Վաւերագրականին մէջ խօսող Անքարայի նախկին ոստիկանապետ Ճեւտեթ Սարալ, վիրահատութենէն յետոյ Էքմէքճեանի թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ եղած վիճակէն օգտուելու համար, ճերմակ բժշկի խալաթ հագնելով սկսաւ հարցաքննել զայն: Սարալի իր իսկ խօսքերով, «Ասոր հետ ինչպէ՞ս պիտի հասկցուիմ» մտածած ատեն, «Լա՞ւ ես» իմաստով ըրած ձեռքի շարժումին Էքմէքճեան «Էյի եա, էյի եա» պատասխանելով զարմացուցած է Սարալը: Սարալ ալ երեւի հետաքրքրութիւնը զսպել չկրնալով, հետեւեալ հարցումը տուած է անոր. «Ուրկէ՞, ինչո՞ւ պէտք զգացիր թրքերէն սորվելու: Ապրած վայրդ Թուրքիա չէ, Թուրքիոյ հետ կապ չունիս»: Սարալի «թրքական մշակոյթին հետ ապրելու փափաք» կոչածը յատուկ ընտրութիւն չէ, այլ անոնց համար կեանքի բնական հոսքն է. տան մէջ թրքերէն խօսելու սովորութիւնը Անատոլիայի մէջ ապրած կեանքի փորձառութեան շարունակութիւնն է:
Խոսած էի ձեզի Սերտար Քորուճուի «Առաջ եւ յետոյ՝ Հայերը Սեպտեմբեր 12-ի շրջանին. Դէպքեր եւ վկայութիւններ» գիրքին մասին, որ հրատարակուած է Արաս հրատարակչատունէն եւ որուն խմբագիրն եմ: Այս գիրքին վրայ աշխատած ատեն, հանդիպեցայ ԹՐԹ-ի կողմէ 2023-ին պատրաստուած կարճ վաւերագրական ֆիլմի մը՝ ԱՍԱԼԱ-ի 1982 Օգոստոս 7-ին Անքարայի Էսենպողա օդակայանին մէջ կատարած յարձակման մասին (YouTube-ի վրայ կրնաք գտնել -link):
Կէս ժամ տեւողութեամբ այս վաւերագրականը ամբողջութեամբ հոս չեմ քննարկեր, բայց ուշադրութիւնս գրաւող երեւոյթ մը կ'ուզեմ բաժնել ձեզի հետ:
Իրականին մէջ, ասիկա առաջին անգամ չէ որ կը յիշատակեմ, որովհետեւ թէ՛ այս գիրքին առիթով եւ թէ՛ այլ առիթներով խօսած եմ թէ որքան անտեղեակ է թրքական հասարակութիւնը Հայերու, հայոց պատմութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, աւելի ճիշդը՝ ժխտողականութիւնը որքան տգէտ ձգած է թրքական հասարակութիւնը Հայերու հարցին մէջ: Այս վաւերագրականին մէջ ալ կը տեսնենք անոր օրինակը:
Այդ օր Էսենպողայի մէջ պատահածները վայրկեան առ վայրկեան չեմ կրնար կրկնել հոս, բայց համառօտ ըսելու համար՝ այդ օր ԱՍԱԼԱ-ի անդամներ Զոհրապ Սարգիսեան եւ Լեւոն Էքմէքճեան զինեալ յարձակում մը գործեցին Էսենպողայի մէջ: Սարգիսեան սպաննուեցաւ բախման ընթացքին, իսկ Էքմէքճեան վիրաւոր բռնուեցաւ: Սարգիսեանէն զատ, երեք ոստիկան, մէկ ամերիկացի եւ մէկ արեւմտագերմանացի քաղաքացի ներառեալ՝ ինը հոգի եւս սպաննուեցան:
(Հիմա ոմանք կրնան մտածել «Ինչո՞ւ 'ահաբեկչութիւն' չըսիր, 'ահաբեկիչ' չըսիր»: Օր մը այս նիւթը աւելի մանրամասն քննարկելու համար առայժմ այսքան ըսեմ որ մանաւանդ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին Կազայի եւ Սուրիոյ մէջ ականատես եղածներէն յետոյ, իմ տեսանկիւնէս վաղուց վիճարկելի եղող այս հասկացութիւնները որոշակի համատեքստի մէջ իշխանութիւն ունեցողներու կողմէ շահարկման գործիք կը դառնան, արդէն անորոշ իմաստները որոշ շահերու համաձայն օրէ օր կը փոխուին: Այդ պատճառով գրաւոր եւ բանաւոր արտայայտութեան ժամանակ անոնց գործածութիւնն ալ վիճելի կ'ըլլայ: Ես ալ այս հասկացութիւնները գործածելէ հնարաւորինս կը խուսափիմ: Կը կարծեմ որ հասկացութիւնը ամենէն շատ 'յարմար' գործողներն են վերջին հաշուով պետութիւնները: Հեռու եւ մօտիկ պատմութեան նայելով՝ պետութիւն կոչուած կազմակերպութիւններէն աւելի մեծ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ չեմ տեսներ: Միւս կողմէ, ոչինչէ տեղեակ, անզէն մարդոց սպանութիւնը՝ Էսենպողայի յարձակումը բարոյապէս ընդունելի օրինականութեան սահմաններու մէջ չէ. ետին եղող զգացումը, ծրագիրը, շարժառիթը եւ նպատակը ինչ ալ ըլլայ՝ կոյր բռնութեամբ աւարտած է:)
Էքմէքճեան, վիրաւոր բռնուելէն յետոյ հիւանդանոց տարուեցաւ եւ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ: Վաւերագրականին մէջ խօսող Անքարայի նախկին ոստիկանապետ Ճեւտեթ Սարալ, վիրահատութենէն յետոյ Էքմէքճեանի թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ եղած վիճակէն օգտուելու համար, ճերմակ բժշկի խալաթ հագնելով սկսաւ հարցաքննել զայն: Սարալի իր իսկ խօսքերով, «Ասոր հետ ինչպէ՞ս պիտի հասկցուիմ» մտածած ատեն, «Լա՞ւ ես» իմաստով ըրած ձեռքի շարժումին Էքմէքճեան «Էյի եա, էյի եա» պատասխանելով զարմացուցած է Սարալը: Այն ատեն, «Հաւանաբար թրքերէն պիտի խօսի ասիկա, ես ասոր հետ աւելի երկար կրնամ խօսիլ» մտածած է եւ մինչեւ առաւօտ հարցաքննած է Էքմէքճեանը:
Այդ պահուն վաւերագրականին մէջ արտաքին ձայնը կը միջամտէ եւ այսպէս կ'ըսէ. «Հարցաքննութիւնը շարունակուելու ընթացքին ի յայտ կու գային մանրամասնութիւնները թէ ինչպէս մանկութենէն ի վեր թրքական մշակոյթին հետ սերտ կապ ունեցող մարդ մը ԱՍԱԼԱ ահաբեկչական կազմակերպութեան ուղեղալուացման մեթոտներով թուրքերու թշնամի դարձած էր»: Սարալ ալ երեւի հետաքրքրութիւնը զսպել չկրնալով, հետեւեալ հարցումը տուած է անոր. «Ուրկէ՞, ինչո՞ւ պէտք զգացիր թրքերէն սորվելու: Ապրած վայրդ Թուրքիա չէ, Թուրքիոյ հետ կապ չունիս»:
Սարալ Էքմէքճեանի տուած պատասխանը կը նկատէ «շատ հետաքրքրական» եւ կը պատմէ. «Պէյրութի մէջ, որքան կը յիշեմ թաղամաս մը նշեց, 'Պուրճ Համուտ կոչուող թաղամասի մը մէջ Հայերը մեծամասնութեամբ կ'ապրին' ըսաւ: 'Երբ պտըտիք պիտի տեսնէք որ հոն բոլոր երաժշտութիւնները թրքերէն են, ֆիլմերը թրքերէն են' ըսաւ: Այսինքն՝ այդքան թրքական մշակոյթին հետ ապրելու փափաքով լեցուն մարդոց թուրքերու թշնամի դարձուած ըլլալը շատ կարեւոր էր հոս: Ասիկա ծրագիր մըն էր իհարկէ»:
Հոս Սարալի անձին մէջ կը տեսնենք գրութեան սկիզբը յիշատակած՝ Հայերու եւ առնչուող պատմութեան մասին հաւաքական անգիտութեան մարմնացած վիճակը: Անոնք տեղեակ չեն որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքը մեծ մասամբ ցեղասպանութենէն ողջ մնացածներէն եւ անոնց զաւակներէն ու թոռներէն կը բաղկանայ. այսինքն՝ հոն գտնուող Հայերը, մանաւանդ 80-ականները նկատի առնելով, ընդամէնը 60 տարի առաջ Անատոլիայի զանազան քաղաքներէն, գիւղերէն եւ աւաններէն եկած են, աւելի ճիշդը՝ տարագրուած են:
Էքմէքճեաններու պարագային՝ եթէ ոչ ցեղասպանութենէն ողջ մնացածներու զաւակները, ապա թոռներն են, մեծ հայրերու-մեծ մայրերու սարսափելի պատմութիւնները լսելով մեծցած են. ԱՍԱԼԱ-ն արդարութենէն զրկուած ըլլալու ծնած ատելութեան պատճառը չէ, այլ հետեւանքն է. Սարալի «թրքական մշակոյթին հետ ապրելու փափաք» կոչածը յատուկ ընտրութիւն չէ, այլ անոնց համար կեանքի բնական հոսքն է. տան մէջ թրքերէն խօսելու սովորութիւնը Անատոլիայի մէջ ապրած կեանքի փորձառութեան շարունակութիւնն է:
Ցեղասպանութեան եւ յետոյ ժխտման զոհերը իհարկէ Հայերն են, բայց պատմութեան վրայ կատարուած խաւարումն ու ջնջումը Թուրքերն ալ, մայրաքաղաքի ոստիկանապետութիւն ընելու աստիճան բարձրացած անձ մը, Թուրքիայէն դուրս ապրող եւ թրքերէն խօսող Հայու մը հանդիպած ատեն զարմանալու չափ անկարող եւ անգէտ ձգած է: