Հրանդ Տինք Հիմնարկի մշակած «Քարտէս» ծրագիրը կը միտի զանազան վայրերէ ներս բազմամշակութային սկզբունքով յիշողութեան շրջագայութիւններ։ Այդ շրջագայութիւնները կը կատարուին բջջային հեռախօսներուն յարմարեցուած «Քարտէս» ծրագրի առաջնորդութեամբ։
19 Փետրուայ Չորեքշաբթի երեկոյ հիմնարկի Անարատ Յղութիւն շէնքի մէջ պիտի կայանայ «Քարտէս»ի վերջին ուղեւորութեան ծանօթացումը։
«Քարտէս»ի անձնակազմէն Տամլա Պարընի ողջերթով մեկնարկող ծանօթացման հաւաքոյթի ընթացքին արեւմտեան զանազան համալսարաններէ ակադեմականներ ելոյթներ պիտի ունենան պատմութեան ընթացքին Իսթանպուլի մէջ ըմպելի ջուրի մատակարարման եղանակներուն մասին։
Հռովմէական, Բիւզանդական եւ Օսմանեան Կայսրութիւններու մայրաքաղաքը պատմութեան բոլոր շրջաններուն ապրեցաւ յատկապէս ըմպելի ջուրի մատակարարման խնդիր մը։ Այս է պատճառը որ քաղաքի կեդրոնական հատուածներուն մէջ կառուցուած են ջրամբարներ, աղբիւրներ ու աշտարակներ։
Քաղաքի շրջակայ տարածքներէն ջուր փոխադրելու համար կառուցուած են կամարներ։ Այս բոլորը միասնաբար ընդհանուր տպաւորութիւն մը կը գոյացնեն թէ՛ ըմպելի եւ թէ ոռոգման ջուրի հասանելիութեան առումով։
Ծանօթացման հաւաքոյթին կարելի է մասնակցիլ «Հաւաք» սրահի մէջ, դէմ առ դէմ դրութեամբ եւ համացանցի միջոցով ալ առցանց։ Անհրաժեշտ է նախապէս արձանագրուիլ Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջէն, քանի որ «Հաւաք» սրահի տարողութիւնը 66 հոգի է եւ առցանց ժողովն ալ սահմանուած է 100 մասնակիցներով։
Նաեւ նշենք թէ ծանօթացման ժողովի տեւողութիւնը 1,5 ժամ է եւ զեկոյցները պիտի կատարուին անգլերէնով։