Կառավարութիւնը, բնականաբար, հակադրուեցաւ Թրամփի ծրագրին։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր յայտարարութեան մէջ օգտագործեց հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Տեղահանութեան հարցը ոչ տարածաշրջանին, ոչ ալ մեզի համար ընդունելի է։ Այս մասին մտածելն իսկ անիմաստ է։ Նոյնիսկ քննարկման բանալը սխալ է»։ Այո, նոյնիսկ քննարկման բանալը սխալ է։ Սակայն 'տեղահանութիւն' բառը տեսնելով միտքս գնաց 110 տարի առաջ։
ԱՄՆ-ի նոր նախագահ Տանալտ Թրամփ կը շարունակէ իր իւրայատուկ եւ աշխարհը զարմացնող յայտարարութիւնները։ Այսպիսի վարքագիծ կը սպասուէր անկէ, սակայն վերջին յայտարարութիւնը իրօք ցոյց տուաւ, որ ԱՄՆ-էն դուրս ապրող մարդոց կեանքին նոյնիսկ մէկ կրամ արժէք չի տար։ Ճիշդ շահախնդիր գործարար մըն է։ Թէեւ կասկածելի է, թէ որքան արժէք կու տայ ԱՄՆ-ի քաղաքացիներուն կեանքին, քանի որ ըստ մասնագէտներուն՝ իր առաջարկած նոր մաքսային սակագները տնտեսական առումով նախ պիտի հարուածեն ԱՄՆ-ի միջին խաւը։
Ի՞նչ ըրաւ Թրամփը։ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ ԱՄՆ-ը «պիտի ստանձնէ Ղազայի կառավարումը» եւ հոն ապրողները պէտք է այլ տեղ հաստատուին։
Իր պատճառաբանութիւնը այսպէս բացատրեց. «ԱՄՆ-ը պիտի ստանձնէ Ղազայի գօտին եւ պիտի աշխատի։ (Ղազան) պիտի սեփականացնենք, պիտի ոչնչացնենք չպայթած ռումբերն ու զէնքերը, տարածքը պիտի հարթեցնենք եւ աւերակներէն պիտի ազատինք։ Տնտեսական զարգացում պիտի ստեղծենք եւ անսահման թիւով աշխատանք ու բնակութեան հնարաւորութիւններ պիտի տրամադրենք։ (Հին կարգին) չենք կրնար վերադառնալ։ Եթէ վերադառնանք, 100 տարիէ ի վեր եղածը պիտի կրկնուի»։
Թրամփը անողոք դրամատիրական կարգի ամենաանբուժելի ներկայացուցիչն է։ Իր ընտրական արշաւներուն փաստարկները միշտ այս տրամաբանութեան վրայ հիմնուած են։ Այս տրամաբանութեան համաձայն, եթէ խնդիր մը կայ, զայն դրամ տալով լուծելը կամ պարզապէս վերացնելը միանգամայն հնարաւոր է։
Պաղեստինի հարցին լուծումն ալ Ղազայի մէջ ապրող պաղեստինեան ժողովուրդը այնտեղէն ղրկելն է։ Այս յայտարարութիւնը բնականաբար ամբողջ աշխարհի մէջ հակազդեցութիւն յառաջացուց։ Անշուշտ նաեւ Պաղեստինի մէջ։
Նման ծրագրի մը իրագործելի ըլլալու մասին մտածելն իսկ անհեթեթ է։ Սակայն միւս կողմէ այնպիսի տարօրինակ դարաշրջանի մը մէջ կ'ապրինք, որ Ղազայի մէջ մեր աչքերուն առջեւ ցեղասպանութեան հասնող ջարդ մը եղաւ եւ աշխարհը ոչինչ չկրցաւ ընել կամ չըրաւ։ Այսքան զոհերէ ետք Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած հրադադարի համաձայնագրով գերիներ կը փոխանակուին։ Ասիկա լաւ զարգացում մըն է, սակայն ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ, որ մէկ տարիէն աւելի ժամանակի մէջ 40 հազարէն աւելի ղազացիներ կեանքը կորսնցուցին։
Գանք Թուրքիոյ հակազդեցութեան։ Կառավարութիւնը, բնականաբար, հակադրուեցաւ Թրամփի ծրագրին։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր յայտարարութեան մէջ օգտագործեց հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Տեղահանութեան հարցը ոչ տարածաշրջանին, ոչ ալ մեզի համար ընդունելի է։ Այս մասին մտածելն իսկ անիմաստ է։ Նոյնիսկ քննարկման բանալը սխալ է»։
Այո, նոյնիսկ քննարկման բանալը սխալ է։ Սակայն 'տեղահանութիւն' բառը տեսնելով միտքս գնաց 110 տարի առաջ։ Այս խօսքերը լսելով կարելի՞ է 1915-ը չյիշել։
Ի՞նչ կ'ըսէր մեր 'պաշտօնական տեսակէտը' 1915-ի մասին։ «Ցեղասպանութիւն չէ եղած, պատերազմական պայմաններու մէջ տեղահանութիւն եղած է»։
Ցեղասպանութեան հարցին այս անգամ չանդրադառնանք։ Այս յօդուածին մէջ 'տեղահանութեան' վրայ կեդրոնանանք։
Այսօր 'տեղահանութիւնը', Ֆիտանի խօսքերով, ոչ տարածաշրջանին, ոչ ալ Թուրքիոյ համար ընդունելի է։ Շատ գեղեցիկ է, ես ալ նոյն կարծիքին եմ, սակայն Թուրքիան կրնա՞յ ասիկա պատմականօրէն ալ ըսել։ Թէ՞ երբ խօսքը այս հողերու ժողովուրդներուն մասին է՝ 'ընդունելի' կացութիւններ ալ կ'ըլլան։
Ամբողջ սրտովս կը մաղթեմ, որ պաղեստինեան ժողովուրդը հարիւրամեակներէ ի վեր ապրած իր հողերուն վրայ -առանց որեւէ տեղ բռնի կերպով ղրկուելու- այսուհետեւ ալ ազատօրէն եւ մարդկայնօրէն ապրի։ 110 տարի առաջ հայերը այդպիսի բախտ չունեցան։