Մեր լուսաւոր խորութիւնները
Շաբաթ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, կը յիշէ՞ք, բարձրացեր էինք հայկական գրականութեան բանաւոր աշտարակը, ապա անոր տանիքէն դիտած էինք մեր տոհմիկ գրականութեան աշտարակային գագաթները, ինչպէս՝ Ալիշանները, Շնորհալիները, Էմինները… Այդ բառը հայու համար լուսաւորութեան աղբիւր մըն էր եղած, ինչպէս փարոսը՝ նաւերու համար։ Իսկ այսօր, ես որոշեցի մեր քարաշէն աշտարակի ոլորապտոյտ աստիճաններէն իջնել, հասնիլ ստորերկրեայ խարիսխը ու անոր խորհրդաւոր նկուղներու մէջ որոնել «խոր» բառի գրական պատմութիւնը։ Երբ աղօտ ճրագ մը բռնած պիտի քալեմ անոր մութ խորքերու մէջ, նպատակս է նաեւ հասկնալ, թէ ո՚ր տաղասացը ունեցեր է սիրոյ խոր վէրքեր եւ ո՚ր բանաստեղծի հոգին խաւարեր է խոր վիշտով։
Ո՜վ խորք Աստուծոյ
Ոսկեդարուն երբ «խոր» բառը իր գրաւոր ոդիսականը սկիզբ առաւ՝ բառս արդէն ունէր իմաստի եւ արտայայտութեան խոր ծալքեր։ Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ հայերէնը նախամաշտոցեան խոր պատմութիւն ունի, իսկ մեր բնաշխարհը զայն մայրական խոր սիրով դիեցուցած է իր խորքերուն մէջ։ Ուստի, հայը երբ Աստուածաշունչ մատեանը իր ձեռքը առաւ, ընթերցեց ութսուն տեսակ խորիմաստ խօսքեր։ Խորհրդաւոր էին անոնք, մերթ խրթին, մերթ դժուարիմաց, ինչպէս՝ «Յոյժ խոր են խորհուրդք Քո», «Խոր են դժոխք», «Ջուր խոր է խորհուրդ սրտի», «Խոր է բերան»։ Ապա ծանօթացանք Արարիչի զօրութեան. «Ո՜վ խորք մեծութեան եւ իմաստութեան եւ գիտութեանն Աստուծոյ»։ Սուրբ Գիրքի մէջ բառս նշանակեց խորութիւն՝ «Ի խորոց կարդացի առ քեզ», վիհ՝ «Խորային վիշապ», խորին վայր՝ «Ի խորոց կարդացի առ քեզ», ջուրի յատակը՝ «Ցամաքեսցին ամենայն խորք գետոց», ծովու յատակը՝ «Ընկղմեցի ʼի խորս ծովու», որպէս նաեւ մակբայ՝ շատ, սաստիկ. «Ի խոր ննջեմ»։
Խոր յարգանք
«Խոր» բառը պատկերաւոր ածական է։ Մարդը կը սիրէ խորութիւն, որքան ալ մութ ըլլայ ան. մի՞թէ այն պատճառով որ մայրութեան խոր արգանդի մէջ ենք ձեւաւորուած։ Կը յիշէ՞ք Դանիէլ Վարուժանն էր, որ առաջին անգամ այդ գաղափարը գործածեց դար մը առաջ։ Բանաստեղծը, արգասաւոր օր մըն էր անկասկած, նայելով գեղեցկութեան արձանին՝ խնդրեց. «Կ՛ուզեմ ըլլայ քու մարմարիո՚նդ պեղուած / Ոլիմպոսի ամենէն խոր արգանդէն»։ Հետեւաբար «խոր» բառի արգանդէն ծնունդ առին անհամար արտայայտութիւններ, մեծամասնութեամբ՝ բացասական եւ տխուր, ինչպէս, խոր՝ տգիտութիւն, տխրութիւն, խաւար, վէրք, աղքատութիւն, ծերութիւն, ատելութիւն, մոռացում, թմրութիւն, թշուառութիւն, թշնամութիւն։ Բայց օրեր եղան եւ հայը ցոյց տուաւ խոր՝ խոնարհութիւն, յարգանք, երկիւղ, հաւատարմութիւն, դատողութիւն, այսինքն մեր ազգային նկարագրի բոլոր բարի կողմերը։
Վիրապներու խորագոյնը
Հայու Սուրբ պատարագի առաջին երգն է «Խորհուրդ Խորին»։ Իր ամենասիրած աղօթագիրքը Գրիգոր Նարեկացիի սրտակից զրոյցն է Աստուծոյ հետ՝ «Ի խորոց սրտից»։ Աւելին՝ խորազգաց, խորաքնին, խորարմատ եւ խորաթափանց ազգս իր երկիրն ալ որոշեց կոչել՝ «խոր»։ Այժմ, յարգելի ընթերցող, ես կ’առաջարկեմ, որ մենք հայոց երկրի խորքերու, խոր-խոր ձորերու մէջ շրջապտոյտ մը՝ մտովի ուխտագնացութիւն մը կատարենք։ Ահա քանի մը հայրենի վայր ըստ մեր Բնաշխարհիկ բառարաններու. «Խորագոյն Հայք», Մեծ Հայքի նահանգ, «Խորակերտ», մենաստան, քաղաք, վանական համալիր, յուշարձանախումբ, «Խորաձոր», ամրոց եւ վանք, «Խորաձորք», վայր Գայլ գետի աւազանի մէջ, «Խորբազուկ», գիւղ, «Խորափոր», լեռնագագաթ, «Խորձոր», գետակ, գաւառ, գիւղ, «Խորուձոր», վանք, անապատ, եւ «Խորանիստ», Շիրակի գաւառի մէջ Վարդանի զօրքերու կողմէ ազատագրուած գիւղ, զոր Եղիշէն յիշատակեց։ «Խոր» բառը ո՚չ սարսափ ներշնչեց հայուն, ո՚չ ալ՝ մթութիւն, չէ՞ որ հայը իր Լուսաւորիչը գտաւ շատ խոր վիրապի մը մէջ եւ այդ վայրը դարձուց՝ սրբաւայր։ Իսկ Յովհաննէս Շիրազի միտքը օր մը արծիւի բարձր թռիչք առաւ։ Բանաստեղծը տեսաւ, թէ ամբողջ Հայաստանն է սրբաւայր. «Իրաւ… Բարձրից, թէ՝ խոր նայես հայոց մօտիկն ու հեռուին՝ / Ողջ Հայաստան կը նմանուի իր թեւաբաց մայր արծիւին»։ Խորհրդաւոր էր այս տեսանկիւնը, սակայն որպէսզի բոլորս հասկնանք, թէ ի՚նչ էր իր խորածածկ միտքը, ան մեզի շնորհեց հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Թեւերից մէկն Արագածն է, մէկը Սիփան սարն է սեգ, / Մասիս լեռն է գլուխն արծուի, որ չի թեքում նա երբէք, / Հսկայ արծուի զոյգ աչքերից մէկը ծովն է իր Վանայ, / Միւս աչքին թէ լաւ նայես՝ կ’ասի ծովն եմ Սեւանայ»։ Սիամանթոյի եւ հայրենիքի ողբերգական պատմութիւնն էր որ Շիրազը պատմեց մեզի «Սիամանթօ եւ Խջեզարէ» ստեղծագործութեան մէջ։ Այդ երկարաշունչ քերթուածը լի է սիրոյ խորութիւններով։ Յաջորդ յօդուածի մէջ կը խոստանամ քանի մը մէջբերումով անդրադառնալ այդ երկին։
Ձորերը աւելի խոր են հիմա
Հայ մտաւորականը «խոր» բառը գործածեց որպէսզի իր մտքի խորութիւնները երեւան հանէ։ Կարսեցի իւրայատուկ առակագիր Մկրտիչ Կորիւնը (Կորիւն Մկրտիչեան, 1913-1984) երկտողի մը մէջ ամփոփեց իմաստուն միտք մը. «Թրի կտրածը բուժւում է մի օր, լեզուի կտրածը մխում է միշտ խոր»։ Պարոյր Սեւակը խօսեցաւ հայրենասիրութեան մասին. «Չկայ աւելի խոր զգացում, քան հայրենասիրութիւնը»։ Ապա եկան ուրիշներ եւ այտայայտուեցան կեանքը եւ բնութիւնը ըմբռնելու մասին։ Պոլսոյ մէջ Մատթէոս Զարիֆեան մայրամուտին Մարմարա ծովը դիտեց եւ մրմնջաց. «Երբ իրիկուան ծովը դիտես, / Կը տեսնես խոր իրերն անտես»։ Լեւոն Շանթի համար վերջալոյսի շողերն ալ չէին հարկաւոր տեսնելու համար ճշմարտութիւնը. «Բոլոր մեծ խորութիւնները միայն խաւարի մէջ կարելի է տեսնել»։ Իսկ Համօ Սահեան Լոր գիւղի մէջ սպասեց, որ ամպրոպ ըլլայ, որպէսզի Զանգեզուր աշխարկը ցոյց տայ իր ամբողջ գեղեցկութիւնը. «Ամպրոպից յետոյ / Սարերն աւելի բարձր են երեւում, / Խոր են երեւում ձորերն աւելի»։
Հովիւը մնաց խոր ձորի մէջ
Ձորի խորը… Ներշնչման ի՜նչ աղբիւր հայ բանաստեղծի եւ երգահանի համար… Այդ երգերէն մէկը հայ ժողովուրդին սիրելի Հինգալան է։ Այդ երգի մէջ կայ հովիւի բաժին ինկած «խոր ձորի մէջ» մնալու դժբախտ վիճակը։ Գիտէք, հովիւը հասարակ, սովորական մարդ է, իսկ Հինգալան, ըստ մէկ մէկնաբանութեան, Շումերական բարձրաշխարհիկ դիցուհի։ Երգի մէջ սիրավառ տղան չի արժանանար իր սիրածի սիրոյն, կը նուագէ սիրոյ երգը, իրեն կ’երեւան սիրածի վառ այտերը, անոր բոց աչքերը, ապա, սարի վրայ կը տխրի խեղճ հովիւը՝ կը մնայ խոր ձորի մէջ. «Ա՜յ, խե՚ղճ հովիւ, քեզ բաժին / Խոր ձորեր մնացին, / Հինգալա, Հինգալա»։
Վայրէջքը
Այսօր, միասին վայրէջք մը կատարեցինք հայոց «խոր» բառի պատմութեան խորերը։ Մութ չէր ան, ոչ ալ՝ վտանգաւոր։ Ընդհակառակը տեսանք լուսաւոր միտքեր։ Իսկ յաջորդ յօդուածի մէջ պիտի փորձենք դուրս գալ այդ խոր ձորէն ու երբ անցնինք գեղապաշտներու արահետէն վեր, ինչպէս խոստացայ, պիտի հասկնանք, թէ ո՚ր տաղասացի սիրտը այրեցաւ սիրոյ խորշակով եւ ո՚ր բանաստեղծի հոգին խաւարեցաւ խոր վիշտով։ Իսկ որպէս հրաժեշտի խօսք կը փափաքիմ ձեզի մատուցել Փոքր Ասիոյ խորերը ծնած, Հայաստանի խորագոյն բնակավայրերու մէջ երգ ու ծիծաղ ձայնագրած Կոմիտասի «Հոյ Նազան» երգը, ուր Նազանի եկած ձորերը խոր էին, շատ խոր…
Հո՜յ Նազան իմ, Նազան իմ,
Ջա՜ն, Նազան իմ, Նազան իմ,
Նազան, դու բարով եկար,
Կանաչ սարերով եկար,
Խոր-խոր ձորերով եկար։