Նախագահներու համար ներումներ շնորհելու լաւագոյն ժամանակն է Նոր Տարին։ Իսկ հասարակ ժողովուրդը կը սիրէ անցեալը սրբագրել՝ խնդրելով ներողութիւն եւ սկսիլ կեանքի նոր, սպիտակ էջ մը, մինչ Հայաստանի մէջ հանրապետութեան վարչապետը այս շաբաթ զգուշացուց անյուսալի վարկեր ունեցողներուն, թէ «Ներում-բեկում չի լինելու»։ Իսկ ես, յարգելի ընթերցող, որ ներողութիւն խնդրելու բազմաթիւ պատճառներ ունիմ, որոշեցի գրել «ներել» բառի պատմութիւնը, յուսալով, որ բազում մեղքերս կը ստանան քաւութիւն։
Աններելի հիւանդութիւնը
Հայը երբ սկսաւ ընթերցել Աստուածաշունչը, - իր լեզուով, - ծանօթացաւ մարդկային յարաբերութեան նոր տեսակի մը։ Գիրքը ըսաւ. «Ներեցէք ինձ», «Արդ ներեցէք այսմ եւս յանցանաց իմոց», «Ներեա յանցանաց ծառայից Աստուծոյ» եւ ամենէն կարեւորը՝ «Ներել միմեանց»։ Վերջինն է, որ անկասկած, ներշնչեց Նազարէթ անուն տաղասացին, որ տաղաչափեալ խրատ մը գրեց. «Մի՛ բանբասեր փոխանակ բանբասանաց, / Ներեա ատելեաց, համբեր նախատանաց»։ Ծագումը անյայտ է «ներել» բառին։ Բայց, մեր ստուգաբան այրերը հաստատեր են, թէ ան բուն նշանակեր է՝ տոկալ, դիմանալ, հանդուրժել, համբերել, տեղի տալ եւ թոյլ տալ։ Մեր հին մատենագրութիւնն ալ անկասկած հարուստ է «ներելի» եւ «աններելի» արտայայտութիւններով. «Աններելի պատուհաս», «Աններելի տանջանք», «Աններելի դատաստան»։ Իսկ երկարատեւ եւ անկանոն արիւնահոսութենէ տառապող կիներու համար գտայ մէջբերում մը.«Ունէր ախտս աններելիս տեռատեսութեան»՝ այսինքն կինը ունէր անդիմանալի եւ անդիմադրելի վիճակ։
Ներեցէ՚ք, երկար գրեցի
Մեր հիները, - միջնադարու մեղաւորները, - իրենց մեղքերու քաւութեան համար գրեցին բանաստեղծութիւններ, հաւատալով՝ որ բարեխիղճ ընթերցողներս իրենց պիտի շնորհենք երանելի ներում։ Նարեկացին, որ ինքզինք կը կոչէր «աններելիս», պատրաստ էր աղաչելու, եթէ Հայր Աստուած լսէր իր աղօթքին. «Եթէ ներեսցես՝ աղաչեմ»։ Նարեկացին էր նաեւ որ առաջին անգամ գործածեց «ներութիւն» բառը, որ կը նշանակէ՝ ներողութիւն։ Լամբրոնացին առակի մը մէջ խրատական խօսք կատարեց. «Խնամքն աստուծոյ ոչ ներէ, այլ բազում անգամ փրկէ»։ Մեր յայտնի առակագիրը Վարդան Այգեկցին կը զարմանար Աստուծոյ շնորհած ներումներու անսահմանութիւնը տեսնելով. «Զմեղքն իմ յիշեմ եւ զարհուրիմ եւ զարմանամ զԱստուծոյ ներելն, որ կու ներէ չարեաց իմոց»։ Տաղասաց Ազարիա Սասնեցին ներողութիւն խնդրեց, որովհետեւ իր գրածը շատ երկար էր. «Երկար գրելու համար / Արդ աղաչեմ չմեղադրել»։ 1314 թուականին գրի առնուած Հին Կտակարանի յիշատակարանի մէջ գրիչ Յովհաննէսը իր տառասխալներուն համար խնդրեց ներողութիւն. «Աղաչեմ մեղաւորս Յովհաննէս՝ շարադրող տառիս, թողութիւն մեղաց յաստուծոյ հայցել եւ սխալանացս ներել»։ Իսկ պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանը 1297 թուականին երբ Նորավանքի մէջ աւարտեց իր «Պատմութիւն Տանն Սիսակակն» աշխատասիրութիւնը՝ ընդունելով, թէ տկարութիւնը եւ սխալը մարդկային է, խնդրեց, որ ընթերցողները ըլլան գթասիրտ. «Եւ թէ սխալանս ինչ կամ թերի գտանէք ի սմա, յաւելուած կամ պակասութիւն, մի՚ ախտաւոր մտօք պարսաւեսջիք, զի բնութիւն է մարմնոյ գթիլ, եւ տկարանալ ի բանս եւ ի գործս, այլ ողջախոհ կամօք ուղղել եւ աստուածաբար սիրով ներել մեզ»։
Ներեցէ՚ք, բայց անհամաձայն չեմ
Թիւով շատ չեն այն այտայայտութիւնները, որոնք շինուած են «ներել» բառով։ Արդեօ՞ք պատճառը այն է, որ մենք, հայերս, ինքնավստահ, ինքնգլուխ եւ ինքնիշխան ժողովուրդ, շատ ալ վարժ չենք ներողութիւն խնդրելու, կամ՝ ներողամիտ ըլլալու։ Ամենայնդէպս, կայ հինգ-վեց բառ. ներելի, աններելի, ներողամիտ, ներողութիւն եւ ներումն։ Կայն նաեւ «ներողագոյն» բառը. անտեսուած, միայնակ։ Գրիգոր Մագիստրոսն է որ հազար տարի մը առաջ մէկ անգամ գործածեր է զայն. «Ուշեղագոյն եւ ներողագոյն բանիւ»։ Իսկ մեր օրերուն, կը ներէ՚ք, չենք կրնար ըսել, թէ բառս արտայայտիչ չէ։ Առօրեայ խօսքի մէջ հայը «կը ներէք, բայց» կամ «ներեցէք, բայց» ըսելով անհամաձայնութիւն կ’արտայայտէ առաւել երկարելով բանավէճերը։
Սէրը կը ներէ
1900 թուականներն է։ Պոլսոյ մէջ, քնարամիտ քանի մը բանաստեղծ ծունկի կու գան գեղեցկուհիի մը առջեւ ներողոթիւն խնդրելու պատճառով։ Գեղապաշտ էին անոնք, զայս կը մատնէ թէ՚ լուսինը եւ թէ՝ ձիւնը, որոնցմէ իսկ ներողութիւն կը խնդրեն այդ քսանամեայ տղաքը։ Այժմ, յարգելի ընթերցող կ’առաջարկեմ որ մենք ճամբորդենք Պոսֆորի ափերը, եղանակը ըլլայ գարուն, թաղամասը, եթէ առարկութիւն մը չունիք՝ Օրթագիւղ, եթէ չէ՝ Փրինքիփօ իշխանավայել կղզին, կամ Պալարպաշըի բլրակը, ուրկէ Մարմարան կը փայլի։ Ահա հոն, նստարանի մը վրայ կամ շոճիի մը շուքին տակ, հերարձակ օրիորդը կը լսէ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի գրաւիչ տողերը. «Ներեա՚ ինձ, կո՚յս, մի՚ զտարփելի զերեսդ յինէն դարձուցաներ. / Ներեա՚ ինձ, կո՚յս, ներեա՚, հրեշտա՚կը դ»։ Մատթէոս Զարիֆեանը, Փրինքիփոյի թոքախտաւորը, աչքերը յառած լուսինին՝ կը շշնջայ. «Տժգո՜յն լուսին… / Գիտես ներել ցաւերուն. / Ժամեր յետոյ, երբ գինով / Աչքերս երկինք վերցնեմ, / Շիթ մը արցունք կը սպասեմ… / Ներէ՜, լուսին, ցաւս եւ ծո՜վ»։ Միսաք Մեծարենցը, գիշեր էր, լապտեր մը վառած կը գրէ. «Լուսնակ քուրիկիս / Հոգի՜ս էր որ ինկաւ լազուարթ ձեռքիդ տակ։ / Ներէ՚, ա՜հ, ներէ ՜»։ Պետրոս Դուրեանը խոր զղջումով մը խօսք կ’առաքէ Աստուծոյ. «Ո՜հ, ներէ՚ ինձ, Աստուած իմ, / Մօրս արտօսրը տեսի»։ Դանիէլ Վարուժանը կը խօսի իր պահապան հրեշտակին. «Աչքերդ որ գութ կը շողեն․ / Հսկեցին վրաս սիրագին, / Տեսան մեղքերս իմ ամէն՝ / Սոսկացին՝ բայց․․․ ներեցի՜ն»։ Իսկ Ռուբէն Սեւակը, ինչո՞ւ կը զարմանաք, կը խոնարհի Ճերմակ Ձիւնի առջեւ. «Երգը մեռաւ շրթներուս. / Միայն մա՜հ կայ , կաղկանձի՜ւն. / Ներէ՚ ծաղկող ծիլերուս, / Ճերմակ Ոչինչ, ճերմա՜կ Ձիւն»։
Արաքս գետի մեղաւորները
Արաքս գետի ձախակողմեան ափը, որ ծնունդ տուաւ Խորհրդահայ գրականութեան, ներողութիւն խնդրելու կամ շնորհելու ի՚ր պատճառները ունէր։ Նախ Շիրազը լսենք, այն բանաստեղծը, որ անքուն մնաց ամբողջ գիշեր. «Այս գիշեր, քոյր իմ, մինչեւ լուսաբաց / Ես քեզ հետ էի երազներիս մէջ, / Հեկեկում էիր, գլուխս գրկած, / Քեզ ներում էի երազներս մէջ»։ Համօ Սահեանը ցոյց տուաւ վսեմութիւն. «Քո խոնարհ ջրկիրն եմ եղել, / Եղել եմ՝ եւ տէրդ։ / Ինչքան որ ուժերս ներել է, / Ներել եմ մեղքերդ»։ Չարենցը ծոուածաւալ սիրտ ունէր ներելու. «Ամէ՚ն մեղքի համար սիրտս հիմա ունի ներում»։ Իսկ Սեւակը մեզի բացատրեց, թէ ինչո՚ւ պէտք է ներել. «Մենք ներում ենք / Ամէ՚ն անգամ / Ու լոկ այնքա՚ն, / Որքանով որ կատարուածը հասկանում ենք»։
Ներեցէք երգիս համար
Հայկական երգարուեստի հին էջերու մէջ գոյութիւն չունի «ներել» բառը։ Ո՛չ Սայաթ Նովան, ո՚չ Նաղաշը, ո՚չ ալ Ճիւանին խնդրեցին ներողութիւն։ Պատճառը այն է, որ, անկասկած, սէրը ցաւ չէ պատճառած, ան չէ եղած դառն եւ յօշոտող, պատճառ չէ եղած խոշոր արցունքներու, ամօթի եւ մեղքի թելեր չեն խճճուած մերկ ոտքերուն։ Այդ բոլորը, յարգելի ընթերցող, կը պատահին մերօրեայ երգերու մէջ, մերօրեայ սէրերու մէջ։ Լաւագոյն օրինա՞կը։ Ռոբերտ Ամիրխանեանի երգն է, «Ներիր ինձ», հիւսուած՝ Ալիսիա Կիրակոսեանի խօսքերու վրայ։ Լսենք քանի մը տողիկ.
Ներիր ինձ,
Ես քեզ ցաւ եմ պատճառել։
Սերը այդպէս է,
Դառն է, յօշոտող…
Եւ դու չես կարող
Հասկանալ թէ ես
Ինչու եմ վայրի,
Եւ ինչու եմ ես
Լալիս այսպիսի
Խոշոր արցունքով…
Ամօթխածութեամբ,
Եւ մերկ ոտքերին
Մեղքի թելեր են
Խճճուել ահա…
Այժմ, յարգելի ընթերցող, կէս գիշերային այս ժամերուն, ապաւինելով ձեր ներողամտութեան, հրաժեշտ պէտք է որ տամ։ Իսկ դուք, գրութեանս մէջ սխալանք կամ թերութիւն գտնէք, աւելորդ խօսք կամ պակասութիւն նկատէք, մի՚ պարսաւէք, քանզի մարդու բնութիւնն է վրիպիլ, խօսքի եւ գործի մէջ տկարանալ, այլ՝ բարի կամքով եղէ՚ք ներողամիտ։ Ահա մէկ այլ երգ, հրաժեշտի խօսքեր… Ռուբէն Քամալեանն է, որ ներողութիւն կը խնդրէ իր չգործած մեղքերու եւ դեռ չգրած երգերու համար։ Ներեցէ՚ք միմեանց։
Իմ չգործած մեղքի համար