ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Նախապէս Երուսաղէմի Պատրիարքարանին պատկանելով հանդերձ աւելի վերջ առգրաւուած Մար Եաքոբ եկեղեցւոյ սեփականութեան համար բացուած դատը աւարտած է։ Վաքըֆներու ընդհանուր Տնօրէնութիւնը անգոյ համարած էր Մար Եաքոբի վարչութիւնը եւ կալուածները գրաւած։ Երուսաղէմի Պատրիարքարանը այս անօրինութեան դէմ դիմած էր դատարան։ Առաջին դատը բացուած էր 2012-ին։ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատարանին ղրկած բացատրութեան մէջ կը նշէր, թէ հիմնարկը հիմնուած է Սուլթան Սելիմ Ա. արքայի օրով եւ նախագահն ալ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք է։ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնն ալ իր կարգին ծանօթագրութիւն մը պատրաստելով նշած է, թէ հիմնադրամի եկամուտը մինչեւ 1950-ական տարեթիւեր փաստաբաններու միջոցաւ փոխանցուած է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան։ Այս տեղեկութիւններով հանդերձ դատարանը մերժեց Պատրիարքարանի դիմումը։
Նոյն որոշումը կայացուց նաեւ Վճռաբեկ ատեանը, որմէ ետք կարելի եղաւ խնդիրը փոխանցել Սահմանադրական ատեան։ Այստեղ իրաւապաշտպան Ալի Էլպէյօղլու իր տեսութիւնը հիմնեց խնդրոյ առարկայ հաստատութեան օտար հիմնադրամ մը ըլլալուն եւ հետեւաբար Վաքըֆներու Ընդհանուր Միութեան ալ օտար հիմնադրամի մը գործունէութիւնը հսկելու իրաւասու չըլլալուն շուրջ։ Այսպէսով Սահմանադրական Ատեանի որոշումը ուրախութիւն յառաջացուցած է Երուսաղէմի Պատրիարքարանի շրջանակներու մօտ։