Մահ Սիւզան Հատտէճեանի


Վերջերս երբ որ յու­ղարկա­ւորու­թեան մը ըն­թացքին մար­դիկ իրար կը տես­նեն, կ՚ափ­սո­սան սի­րելի­ներու իրա­րայա­ջորդ մա­հուան պա­տահար­նե­րուն։ Յայտնի է որ մա­հաբեր հրեշ­տա­կը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կէ սի­րելի կեան­քեր խլել մեր հա­սարա­կու­թե­նէն։

Այդ ծի­րէն ներս ցա­ւով վե­րահա­սու եղանք Տի­կին Սիւ­զան Հատ­տէ­ճեանի մա­հուան բօ­թին։ Հատ­տէ­ճեան տան եթէ գլխա­ւոր գե­րանն է մեր շատ սի­րելի Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանը, նոյն տան գլխա­ւոր սիւնն էր նաեւ իր սի­րելի կո­ղակի­ցը Սիւ­զան Հատ­տէ­ճեանը։

Անոնց միաս­նութիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ ամ­բողջ 73 տա­րիներ, ուր ծաղ­կե­ցան եր­կու որ­դի­ներու կազ­մած ըն­տա­նիք­նե­րը ծե­րու­նա­զարդ ամու­սիննե­րուն պար­գե­ւելով թոռ­ներ ու ծոռ­ներ։

Կաս­կած չկայ որ պատ­կա­ռելի տա­րիքին հա­սած այս մա­հը մխի­թարա­կան բա­զում բա­ցատ­րութիւններ ու­նի բո­լորին հա­մար, բա­ցի սի­րելի Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանէ, որ ինք եւս պատ­կա­ռելի տա­րիքով զրկո­ւեցաւ ամե­նասի­րելիէն։

Ող­բա­ցեալին հո­գետանջ ոս­կորնե­րուն խա­ղաղու­թիւն մաղ­թե­լու պա­հուն, մնա­ցեալ­նե­րուս երա­նու­թիւն կը վի­ճակի ակա­նատես ըլ­լա­լու աւե­լի քան 73 տա­րիէ ի վեր վառ մնա­ցած եւ իր շուրջ ալ ջեր­մացնող սէ­րի մը։

Կը ցա­ւակ­ցինք մեր պաշ­տօ­նակից­ներ Ռո­պէր, Արի եւ Այգ Հատ­տէ­ճեան­ներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ