ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ածականները անունի մը յատկութիւնը շեշտելու համար օգտագործուած բառեր են։ Կը որակեն տուեալ անունը։ Անոնք կը գործածուին մերթ անձնանուններու, մերթ տեղանուններու եւ մերթ ալ հաստատութիւններու կոչումին իբրեւ նախադրեալ։
Ածականներու գործածութիւնը շատ անգամ փաղաքշական իմաստ մը կը վերագրէ։ Իսկ յաճախ ալ ցանկութեան մը նշանակութիւնը ունի։ Շատ անգամ ան կը գործածուի թերութիւն մը քօղարկելու համար։ Օրինակի համար, երբ նիւթը կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգին, սովորութիւն դարձած է «Վեհագոյն թուրք արդարադատութիւնը» կաղապարի գործածութիւնը։ Այս լսելով երկրի անօրէնութիւններուն ծանօթ անհատը դիւրաւ կը գիտակցի թէ նշեալ վեհագոյնը իրականութեան մէջ գործածուած է թերացում մը ծածկելու միտումով։ Մանաւանդ այս օրերուն, երբ արդարադատական համակարգը պարզ գործիք մը դարձած է կառավարութեան ձեռքին, ընդդիմադիրները ճնշելու համար, բոլորովին իմաստազուրկ է այդ «վեհագոյն» կոչումը։
Դարձեալ փորձառու քաղաքագէտներ դիւրաւ կ՚ըմբռնեն թէ անպէտ շեշտադրումները պէտք է հակառակեն հասկնալ։ Օրինակի համար՝ եթէ յաճախակի դարձած է «Թուրքիան պանանի պետութիւն չէ» ասացուածքի գործածութիւնը, պարտինք հասկնալ թէ երկիրը հետզհետէ վերածուած է պանանի պետութեան։ Այսինքն կորսնցուցած է իր կառոյցներու նշանակութիւնը եւ խամաճիկը դարձած է այլոց։
Անձնանուններու պարագային կը տեսնենք նման չափազանցութիւն։ Օրինակի համար երկրի հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ, երբ պարտադիր դարձաւ մականունի կանոնը, իրեն շնորհուեցաւ «Աթաթիւրք» մականունը։ Բայց զինք պաշտողներուն համար այդքանը բաւարար չէր եւ որոշեցին զինք կոչել «կազի», պատերազմի մասնակցածի իմաստով։ Այդ ալ բաւական չեղաւ եւ ընդունուած սովորութիւն դարձաւ «ուլու Էօնտեր» այսինքն վեհ առաջնորդ ածականը։
Նմանը պատահեցաւ քաղաքներու օրինակով։ Պատմական կոչում ունեցող բազմաթիւ քաղաքներ վերանուանուեցան նորանոր ածականներով։ Պատմական Մարաշը դարձաւ Քահրաման Մարաշ։ Նմանապէս Այնթապը եղաւ Կազիանթեփ կամ երբեմնի Եդեսիան նախ եղաւ Ուրֆա եւ ապա Շանլըուրֆա։ Այս իմաստազուրկ յաւակնութիւնները իւրացուեցաւ նաեւ այդ քաղաքներու բնակիչներուն կողմէ ալ։ Վերջապէս փաղագշական ածականներով օժտուած էին։ Նոյնիսկ կարգ մը քաղաքներ սկսան մարմաջ ունենալ նման ածականներու տիրանալու համար։ Իբրեւ անեկտոտ կը պատմուին թէ բանակի ծառայութեան ընթացքին շարքային զինուոր մը նկատի ունենալով իր զինընկերներէն երեքին իրենց անունի կողքին ծննդավայրն ալ «Քահրաման Մարաշ» կոչելը, երբ ներկայանալու հերթը կը հասնի իրեն, ան ալ անուն ազգանուն ըսելէ ետք հպարտօրէն կը գոռայ «Քահրաման Էրզինճան» ըսելով։
Ածականները բարդոյթներու յագեցման ծառայող բնոյթ ստացած են։ Այլեւս վերացած է անոնց քերականական նշանակութիւնը եւ աւելի ծանրակշիռ դարձած է ընկերահոգեբանական արդիւնքը։ Մարդիկ այդ ածականներով ոչ թէ իրողութիւն մը կը հաստատեն, այլ ցանկութիւն մը։
Ամէն տարի 10 Նոյեմբերին հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի ճառախօսութենէն հատուած մը կը սփռուի։ Այդ հատուածի մէջ Աթաթիւրք զիլ ձայնով կ՚աղաղակէ. «Թուրք ազգը սրամիտ է, թուրք ազգը աշխատասէր է»։ Այդ ըսելու պահուն ան յայտնի է որ իրողութիւն մը հաստատելէ աւելի կը ձգտի ցանկութիւն մը յայտնելու։
Լրագրողութեան կարեւոր սկզբունքներէն մէկն ալ ածականներու գործածութենէ խուսափիլ է։ Բայց դժբախտաբար կարելի չըլլար այդ սկզբունքը մամուլի մէջ յարգելու։ Ընդհակառակը կը պահանջուի որոշ անունները ածականներով օժտել։ Օրինակի համար ենթական ստիպուած է Ապտուլլահ Էօճալան անունը հնչելէ առաջ նախ ահաբեկչապետ կամ մանկան ոճրագործ ածականները նշելու։ Նոյնիսկ պատժի առարկայ է այդ անունին առջեւ «յարգելի» ըսել։
Երեւոյթներ՝ որոնք կ՚ապացուցեն օրուայ քաղաքականութեան լեզուի վրայ գործադրած ճնշումները։ Այդ ճնշումները հետզհետէ կը ձեւաւորեն նաեւ ամբողջ ժողովուրդի մը լեզուամտածողական կարողութիւնները։