Դժուարապատում՝ անձնականէն դէպի ընդհանրականը

Տ. ԼԵ­­ՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷ­­ՔԻԵԱՆ

(Նախ­­կին Առաջ­­նորդ Իս­­թանպու­­լի եւ Թուրքիոյ Կա­­թողի­­կէ Հա­յոց)

Լուսահո­գիին մեզ­մէ ան­դարձ մեկ­նումին բօ­թը, ին­ծի հա­մար, բո­լորո­վին անակնկալ եկաւ։ Չհա­ւատա­­ցի քովս նստող ան­­ձին, որ կը տե­­ղեկա­­նար հե­­ռախօ­­սային լրաս­­փիւռէն։ Ստու­­գե՛նք, ըսի։ Ստո­­գիւ, վեր­­ջին ան­­գամ որ տե­­սեր էի մեր սի­­րեցեալ, հան­­գուցեալ Թո­­միկը մի քա­­նի ամիս­­ներ առաջ, լրիւ կազ­­դուրո­­ւած կը թո­­ւէր զինք դա­­րանա­­կալող հի­­ւան­­դութե­­նէն։ Աւա՜ղ բօ­­թը իրա­­կան էր, ճա­­կատագ­­րին խոր­­տա­­­կիչ հա­­րուա­­ծը՝ անո­­ղոք։ Հանգչի՜ յա­­ւեր­­ժութեան անստո­­ւեր լոյ­­սե­­­րուն մէջ։

Նկա­­տի առած ժա­­մանա­­կի եւ մի­­ջոցի սահ­­մաննե­­րը, վա­­րանու­­մի մէջ եմ՝ թէ ի՛նչ ըսեմ, ո՛ւրկէ սկսիմ, շեշտս ո՛ւր դնեմ։ Շատ դրո­­ւատիք­­ներ կա­­րելի է հիւ­­սել լու­­սա­­­հոգիին հա­­մար, որոնցմէ բա­­նիմաց ծաղ­­կա­­­քաղ մը լսե­­ցինք իր դա­­գաղին վրայ, յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան Հա­­յաս­­տա­­­նեայց Եկե­­ղեց­­ւոյ ան­­զուգա­­կանօ­­րէն հո­­գեպա­­րար մե­­ղեդի­­ներուն ըն­­դե­­­լու­­զո­­­ւած։ Կէտ մը՝ որուն կ՛ու­­զեմ սա­­կայն ան­­պայման ակ­­նարկել այստեղ իր բա­­րեհամ­­բոյր, հե­­զաբա­­րոյ խառ­­նո­­­ւածքն էր զրոյ­­ցի ըն­­թացքին, նիւ­­թը ի՛նչ որ ալ ըլ­­լար, փշոտ թէ հե­­զասահ։ Այս ուղղու­­թեամբ պի­­տի ու­­զէի հոս դի­­մել անձնա­­կան վկա­­յու­­թեան մը, միան­­գա­­­մայն որ­­պէս պատ­­մա­­­կան վկա­­յու­­թիւն, նախ քան բնու­­թագրելս խօս­­քիս աւար­­տին այն ինչ որ ին­­ծի կը թո­­ւի իբ­­րեւ իր մե­­ծագույն ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րէն մէ­­կը։

2000 թո­­ւակա­­նի աշ­­նան էր, երկրորդ վե­­րադարձս Թուրքիա, յետ քսան տա­­րինե­­րու «կա­­մաւոր աք­­սոր»իս, ինչպէս կը սի­­րեմ կո­­չել եր­­կար տա­­րինե­­րու հե­­ռակա­­յու­­թիւնս ծննդա­­վայ­­րէս, յետ նոյն տա­­րուան Փետ­­րո­­­ւարի վեր­­ջե­­­րուն եր­­կօ­­­րեայ յոյժ կար­­ճա­­­տեւ, ասու­­պա­­­յին այ­­ցիս։ Հրա­­տարա­­կու­­թեան կը պատ­­րաստո­­ւէր The Armenian Way To Modernity գրքիս Ալ­­թուղ Եըլ­­մա­­­զի հո­­յակա­­պօրէն իրա­­գոր­­ծած թրքե­­րէն թարգմա­­նու­­թիւնը՝ Ermeniler ve Modernite վեր­­նագրով։ Անգլե­­րէն բնագ­­րին մէջ գրե­­թէ երե­­սուն ան­­գամներ կի­­րար­­կեր էի “genocide” բա­­ռը, որ թարգմա­­նուեր էր՝ թրքե­­րէնի մէջ ընդհան­­րա­­­ցած “soykırım” եզ­­րով*։ Այս եզ­­րը բա­­ւական վա­­րանումնե­­րու, նոյ­­նիսկ «վա­­խեր»ու տե­­ղիք տո­­ւեր էր խմբագ­­րութեան մօտ, ինչ որ զգա­­ցի հա­­զիւ ոտք դրեր էի ԱՐԱ­­Սի խմբագ­­րաու­­նը, գրե­­թէ շունչս հոն առ­­նե­­­լով Եշիլ­­գիւղի օդա­­կայա­­նէն։ Այս բա­­ռին գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը այդ թո­­ւական­­նե­­­րուն կրնար նոյ­­նիսկ ծանր հե­­տեւանքներ ու­­նե­­­նալ։ Մա­­նաւանդ որ նոր հրա­­տարա­­կուիլ սկսած «հե­­ղինա­­կաւոր» հան­­դէ­­­սի մը մէջ ան­­ձիս նկատ­­մամբ շատ ծանր, լպիրշ վե­­րագ­­րումներ լոյս տե­­սեր էին, օտար, եւ­­րո­­­պացի (այո՛, այսպէս) մա­­հացած գրի­­չի մը ձեռ­­քէն, որոնք ե՛ւս աւե­­լի սրեր էին վա­­րանումնե­­րու խար­­տո­­­ցը։ Եր­­կու ժա­­մէ աւե­­լի տե­­ւող վի­­ճար­­կում մը սկսաւ, որու ըն­­թացքին ար­­տա­­­յայ­­տե­­­ցի նաեւ տրա­­մադ­­րութիւնս հրա­­ժարե­­լու հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէն, բայց կը մնար ար­­դէն կա­­տարո­­ւած ծախ­­սե­­­րուն հար­­ցը։ Ան­­շուշտ հարց ծա­­գեցաւ նաեւ genocide եզ­­րը՝ նման, բայց նո­­ւազ «վտան­­գա­­­ւոր» եզ­­րով մը փո­­խարի­­նելու մա­­սին, թէ­­պէտեւ խնդրին էու­­թիւնը կը մնար անայ­­լայլ։ Անձնա­­պէս կը հա­­կէի աւե­­լի այս վեր­­ջին լու­­ծումին, բայց խնդրե­­լով եր­­կու օրո­­ւան պայ­­մա­­­նաժամ մը, որ­­պէսզի կա­­րենա­­յի խորհրդակ­­ցիլ չորս բա­­րեկամ, մաս­­նա­­­գէտ, հա­­յու­­թեան մօտ եւ առ հա­­սարակ հա­­յագի­­տական շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ վարկ ու հե­­ղինա­­կու­­թիւն վա­­յելող ան­­ձե­­­րու հետ։ Իրա­­կանին մէջ նուրբ, միան­­գա­­­մայն ծանր հարց մըն էր՝ զոր կը դի­­մագ­­րա­­­ւէինք։ Խոր­­հուրդին դի­­մած ան­­ձե­­­րէս եր­­կուքը հայ էին, հան­­գուցեալ Պրո­­ֆեսոր­­ներ՝ Վլա­­դիմիր Բար­­խուդա­­րեան, Փոխ-Նա­­պագահ ՀՀ Գի­­տու­­թիւննե­­րի Ազ­­գա­­­յին Ակա­­դեմիայի, եւ Ռի­­չըրտ Յով­­հաննի­­սեան, մե­­ծագոյն մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րէն մէ­­կը՝ Մեծ Եղեռ­­նի եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի Ա. Հան­­րա­­­պետու­­թեան, իսկ եր­­կուքը՝ օտար, հան­­գուցեալ Պրոֆ. Եոս Վայ­­թենբերգ, եւ Պրոֆ. Մայ­­քըլ Սթոն։ Բո­­լորն ալ միահա­­մուռ եւ ան­­վա­­­րան, եւ իրար­­մէ բո­­լորո­­վին ան­­կախ կեր­­պով, առա­­ջին հար­­ցումէս իսկ, թե­­լադ­­րե­­­ցին եզ­­րին փո­­փոխու­­թեան վար­­կա­­­ծը, բա­­ցառե­­լով բա­­ցար­­ձա­­­կապէս գրքին հրա­­տարա­­կու­­թիւնը վտան­­գի են­­թարկե­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը։ Որ­­դեգրե­­ցինք այս վար­­կա­­­ծը**։

Ինչ որ կ՛ու­­զէի, սա­­կայն, ընդգծել՝ այ­­լեւս պատ­­մա­­­կան եւ գրե­­թէ ան­­ծա­­­նօթ մնա­­ցած, բայց նշա­­նակա­­լից իրա­­դար­­ձութեան մը այս վեր­­յի­­­շու­­մով, այդ եր­­կու ժա­­մէ աւե­­լի տե­­ւող լուրջ վի­­ճար­­կումի ըն­­թացքին, որ՝ պարզ է՝ կ՛առ­­թէր նաեւ յու­­զումներ, մերթ՝ վրդով­­մունք, Եդո­­ւար­­դի հան­­դարտ, անայ­­լայլ, միշտ հե­­զաբա­­րոյ եւ դրա­­կան լու­­ծումի մը ի խնդիր մեր­­ձե­­­ցումն էր հար­­ցին։ Նոյ­­նիսկ, երբ որոշ պա­­հու մը սե­­ղանի վրայ դրո­­ւեցաւ հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէն հրա­­ժարե­­լու վար­­կա­­­ծը եւ ես ար­­դէն կա­­տարո­­ւած ծախ­­սե­­­րու հար­­ցը բարձրա­­ցու­­ցի, ինք ամե­­նայն հան­­դարտու­­թեամբ եւ վե­­հանձնու­­թեամբ՝ Այդ խնդիր չէ, Վար­­դա­­­պետ, ըսաւ։

Այս «պատ­­մա­­­կան» վեր­­յուշով ու­­զե­­­ցի միայն՝ իրա­­կան, շօ­­շափե­­լի, միան­­գա­­­մա յն նշա­­նակա­­լից օրի­­նակի մը վկա­­յու­­թիւնը ըն­­ծա­­­յել լու­­սա­­­հոգիին խառ­­նո­­­ւած­­քի ու նկա­­րագ­­րի, մա­­նաւանդ վար­­քագծի կար­­կա­­­ռուն եւ գրե­­թէ խորհրդան­­շա­­­կան՝ պի­­տի ըսեմ՝ երե­­սակ­­նե­­­րէն մէ­­կուն։ Բայց ինչ որ իմ կար­­ծի­­­քով Եդո­­ւարդ Թով­­մա­­­սեանի եւ, ան­­շուշտ, իրեն հետ գոր­­ծին ձեռ­­նա­­­մուխ եղող գոր­­ծընկեր­­նե­­­րուն մե­­ծագոյն սխրան­­քը եղած է՝ նոյ­­նինքն ԱՐԱՍ Հրա­­տարկչա­­տան նա­­խաձեռ­­նութիւնն է, ըստ իս։ Մեր ապ­­րած վեր­­ջին երես­­նա­­­մեակին, իս­­թանպու­­լա­­­հայու­­թեան ծո­­ցին մէջ ծնած, ըն­­ձիւղած, հա­­սակ նե­­տած եր­­կու կա­­րեւո­­րագոյն նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րէն մէկն է այն՝ որոնք, առա­­ւել կամ նո­­ւազ չա­­փերով, ձեռնտու եղան հայ մտա­­ւորա­­կան կեան­­քը իր կճե­­պէն, մա­­նաւանդ թէ իր յետ-Եղեռ­­նեան աւան­­դա­­­կան դար­­ձած կեթ­­թո­­­յէն*** դուրս հա­­նելու՝ ԱՐԱՍ հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը եւ ԱԿՕՍ շա­­բաթա­­թեր­­թը։ Կը կար­­ծեմ՝ Արա­­սի այս ուղղու­­թեամբ վաս­­տա­­­կը կրնայ մե­­նագ­­րութեան մը կամ դոկ­­տո­­­րական ատե­­նախօ­­սու­­թեան մը նիւթ դառ­­նալ, մինչ ես պէտք է որ այստեղ հանգրի­­ճեմ խօսքս, ի սրտէ մաղ­­թե­­­լով ան­­շուշտ այս մտա­­ծու­­միս իրա­­կանա­­ցու­­մը։ Բնա­­կանա­­բար, ինչպէս ամէն հան­­գուցեալի հետ­­քե­­­րէն, ի՛նչ դիրք եւ վաս­­տակ ալ ու­­նե­­­ցած ըլ­­լայ, յու­­ղարկա­­ւորին սրտա­­բուխ մաղ­­թանքն ու աղօքն է՝ կրկնե­­լով ինչ որ խօս­­քիս սկիզ­­բը կ՛ըսէի՝ երկնա­­յին յա­­ւեր­­ժա­­­կան այ­­գա­­­բացին ծա­­գու­­մը մեր սի­­րելի Եդո­­ւարդ Թո­­միկի հո­­գիին վրայ։

* Անցողաբար դի­տել տամ՝ որ եւ­րո­պական բա­ռին թէ՛ թրքե­րէն եւ թէ հա­յերէն վե­րածումնե­րուն մէջ կայ հիմ­նա­կան թիւ­րի­մացու­թիւն մը։ Յու­նա­կան genos եւ լա­տինա­կան *caed- (սպան­նել) բու­նե­րէն սե­րող այս նո­րաբա­նու­թեան մէջ, ըստ ՄԱԿ-ի 9 Դեկտ. 1948ի Հա­մաձայ­նագրին (Convention) կող­մէ «Genocide»ի մա­սին տրո­ւած սահ­մա­նու­մին, յու­նա­կան genos բու­նը առ­նո­ւած է ո՛չ թէ իր եր­կու գլխա­ւոր իմաստնե­րէն մէ­կը նշող «տե­սակ»ի, «սեռ»ի կամ «ցեղ»ի, այլ «սե­րունդ»ի (generation) իմաս­տով, քա­նի որ, ըստ այդ սահ­մա­նու­մին, Genocide տե­ղի կ՛ու­նե­նայ՝ երբ «խումբ»ի մը ան­դամնե­րը կը վնա­սուին, առանց թո­ւային բազ­մութեան պայ­մա­նի, լոկ՝ իրենց այդ տո­ւեալ խումբին պատ­կա­նելիու­թեան պատ­ճա­ռով։ Այս «խումբ»երը կրնան ըլ­լալ, ըստ նոյ­նինքն Հա­մաձայ­նագրին մէջ կա­տարո­ւած թո­ւար­կումին՝ «ազ­գա­յին» (այս եզ­րին ֆրան­սա­կան Լու­սա­ւորա­պաշտ փի­լիսո­փայու­թեան սահ­մա­նած առու­մով, որ է «ազ­գութիւն»՝ քա­ղաքա­ցիու­թեամբ որո­շադ­րո­ւած), «էթ­նիկ» («ազ­գա­յին»՝ մեր հայ աւան­դա­կան առու­մով), «ցե­ղային», եւ «կրօ­նական»։ Ու­րեմն «ցեղ»ը՝ genocide-ը որո­շադ­րող չորս հիմ­նա­կան դրդա­պատ­ճառնե­րէն միայն մէկն է եւ այդ ալ՝ ո՛չ թո­ւայ­նօէն, ոչ ալ տա­րաժա­մանա­կային տա­րողու­թեամբ, այլ լոկ հա­մաժա­մանա­կային հար­թա­կի վրայ եւ թո­ւայ­նօ­րէն անո­րիշ առու­մով։ Ուստի Genocide-ը որո­շադ­րող էական, բաղ­կա­րար տար­րը «ցեղ»ը կամ թի­ւը չեն, այլ արար­քին դրդա­պատ­ճա­ռը կամ շար­ժա­ռիթն է, թրքե­րէն “saik”։ Դժբախ­տա­բար, ՄԱԿ-ի սահ­մա­նը, այս իսկ պատ­ճա­ռով, այնպի­սին է՝ որ կրնայ ըն­թացք տալ ան­վերջա­նալի վէ­ճերու, ինչպէս յա­ճախ պա­տահած է ու կը պա­տահի, սպան­դի մը «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» որա­կու­մին կամ ոչ որա­կու­մին առնչու­թեամբ։ Այ­սօր իսկ, մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ, ինչ որ տե­ղի կ՛ու­նե­նայ Գա­զայի մէջ՝ շա­տերու կող­մէ կը մեկ­նա­բանո­ւի իբ­րեւ «ահա­բեկու­մի դէմ պայ­քար»։ Ար­դա­րեւ դժո­ւար է, եթէ ոչ ան­կա­րելի՝ ըստ դի­պաց, գտնել փաս­տա­թուղթեր՝ որոնք մեր­կա­պարա­նոց վկա­յեն «խումբ» մը բնաջնջե­լու դի­ւային դի­տաւո­րու­թեան կամ ծրագ­րի մա­սին։

** Հար­ցը իր վերջնա­կան լու­ծումը գտաւ, գո­նէ այս տո­ղերը գրո­ղին հա­մար, երբ Պոլ­սոյ Հայ Կա­թողի­կէնե­րու առաջ­նորդու­թեան հար­ցով ին­ծի եկած առա­ջար­կին վերջնա­կան հա­ւանու­թիւնս տա­լէ առաջ այ­ցե­լեցի Վա­տիկա­նի մօտ Թուրքիոյ այդ տա­րինե­րու Աւագ Դես­պան՝ Քե­նան Կիւրսօյ Պէ­յի։ Պար­զե­լով ին­ծի եկած առա­ջար­կը, որուն ինք տե­ղեակ էր արրդէն, ըսի որ ես ու­նիմ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին տասնհին­գէ աւե­լի գի­տական, ծա­ւալուն յօ­դուած­ներ, զորս չեմ կրնար մեր­ժել, ու­րա­նալ կամ հեր­քել։ Ինք, ամե­նայն յստա­կու­թեամբ, նաեւ իր ներ­կա­յացու­ցած Պե­տու­թեան անու­նով, հե­տեւեալը ըսաւ. «Դուք հան­գիստ եղէ՛ք։ Ես ինքս կար­դա­ցած եմ Ձեր յօ­դուած­նե­րէն շա­տերը, նաեւ անձնա­կան հե­տաքրքրու­թեան բեր­մամբ։ Դուք Ձեր միտ­քը կը յայտնէք ամե­նայն ան­կեղծու­թեամբ եւ յստա­կու­թեամբ, բայց Ձեր գրու­թիւննե­րուն մէջ չեմ հան­դի­պած նոյ­նիսկ մէկ բա­ռի՝ որ անար­գա­կան կամ վի­րաւո­րական ըլ­լայ Թուրք ժո­ղովուրդին կամ Թուրքիոյ պե­տակա­նու­թեան հաս­ցէին։ Դուք շա­րու­նա­կեցէ՛ք այսպէս եւ հան­գիստ եղէ՛ք»։

*** Իտա­լերէն ghetto բա­ռէն, որ կը գրո­ւի եր­կու t-ով, ինչպէս եւ կը հնչուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ