Մեր սիրելի ընկերոջ՞ Եդուարդ Թովմասեանի պատճառած սուգի մթնոլորտին մէջ թոմոյավայել միջոցառում մըն էր, որ տեղի ունեցաւ 22 Դեկտեմբեր կիրակի յետմիջօրէին Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ։
Այդ օր «Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչատուները միասնաբար ձեռնարկած էին գիրքերու տօնավաճառ մը։ Սեղաններու վրայ դիզուած էին երկու ընկերութիւններու կողմէ հրատարակուած բազմաթիւ գիրքեր՝ որոնք աւելի քան հինգ ժամեր ներկաներուն ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան արժանացան։
Օրուայ համար նախատեսուած էր երեք զրոյցներ։ Անոնցմէ առաջինը նիւթ կ՚ունենար երբեմնի Թաթաւլա թաղը, կիզակէտ առնելով 1929-ին բռնկած հրդեհը եւ անոր ընկերաքաղաքական հետեւանքները։ Հեղինակը՝ Այթէք Սոնէր Ալփան պատմագէտի վայել լրջութեամբ նկարագրեց նախ հրդեհը իբրեւ պատահար եւ ապա այդ հրդեհը շահագործող ազգայնական շրջանակներու թաղի դիմագիծը փոխելու ուղղեալ ջանքերը։ Շուրջ 45 վայրկեան տեւող այս ատենախօսութենէ ետք բեմ բարձրացան «Արաս»ի երեք գրողներ՝ Սիլվա Էօզյէրլի, Թագուհի Թովմասեան եւ Լեւոն Պաղըշ։
Երեքն ալ իրենց զեկոյցը ագուցեցին սուգի գաղափարին։ Յատկապէս տպաւորիչ եղաւ Թագուհի Թովմասեանի կորուսեալ հարազատի մը՝ Մարտիկի մասին պատմածները։
Երրորդ զրոյցի մասնակիցներն էին՝ Մասիս Քիւրքչիւկիլ եւ Ռոպէր Քոփթաշ։ Անոնք իրենց զրոյցը ներկայացուցին «Թոմոյին Արասը» վերնագրի տակ։
Օրը աւարտին հասաւ «Իսթոս» երգչախումբի համերգով։ Երգչախումբը՝ որ բաւական բազմանդամ էր եւ կը դժուարանար տեղաւորուիլ Շիրինօղլու սրահի բեմին, իրենց առաջին կատարումով յարգանք ու տուրք մատուցին Եդուարդ Թովմասեանին, երգելով անոր շատ սիրած երգերէն մէկը, «Զեփիւռ կը դառնամ»ը։ Ապա յայտագիրը շարունակուեցաւ զանազան յունարէն երգերու կատարումով։
Պարտինք նշել թէ «Իսթոս» երգչախումբի կազմին մէջ միայն մէկ յոյն եւ երկու հայեր կան։ Մնացեալը երկրի զանազան ժողովուրդներէն անհատներ էին, որոնք այս երդիքին տակ համախմբուած են յունարէն երգելու համար։
Շիրինօղլու սրահը ամբողջովին լեցուն էր եւ շատեր ստիպուեցան միջոցառման հետեւիլ ոտքի կանգնելով։
Ինչ որ ըսինք գրութեան մուտքին, այս միջոցառումը Թոմոյի թողած աւանդին յարատեւութեան առումով ալ նշանակալից մարտահրաւէր մըն էր։