ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հազար սէր, հազար ողջոյն Թոմոյին

«Ակօս»ի այս շա­բաթո­ւայ էջե­րը լե­ցուն են զա­նազան­նե­րու Եդո­ւարդ Թով­մա­սեանի հետ ու­նե­ցած ապ­րումնե­րուն եւ անոր առանձնա­յատ­կութիւննե­րուն մա­սին գրու­թիւննե­րով։

Չեմ ու­զեր ան­մասն մնալ այս ըն­թացքէն եւ ես ալ կ՚ու­զեմ պատ­մել իմ Թո­մօն։

Նախ նշեմ թէ Մա­սիս Քիւրքչիւ­կիլ, Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու, Եդո­ւարդ Թով­մա­սեան եւ ես շատ մը մի­ջավայ­րե­րէ ներս կը պար­զէինք քա­ռեակի մը տպա­ւորու­թիւնը։ Թո­մոյի հրա­ժեշ­տով քա­ռեակը մնաց եռեակ կամ ալ եռո­տանի։ Տես­նենք թէ մեզ­մէ ո՞վ այս եռո­տանին կը վե­րածէ եր­կո­տանիի։ Ինչպէս կ՚ըսենք սո­վորա­բար «քար բեր­նիս»։

Ճա­րահատ ենք մա­հուան դի­մաց։

Ինը գիւ­ղէն վտա­րուա­ծը կը դի­մէ յոյ­սին եւ կ՚ըսէ. «Կէց­ցէ՛ս տաս­նե­րորդ գիւ­ղը»։ Բայց գի­տենք թէ մա­հէն ան­դին գիւղ չկայ։ Այդ պա­հուն կ՚ապա­ւինինք յի­շատակ­նե­րուն։

Իմ Թո­մոյի հետ ծա­նօթա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1971-ին, Շան սի­նեմա­յի բե­մին վրայ։

Քոյրս Սօ­սին պի­տի պա­րէր, մենք ալ ըն­տա­նեօք հրա­ւիրո­ւած էինք մի­ջոցառ­ման։ Պատ­կե­րացում չու­նէի թէ ինչ տե­սակ ներ­կա­յացում մը պի­տի ըլ­լայ։

Դահ­լի­ճի լոյ­սե­րը խա­ւարե­ցան եւ բե­մի լու­սարձակ­նե­րուն ներ­քեւ յայտնուեցաւ երի­տասարդ մը։ Աջ ձեռ­քին ու­նէր բարձրա­խօսը։ Գո­ռացող ձայ­նով մը բա­րեւեց հան­դի­սատե­սը, «Հա­զար սէր, հա­զար ող­ջոյն, հա­զար բա­րի մաղ­թանք ձեր բո­լորին։ Բա­րի եկած էք Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի Սա­նուց Միու­թեան եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին» ըսե­լէ ետք բեմ հրա­ւիրեց միու­թեան այդ տա­րինե­րու ատե­նապետ Թոր­գոմ Պէ­շիք­թաշլեանը։

Այդ առա­ջին տես­նե­լովս հա­մակ­րանք զգա­ցի Թո­մոյի հան­դէպ։ Զգա­ցում մը՝ որ շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ վերջ։

Ան­հա­մար ապ­րումներ կի­սեցինք, բա­զում առիթ­նե­րով միասին ու­րա­խացանք ու միասին տխրե­ցանք։ Այդ բո­լորին մէջ այս պա­հուն կ՚ընդգծո­ւի վեր­ջին ոդի­սակա­նը, որն էր միասին ճամ­բորդել դէ­պի Թաւ­րիզ եւ շրջա­կայ­քը։

Նա­խորդ տա­րուայ աշ­նան ամիս­նե­րուն էր, երբ 20 հո­գիէ բաղ­կա­ցող խումբով մը այ­ցե­լեցինք Ատրպա­տակա­նի Թե­մի տա­րած­քաշրջան։ Վի­պագիր Րաֆ­ֆին էր այս պտոյ­տի մղիչ տար­րը։ ԺԹ դա­րու այս հսկա­յի վէ­պերուն ան­ցած վայ­րե­րը պի­տի տես­նէինք քա­նի մը օրե­րու ըն­թացքին։

Կա­տարե­ցինք այդ ուխտը, մեզ հետ բե­րելով հրա­շալի ապ­րումներ ու յի­շատակ­ներ։ Թո­մօն որ­քան մեծ ոգե­ւորու­թիւն ապ­րած էր, երբ կը հիւ­րընկա­լուէինք Առաջ­նորդա­րանի մէջ Գրի­գոր Արք. Չիֆթչեանի կող­մէ։ Կար­ծես թէ եր­կար տա­րիներ իրար­մէ հե­ռու մնա­ցած հա­րազատ­նե­րու հան­դի­պում մըն էր այդ եւ այժմ զի­րար գրկած են այդ կա­րօտը յա­գեց­նե­լու հա­մար։ Այդ պա­հը ամ­բողջ շրջա­գայու­թեան ամե­նավառ ապ­րումը հան­դի­սացաւ Թո­մոյի եւ ոչ միայն իրեն, այլ մեզ­մէ շա­տերուն հա­մար։

Ու­րա­խու­թիւնով լե­ցուն է մեր միասին ապ­րած բո­լոր յի­շատակ­նե­րը։ Այ­սուհե­տեւ ալ յի­շատակդ ան­թա­ռամ պի­տի մնայ «Արաս»ի լոյս ըն­ծա­յած իւ­րա­քան­չիւր գիր­քով, Եսա­յեան Միու­թեան իւ­րա­քան­չիւր նա­խաձեռ­նութիւ­նով եւ կեան­քի այս պա­հուն աննշե­լի բա­զում պա­հերով։