Բարեկենդան օրեր է, խելքս գլխէս կորեր է

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetina@gmail.com

Առաջաւորաց պա­սէն սկսեալ մինչ Մեծ Պա­­­սի օրե­­­րը հա­­­յոց գա­­­ւառ­­­նե­­­­­­­րում Բա­­­րեկեն­­­դան օրեր է, ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան, կե­­­րու­­­խումի, զուար­­­ճութիւննե­­­րի օրեր է։

Բա­­­րեկեն­­­դա­­­­­­­նի երկշա­­­բաթեայ օրե­­­րի ըն­­­թացքին ժո­­­ղովուրդն այնքան կ՚ու­­­տէր, այնքան կը խմէր, որ ամէն օր մէ­­­կի տու­­­նը կը պար­­­պէր։

Ոչ­­­խար, գառ, կով, թռչնե­­­ղէն կը մոր­­­թէին իրենց բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րու հետ միասին օր­­­նի­­­­­­­բուն կ՚ու­­­տէին ու կը խմէին, այնպէս որ օրը Փո­­­րեկեն­­­դան անու­­­նը կը ստա­­­նար։

Եր­­­կուշաբ­­­թի՝ 2, երեք­­­շաբթի՝ 3, չո­­­րեք­­­շաբթի՝ 4... շա­­­բաթ՝ 7, իսկ կի­­­րակի՝ շուրջ 12 կե­­­րակ­­­րա­­­­­­­տեսակ պի­­­տի լի­­­նէր ար­­­ցախցու սե­­­ղանին։ Վերջ ի վեր­­­ջոյ կո­­­վի կա­­­թը կը խմէին, մէյ մըն ալ ձու կը խա­­­շէին «բե­­­րան­­­նե­­­­­­­րը ձո­­­ւով կը փա­­­կէին», որ մին ալ Զատ­­­կին կար­­­միր 
ձո­­­ւով բա­­­նան։

Այս առ­­­թիւ կը պատ­­­մեն, որ քրտին մէ­­­կը այդ օրե­­­րին հա­­­յու տուն հիւր կը լի­­­նի, կը տես­­­նէ, որ ամ­­­բողջ օրը կ՚ու­­­տեն, քնա­­­նալու ատեն ամու­­­սի­­­­­­­նը կնո­­­ջը կ՚ը­­­սէ թէ «կնի՜կ, ապա մի բան մո­­­ռացանք, չկե­­­րանք»։ «Ի՞նչ», - կա­­­սէ կի­­­նը։ «Զկով կթե՞ր ես»։ «Քա մարդ, ինչ աղէկ որ միտքս բե­­­րեցիր, սպա­­­սիր, մի քնիր, գնամ կո­­­վը կթեմ, կա­­­թը ու­­­տենք, ապա քնա­­­նանք»։ Քիւրտը միւս կող­­­մէ վրայ կը բե­­­րէ. «Ապա մի բան էլ մո­­­ռացել էք, տոպ­­­րա­­­­­­­կիս մէջ կտոր մը չո­­­րահաց կայ, թէ ձեր Բա­­­րեկեն­­­դա­­­­­­­նը կը սի­­­րէք, ան ալ կե­­­րէք»։

Ու­­­տել-խմե­­­լուն զու­­­գա­­­­­­­հեռ ամեն­­­քը կը պա­­­րեն, կ՚եր­­­գեն, կը խա­­­ղան ու կը զը­­­ւար­­­ճա­­­­­­­նան. տեղ մը փոքր երե­­­խանե­­­րը վէգ կամ ձնթոփ կը խա­­­ղան, մէկ այլ տեղ աղ­­­ջիկնե­­­րը՝ ջին­­­ջի (ճլոր­­­թի, ճ­օճախաղ), քիչ հե­­­ռու տղա­­­քը կը գո­­­տեմար­­­տեն, ձիար­­­շաւներ, մա­­­կանա­­­խաղեր (ջրինդ), լախ­­­տի, մատ­­­նի ու այլ մրցա­­­խաղեր կը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պեն։

Այդ օրե­­­րին օյին­­­ներ ու թա­­­տերա­­­կանա­­­ցուած ներ­­­կա­­­­­­­յացումներ, «կռիւ-կռիւ», «Աւա­­­րայ­­­րի ճա­­­կատա­­­մարտ» կը խա­­­ղան, մեծ ու փոք­­­րի սո­­­վորու­­­թա­­­­­­­յին հա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րը գլխի­­­վայր շուռ կու գան, պզտի­­­կը տա­­­տին կը հան­­­դի­­­­­­­մանե, սի­­­րահար զոյ­­­գե­­­­­­­րը մէկ­­­մէկու ձեռք բռնած ան­­­կաշկանդ կը պա­­­րեն, աշա­­­կերտնե­­­րը վար­­­ժա­­­­­­­պետին «դաս կու տան». աբե­­­ղաթող, վար­­­դա­­­­­­­պետա­­­թող օրեր են, թոյ­­­լատրե­­­լի է։

Վա­­­րան­­­դա­­­­­­­յում Բուն Բա­­­րեկեն­­­դա­­­­­­­նին երի­­­տասարդնե­­­րը իրենց մի­­­ջէն կ՚ընտրէին առա­­­ւել ճար­­­պի­­­­­­­կին, ցնցո­­­տիներ կը հագցնէին, վրան՝ ոս­­­կորներ, գլխին՝ գզգզը­­­ւած գլխարկ, երե­­­սը կը մրո­­­տէին ու մի էգ աւա­­­նակի վրայ նստեց­­­նե­­­­­­­լով՝ զուռնա-դհո­­­լի տակ ման կու տա­­­յին տնէ­­­տուն՝ «բէ­­­կը կամ էշակ պա­­­րոնը գա­­­լիս է, հա՜, ճամ­­­բայ բա­­­ցէք» գո­­­ռալով։ Սա տար­­­բեր ծա­­­մած­­­ռութիւններ ու մէյ­­­մունու­­­թիւններ կը­­­նէր եւ նրա «ծա­­­ռանե­­­րը» ժո­­­ղովրդէն դրամ, ու­­­տե­­­­­­­լիք, քաղցրա­­­ւենիք կը հաւ­­­քէին, ապա երե­­­կոյեան խմբով կ՚ու­­­տէին ու կը վա­­­յելէին բա­­­րեկեն­­­դա­­­­­­­նի գի­­­շերը։

Սի­­­սիանում այս ծաղ­­­րա­­­­­­­ծուին «փա­­­շա» կը­­­սէին, կար­­­միր շո­­­րեր կը հագցնէին, թուր կը կա­­­պէին, կրծքին նշան­­­ներ կը խփէին։ Քա­­­նի մը հո­­­գու ալ ծա­­­ռանե­­­րի շո­­­րեր կը հագցնէին ու այդպէս կը շրջէին գիւ­­­ղով։ Խուռն բազ­­­մութիւ­­­նը կը հե­տեւէր նրանց։ «Փա­­­շան» մարդկանց կը կանգնեց­­­նէր, հար­­­ցեր կու տար, մի­­­մոսու­­­թիւններ կ՚ը­­­նէր եւ ի վեր­­­ջոյ տու­­­գանք կը պա­­­հան­­­ջէր, որը «ծա­­­ռանե­­­րը ստի­­­պողա­­­բար կառ­­­նէին»՝ փող կամ ու­­­տե­­­­­­­լիք։

Ետ­­­քը քեֆ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան ժամն էր, որի ըն­­­թացքում կրքերն այնքան կը տաք­­­նա­­­­­­­յին, որ պա­­­րերը կը վե­­­րած­­­ուէին կռիւ­­­նե­­­­­­­րի. ահել ջա­­­հել­­­նե­­­­­­­րը իրենց ատրճա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն ու հրա­­­ցան­­­նե­­­­­­­րէն կը կրա­­­կէին, դա­­­շոյննե­­­րով զա­­­նազան վտան­­­գա­­­­­­­ւոր շար­­­ժումներ կ՚ը­­­նէին պա­­­րերի ըն­­­թացքին, յա­­­ճախ մար­­­դիկ կը վի­­­րաւո­­­րուէին կամ կը մա­­­հանա­­­յին։

Ապա կենտ պա­­­րերը հետզհե­­­տէ կը բո­­­լորէին շուրջպա­­­րերի՝ իւր պա­­­րագլխով, հետզհե­­­տէ արա­­­գանա­­­լով, պա­­­րագլխի շար­­­ժումնե­­­րի (ծափ տալ, գլխարկ հա­­­նել, կող­­­քի­­­­­­­նի ական­­­ջը քա­­­շել, զա­­­նազան կեն­­­դա­­­­­­­նինե­­­րի ձայ­­­ներ հա­­­նել եւ այլն) կրկնու­­­թեամբ։

Բա­­­րեկեն­­­դա­­­­­­­նի օրե­­­րին է, որ աշու­­­ղը կը յայ­­­տա­­­­­­­րարէր թէ այս ինչ տա­­­նը այս ինչ օրը հե­­­քիաթ պի­­­տի կար­­­դայ։ Բո­­­լորը՝ մա­­­նուկ թէ ծե­­­րուկ, կը հա­­­ւաքո­­­ւէին այդ տա­­­նը, մեծ ոգեշնչու­­­մով լսե­­­լու իրենց սի­­­րելի հե­­­քիաթ­­­նե­­­­­­­րէն մի­­­նը՝ «Հա­­­զարան Բլբու­­­լը», «Քյո­­­ռօղ­­­լին», «Քյա­­­րամն ու Աս­­­լին», «Շահ Իս­­­մա­­­­­­­յիլը»...

Աշուղն ալ իր դե­­­րի մէջ է՝ սա­­­զը թե­ւին, մա­­­շիկ­­­նե­­­­­­­րը հա­­­գած, նոր շո­­­րերով կը շրջէ սեն­­­եա­­­­­­­կում եւ ծխամրճի ծու­­­խը տա­­­րածե­­­լով կը պատ­­­մէ հե­­­քիաթը։ Ամեն­­­քը պա­­­հի մէջ կը տե­­­ղափոխ­­­վեն դիւ­­­ցազնա­­­կան-կա­­­խար­­­դա­­­­­­­կան աշ­­­խարհը՝ հե­­­քիաթի հե­­­րոս­­­նե­­­­­­­րու հետ կ՚ապ­­­րեն նրանց յու­­­զումներն ու ոգե­ւորու­­­թիւնը։

Աշու­­­ղը կը մօտենայ ծխող մարդկանց, շունչ քա­­­շելով կուլ կու տայ նրանց ծխա­­­խոտ­­­նե­­­­­­­րու թանձր ծու­­­խը, ապա քու­­­լա­­­­­­­ները քթանցքնե­­­րէն ամ­­­պի պէս դուրս տա­­­լով «Հէ՜յ պա­­­րոն­­­ներ» գո­­­չելով կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ հե­­­քիաթը։ Ապա աշու­­­ղը ձեռ­­­քը կ՚առ­­­նէ սա­­­զը եւ երի­­­տասարդ հան­­­դի­­­­­­­սատես­­­նե­­­­­­­րու հետ կ՚եր­­­գէ սի­­­րահար սրտե­­­րու եր­­­գե­­­­­­­րը։ Մարդկանց ոգե­ւորու­­­թեանը չափ ու սահ­­­ման չկար։