նպատակ կը հետապնդեն: Միակ եւ գերիշխող ինքնութեան վրայ կ՚ուզեն համասեռ կառոյց մը գոյացնել: Այս ուծացման ծրագրին մէջ կրթութիւնը առանցքային դեր կը խաղայ: Միալեզու կեանքի եւ կրթութեան գերիշխող դարձուած հասարակութիւններու մէջ պետութեան պաշտօնական լեզուն, առօրեայ կեանքի մէջ եւ կրթութեան մէջ միակ լեզու որպէս կեանքի կոչուիլ կը փորձուի: Միւս ժողովուրդներու լեզուները լքելով երախաներու մեծամասնութեան պաշտօնական լեզուն սորվիլը կ'ապահովուի:Մայրենի լեզուէն դուրս երկրորդ լեզու մը սորվող երախաներու առաջին լեզուն ալ յիշողութենէն կը պակսի: Միալեզու գաղափարախօսութիւններու հետեւած այս «միալեզուացման» տիպարները կը սահմանուին որպէս «պակսեցնող» կրթական գործելակերպեր:
Լեզուաբանութեան, հոգեբանութեան, մարդաբանութեան եւ կրթական գիտութիւններու մարզերուն մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները բացայայտած են թէ կրթութեան մէջ պակսեցնող միալեզուացման տիպարներու երախաներու վրայ փոխհատուցումը անկարելի հետեւանքներու կ՚առաջնորդէ, կ՚աւելցնէ լեզուական, կրթական եւ հասարակական անհաւասարութիւնները: Այս հետազօտութիւններու համաձայն՝ միալեզուացման գաղափարախօսութեան հիման վրայ կրթութիւնը, ուծացման նպատակ կը կրէ. լուրջ մտային, հոգեբանական, ճանաչողական, կրթական վնասներու կ'առաջնորդէ. քաղաքական եւ տնտեսական վնասներ կ'ըլլան:
Աշխարհի մէջ գերիշխող լեզուն հիմք առած կրթութեան, լեզուական, մանկավարժական եւ հոգեբանական սահմանափակումներ ստեղծելով կրթութեան հասանելիութիւնը կը վնասուի: Լեզուներու անհետացումը, լեզուական բազմազանութեան կորուստը, երախաներու կարողութիւններու զարգացման մէջ խոչընդոտներու պատճառ կը դառնայ եւ շարունակական զրկանք կը ստեղծէ եւ այս բոլորը միալեզու ծրագրերու բացասական հետեւանքներն են:
Թուրքիոյ մէջ մինչեւ մօտիկ անցեալ մայրենի լեզուով կրթութեան իրաւունքի քննարկումը մէկ կողմ, պաշտօնական լեզուէն դուրս լեզուներու գոյութիւնն իսկ ժխտուած է: Երկար ժամանակ գերիշխող լեզուէն դուրս միւս լեզուները «գոյութիւն չունեցող լեզու» կամ «անծանօթ լեզու» կոչուած են: Քրտերէն, արաբերէն, չերքէզերէն, լազերէն լեզուները ճնշման եւ ուծացման քաղաքականութիւններու ենթարկուած են: Այսօր բազմամիլիոն աշակերտներ տակաւին մայրենի լեզուով կրթութեան իրաւունքէն զրկուած են: Գիտական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան թէ մայրենի լեզուները արգիլող կրթութեան հետեւանքով երեխաներու ուսման մակարդակը ցած կ՚ըլլայ:
Այս իրավիճակին պատճառներէն մէկը աշակերտներու եւ ուսուցիչներու միջեւ ապրուող հաղորդակցութեան թերացումն է: Ճնշուած լեզուական ժողովուրդներէն եկող երեխաները դպրոց սկսելու պահուն կարծես օտար աշխարհ մը ոտք դրած կ'ըլլան: Այս երեխաները, իրենց օտար եղող այս աշխարհը շատ քիչ կրնան հասկնալ եւ առաջին պահէն իսկ իրենց լեզուական աղբիւրները կը կորսնցնեն: Լեզուն իսկ չհասկցած կրթութեան համակարգի մը մէջ, ոչ միայն վերացական լեզուական կարողութիւններու զարգացման համար, այլ առօրեայ թրքերէնը հասկնալ սկսելու համար իսկ առնուազն քանի մը տարի ժամանակի կարիք կ'ունենան: Այս իրավիճակը, մայրենի լեզուով կրթութիւն չստացող աշակերտներու, մայրենի լեզուն թրքերէն եղող երեխաներու համեմատ խիստ անբարենպաստ վիճակի մէջ ըլլալը ցոյց կու տայ: Ակադեմական յաջողութիւններու զարգացման տեսակէտէն անոնց մէջ տարիներու տարբերութիւն կը գոյանայ: Նաեւ գրաճանաչումի ուշ սկսիլը եւ ակադեմական կարողութիւններու աւելի ուշ ձեռք բերումը, աշակերտներու մօտ դասարանի կրկնութեան կամ դպրոցի լքման նման արդիւնքներու պատճառ դառնալով կրթութեան իրաւունքի հասանելիութիւնը կ'արգելակէ:
Միւս կողմէ, մայրենի լեզուն կրթութեան լեզու որպէս գործածուող դպրոցներու մէջ կրթութիւն ստացող երեխաներու յաջողութեան մակարդակին բարձր ըլլալը ապացուցած հետազօտութիւններ ալ կան: Ափրիկէ, Ասիա, Եւրոպա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա՝ աշխարհի բազմաթիւ կէտերու մէջ բազմալեզու կրթութեան յաջողութեան օրինակներ կան: Այս պատճառով իւրաքանչիւր երեխայ ստեղծագործական իմաստով սնուցուած, պաշտպանուած եւ ազատագրող իմաստով մայրենի լեզուն զարգացնել կրցած աշխարհի մը մէջ մեծնալու է: Մայրենի լեզուի հիման վրայ բազմալեզու կրթութեան հասկացողութիւնը, լեզուներու եւ մշակոյթներու միջեւ կառուցուած կամուրջ մըն է: Տարբերութիւնները պահպանելով կ'ուժեղացնէ. ժողովրդավարական եւ հաւասարապաշտ հասարակական կարգի մը միջուկը կը կրէ: Հասարակական արդարութեան ապահովուած, մարդկային արժանապատուութեան վայել համակարգի մը ուղղութեամբ նետուած քայլ մըն է:
Անհատին ազատօրէն ինքզինք որոշել կարենալու եւ ինքնավստահութեան զարգացման համար, կեանքի տարբեր մշակութային արժէքներու մեծամասնութեան մէջ բաժնեկցուած հասարակութեան մը կարիք կայ: Հասարակական կեանքը, ներառական եւ ազատագրող գործելակերպերու կեանքի կոչուելու հաստատութիւններու կարիք կ'ունենայ: Մայրենի լեզուի հիման վրայ բազմալեզու կրթութեան տիպարները եւս այս կարիքներու գլուխը կու գան: Բազմամշակութային, ժողովրդավարական հասարակութեան մը համար կրթութեան մէջ «անվտանգութեան» հիմնուած եւ գիտական հիմք չունեցող մօտեցումներէն հրաժարիլ պէտք է: Տարբեր մայրենի լեզուներու ուղղուած սահմանափակումներուն վերջ տրուելու է, իւրաքանչիւր անհատի իր մայրենի լեզուն սորվելու եւ իր մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու համար անհրաժեշտ միջավայրը ապահովուելու է:
Կրթութեան Արհմիութիւն որպէս, ամբողջ աշխարհի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներու 21 Փետրուար Համաշխարհային Մայրենի Լեզուի Օրը կը շնորհաւորենք, տարբեր մայրենի լեզուներու եւ մշակոյթներու ազատօրէն ապրելու եւ զարգանալու առջեւ գտնուող բոլոր օրինական եւ գործնական արգելքներու շուտով վերացումը կը պահանջենք: