Աղէտալի պայթում Պալըքէսիրի մէջ

Տարո­ւայ այս վեր­ջին օրե­րուն ամ­բողջ եր­կի­րը ան­գամ մը եւս ցնցո­ւեցաւ աղէ­տի մը պատ­ճա­ռաւ։ Պա­լըքէ­սիրի գա­ւառա­յին շրջա­նի մէջ գոր­ծա­րանէ մը ներս կա­յացող պայ­թումը 11 բա­նուոր­նե­րու կեան­քեր խլեց եւ 7 հո­գի ալ վի­րաւո­րուած կեր­պով փո­խադ­րո­ւեցան հի­ւան­դա­նոց։

Դէպ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ փամ­փուշտ սար­քող գոր­ծա­րանի մը մէջ, ուր աշ­խա­տող­ներ կը պատ­րաստո­ւէին հեր­թա­փոխու­թեան։

Պա­լըքէ­սիրի կու­սա­կալը յայ­տա­րարեց առա­ջին պաշ­տօ­նական տե­ղեկու­թիւննե­րը՝ ըստ որու պայ­թումի հե­տեւան­քով զո­հուած­նե­րը եւ վի­րաւո­րուած­նե­րը նոյն բա­ժան­մունքի մէջ աշ­խա­տող­ներ էին եւ գոր­ծա­րանի այդ հա­տուա­ծը կը­քած է պայ­թումի հե­տեւան­քով։

Այս պա­հուն տա­կաւին չէ պար­զո­ւած պայ­թումին տե­ղի տո­ւող պատ­ճառնե­րը։

Կու­սա­կալը այս բա­ցատ­րութիւ­նը տա­լէ ետք յա­ւելեց թէ դի­տումնա­ւոր յար­ձա­կու­մի մը հա­ւանա­կանու­թիւնը բա­ցառո­ւած է եւ պայ­թումի բուն պատ­ճա­ռը պի­տի յստա­կանայ հե­տախու­զա­կան աշ­խա­տան­քէ ետք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ