Հայոց ցեղասպանութեան վերջին ականատեսներէն Լուսին Պերեճիքլեան 21 Փետրուարին, 106 տարեկան հասակին մահացաւ Արժանթինի մէջ։ Ծնած էր 1909-ին Այնթապ։ Տարագրութեան տարիներուն ընտանեօք գաղթեցին դէպի Սուրիա։ Գաղթի ճանապարհին կորսնցուց մայրը, իսկ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին ալ հայրը։ Ինք ալ հետեւեցաւ եղբայրներուն ուղղութեան եւ 1926-ին աւագ քրոջ հետ միասին հասաւ Հարաւային Ամերիկա։
Պերեճիքեան 2015-ին ցեղասպանութեան մասին իրեն ուղղուած հարցումի մը պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Աւելի լաւ է չյիշել այդ օրերը։ Այդ յիշատակներուն երեսէն գիշերները չեմ կրնար քնանալ»։