Թալին Սուճիեանի «Արդի Թուրքիոյ մէջ հայերը՝ յետ եղեռնեան շրջանին հասարակութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ պատմութիւնը» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսաւ Այշէ Կիւնայսոյի թարգմանութեամբ։ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած այս կարեւոր ուսումնասիրութեան մասին զրուցեցինք հեղինակին հետ։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Գիրքը 1940-50-ական տարեթիւերուն Թուրքիոյ հայ հասարակութեան խնդիրները կը քննարկէ ընդհանրապէս հետեւելով այդ տարիներու հայ մամուլին։ Կը տեսնենք, որ ի դէմ բոլոր դժուարութիւններու այդ տարիներուն այսօրուայ հետ բաղդատելով շատ աւելի աշխոյժ մամուլ մը կայ մեր դիմաց։ Կը բաժնե՞ս այս կարծիքը։
Ուսումնասիրութեանս տեւողութեամբ ես ալ զարմանքով դիտած եմ այս երեւոյթը։ Օրաթերթեր, պարբերականներ, տարեգիրքերով հարուստ հրատարակչութեան աւանդոյթի մը գոյութիւնը ինծի համար ալ ուշագրաւ եղած է։ Զարգացումներուն դէմ հակազդող մերթ ընդ մերթ արգիլուող պատմական, ընկերային եւ քաղաքական վէճերու գետին ստեղծող մամուլ մը կայ մեր դիմաց։ Երեւի թէ այս երեւոյթը քանի մը պատճառներ ունի։ Անոնցմէ գլխաւորը հայկական վարչամեքենայի ապրած ընդհատումն է։ Հայերը ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն մինչեւ 1922 շատ դանդաղ զարգացումներով ալ ըլլայ փորձած են վառ պահել իրենց վարչական աւանդոյթը։ Պետութիւնը ցեղասպանութենէ ետք որդեգրած էր ուրացման ռազմավարութիւն մը եւ այդ ռազմավարութիւնը կը պահանջէր Օսմանեան կայսրութեան կանոնագիրներէն ծագող իրաւունքներու անգործածելի դառնալը։ Այդ բոլորին մէջ մամուլը կը մնար միակ միջավայրը, ուր կարելի պիտի ըլլար տարաբնոյթ խնդիրներու քննարկումը։ Անշուշտ այս ալ պիտի ունենար իր սահմանները, օրինակի համար «Ազդարար» թերթը պիտի փակուէր Անտիոքի Թուրքիոյ միացման նիւթին արժանի ոգեւորութեամբ անդրադարձած չըլլալուն համար։ Այս մասին կը գործադրուէին զանազան օրէնքներ, որոնք դամոկլեան թուրի մը նման կը ճօճուէին մամուլի գլխուն։ Կարելի է ըսել, որ ընդ միշտ արտակարգ իրավիճակներ ներկայացնելով երկրի ժողովուրդին դէմ կանխամիջոցներ ձեռք բերելու ռազմավարութիւնը յարատեւ կերպով գործած է։ Հայերէն հրատարակչութեան գոյատեւման ազդակներէն մէկն ալ անոր անհրաժեշտութիւնն էր։ Իմ ուսումնասիրած ժամանակահատուածի խմբագիրները, յօդուածագիրները, մտաւորականները վերապրողներու սերունդին կը պատկանէին։ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ծնած, ընդհանրապէս արեւմտահայերէնի քաջաբար տիրապետող եւ բացի թրքերէնի եւրոպական լեզուներու ալ տիրապետող մտաւորականութեան մը մասին է խօսքը։ Նոր թերթեր կը հրատարակուէին, հրատարակուողները կ՚արգիլուէին եւ մարդիկ կը հետեւէին նաեւ տարեցոյցներուն։ Կարելի է այդ թերթերու միջոցաւ հետեւիլ երկրի օրակարգին։ Ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանի հրամայականներէն մէկն ալ այս աշխուժացման վերջ տալն էր։
Նաեւ նախընտրուած եղանակներէն մէկն էր հասարակութեան գաղթելու ստիպուիլը։
Գիրքիդ մէջ բաւական կարեւոր բաժին յատկացուցած ես 40-50-ական թուականներու հայ մամուլին։ Հայերու ապրած խնդիրներուն, իշխանութեան եւ ազգայնական մամուլէն ուղղուած հալածանքներուն դիմադրելու գործընթացին մէջ մամուլը այդ ժամանակ ալ բաւական կարեւոր դիմադրութիւն մը ունեցած է։ Ինչպէ՞ս կը մէկնաբանես այդ աշխոյժ միջավայրը։
Գէորգ Հալաճեանի 1932-ին հրատարակուած յուշերուն մէջ շատ յստակ կերպով կը տեսնենք Տիյարպէքիրի մէջ վերապրած հայերու ձուլման համար գործադրուած ճնշումները։ Այս մասին 1915-ին ալ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած Շերեֆ Ուլուղի ըսածները կ՚ապացուցեն թէ այդ ձուլման ծրագիրը որքան մանրամասնութեամբ մշակուած է։ Ամենակարեւորը, քաղաքի բնակչութիւնն ալ, յատկապէս տեղացի քիւրտերը ամբողջովին մասնակցած են մնացեալ հայութեան ալ հետզհետէ վախի ու սարսափի մթնոլորտի մէջ նախ իբրեւ գաղթական Պոլիս եւ ապա Եւրոպա կամ ԱՄՆ գաղթելուն։ Իսկ Պոլիս տուեալ պայմաններու մէջ բացօթեայ բանտի մը վերածուած էր ոչ իսլամ ժողովուրդներու համար։
Արդարեւ 20 դասակարգի զինակոչը, թրքախօսութեան արշաւը, ունեւորութեան տուրքը, 6-7 Սեպտեմբերի վայրագութիւնը եւ նման յետեղեռնեան դէպքերը անջատ պատահարներ չեն, այլ մէկ նպատակի ուղղուած ու իրար ամբողջացնող ընդհանուր ծրագրի մը մասնիկները։ Ուրացման նախապայմանն է մեղսակցութիւնը եւ նման միջոցներով ալ այդ մեղսակցութիւնը ու իր հետ ալ ուրացումը յարատեւ կը դառնար։
Նման ծանր հալածանքի մատնուած հաւաքականութիւնը իբրեւ անվտանգութեան միջոց հետզհետէ իւրացուց անձայնութիւնը, նոյնիսկ մերժումը։ Այս բոլորով հանդերց պոլսահայութեան այժմու գոյութիւնը ինքնին ուսումնասիրելու արժանի երեւոյթ մըն է։
Վերադառնանք գիրքին, Հանրապետական շրջանին, յատկապէս ալ 30-ական եւ 40-ական թուականներուն միւս փոքրամասնութիւններու հետ միասին հայերն ալ մեծ զրկանքներ ապրած են։ Կը տեսնենք, որ մանաւանդ հայերուն իրենց բնօրրանէն հեռանալուն ուղղուած ճնշումներ գործադրուեցան։ Այս եղածները 1915-ին շարունակութիւնը ըլլալով կրնա՞նք տեսնել։
Այս գիրքը կը մերժէ Օսմանեան կայսրութենէ դէպի հանրապետական շրջան անցման պահուն բեկանումի մը վարկածը։ Յատկապէս օտարալեզու պատմագրութեան մէջ յաճախ ակնարկուած է այդ բեկանումի վարկածին։ Այսինքն կ՚ըսուի թէ հանրապետական Թուրքիոյ հիմնադրութեամբ ոչ միայն պետութիւնը, նաեւ ժողովուրդը յանկարծակի կերպով «նոր» դարձած են։
Միւս կողմէ կը տեսնենք, որ հայոց ներքին վարչամեքենան ալ խորտակուած է։ Յատկապէս 1863-ի սահմանադրութեան վրայ ձեւաւորուած կառոյցներու յանկարծակիօրէն սնանկացումը համայնքի բոլոր գործերուն համար կառավարութեան նախասիրութիւնը պարտադրեց։ Այսպէս կրնա՞նք գնահատել։
Հանրապետութեան գլխաւոր խնդիրներէն մէկն ալ, կայսրութեան շրջանի ազգային եւ օրինական ձեռքբերումները վերացնել եղաւ։ Կայսրութիւնը որդեգրած էր ազգերու համակարգը։ Իսկ հանրապետութիւնը մերժելով ազգերու գոյութիւնը, 1863-ի հայոց ազգային սահմանադրութիւնը անգոյ համարեց։ Փոխարէնը խոստացաւ բոլոր քաղաքացիներու հաւասար իրաւունքներ վայելելու կարելիութիւնը։
Մինչեւ հիմա ընդհանրապէս խօսեցանք 1930-ական, 40-ական եւ 50-ական թուականներու մասին։ Իշխանութիւնը այդ տարիներուն ալ կը հսկէ՞ հայ մամուլը։
Իշխանութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր ալ մօտէն կը հետեւի հայ մամուլին։ Եւ ոչ միայն երկրի, այլ համաշխարհային հայ մամուլը օր ըստ օրին կ՚ուսումնասիրուէր հայերէնի թարգմանիչ Միթհատ Աքտորայի կողմէ։ Ան Զաւէն Պիպեռերեանի, «Նոր Լուր»ի հրատարակիչ Վահան Թոշիկեանի, Արամ Փեհլիվանեանի, կարճ խօսքով հայ մամուլի մէջ ներկայացող բոլորին համար տեղեկագիրներ կը պատրաստէր։ Այդ տեղեկագիրները հաւանաբար թերթերու արգիլուելուն կամ տպուած օրինակներուն առգրաւման պատճառաբանութիւնը կը կազմէին։ Այս կիրարկումները կը գործադրուէին «Տպագրութեան օրէնք»ի սահմաններով։ Կար նաեւ «Տպագրութեան ընդհանուր տնօրէնութիւն»ը, որ «Արտաքին գործոց նախարարութիւն» տանող ճամբուն քարերով պատուած է։ Մարդիկ այստեղ, հայկական բաժնի տեղեկագիրները ուսումնասիրելով կը հմտանային իմանալու թէ ի՞նչը պատեհ կամ անպատեհ է, ինչի՞ կարելի է հանդուրժել կամ ոչ։
Վարչապետական արխիւներու մէջ աշխարհի տարբեր երկիրներէն արգիլուած, առգրաւման որոշում կայացուած թերթերու եւ այլ հրատարակութիւններու ցանկեր կան։ Կը պահանջուէր այդ հրատարակութեանց երկրի մէջ գտնուած օրինակներուն առգրաւումը։ Սկիզբը չէի կրցած պատկերացնել թէ ինչպէ՞ս պիտի գործադրուի այդ առգրաւումը։ Ապա բանաւոր տեսակցութիւններու ընթացքին տեսայ թէ այդ առգրաւումը իրականացուցած են բնակարաններու խուզարկութեան միջոցաւ։ Ոստիկաններ թէեւ կ՚ունենային արգիլուած մամուլի ցանկ, բայց առհասարակ հայատառ ամէն բան արգիլուած կը համարուէր։ Նման գործադրութեան հետեւանքով հայերը իրենց ձեռքով քանդեցին սեփական մշակոյթը։
Ունեւորութեան տուրքի, 20 դասակարգ զինակոչիկներու գոյացուցած միջավայրին մէջ հայերը երկրէ դուրս տեղի ունեցած ամէն զարգացումի հետ թիրախ ցոյց տրուեցան։ Այս հանգրուանին հայ մամուլը երբեմն ատելութեան պատգամներ պարունակող գրութիւնները արտատպելով, երբեմն ալ «Նոր օր»ի Զաւէն Պիպեռեանի կամ Արամ Փեհլիվանեանի նման մտաւորականներու յստակ դիմադրութեամբ ձայն բարձրացուց։ Հաւանաբար «Նոր Օր», «Նոր Լուր» եւ այդ սերունդի մտաւորականները աւելի յատուկ դիրքի մը մէջ դիտել պէտք է։
Ուրացումին կամ մերժումին այսքան համատարած եղած պայմաններուն տակ «Նոր Օր»ի հրատարակութիւնը թէ շատ հասկնալի է, եւ թէ նոյնքան անհաւատալի։ Այս աստիճանի խիզախ անձնակազմի մը յայտնութիւնը անշուշտ որ պատահական չէ։ Կը գիտակցէին թէ իրենց գոյութիւնն ալ, ոչնչացումն ալ ուրացուած է։ «Նոր Օր»ի գրողներու առարկութիւնները, նոյնիսկ սեփական կեանքը թաղուեցաւ ուրացումին այդ ամէն բան կուլ տուող պատին խաւարին մէջ։
Եթէ «Արաս»ի հրատարակութիւնները չըլլար, մարդիկ անոնց անուններն ալ լսած պիտի չըլլային։ Արամ Փեհլիվանեան կամ Զաւէն Պիպեռեանի նման մեծ պաշար ունեցող մտաւորականները ճիշդ ալ այս պատճառաւ անտեսուած են թուրքիոյ պատմութեան մէջ։ Անտեսուած են սերնդակից, ժամանակակից մտաւորականութեան կողմէ։ Անտեսուած են իրենց ալ անդամակցած ձախակողմեան շարժումներուն կողմէ։ Մերժուած են հայու ինքնութեան պատճառաւ։ Բոլորին իր ազգային պատկանելութեամբ ճանաչում գտած, այդ պատճառաւ հալածուած, տարագրուած, աքսորուած, սպաննուած պատմական անցեալէ մը ետք, թուրք ձախակողմեան միտքը յանկարծ բոլոր հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, հրեաներուն, նեստորականներուն, քաղդէացիներուն, ալեւիներուն կամ քիւրտերուն մատուցեց «մարդկութիւն»ը։ Պահանջեց ուրանալ իրենց ինքնութիւնը եւ ներկայանալ համամարդկային ամբողջութեան։
«Նոր Օր»ի Աւետիս Ալեքսանեանը, Ժագ եւ Վարդան Իհմալեան եղբայրները եւ նմանները գրականութեան, գեղարուեստի, պատմութեան եւ քաղաքականութեան առումով հսկայ պաշար ունեցող անուններ եղած են։ Այդ սերունդի յառաջատար անուններէն Փեհլիվանեանի կամ Պիպեռեանի յօդուածները վերաքաղով մը թրքերէն թարգմանութիւնով եթէ մատուցուի այս երկրի ընթերցողին, մարդիկ կը գիտակցին, թէ որքան սուղ արժած է այդ պաշարին կորուստը։ Անոնց գրութիւնը տակաւին շատ բան սորվեցնելու կարողութիւն ունին։
Այս առումով կ՚ուզեմ նշել թէ «Ակօս» սոյն աւանդութեան պատմական ժառանգորդն է։ «Նոր Օր»ականներու վաստակին անհետ կորած չըլլալուն, գոյատեւողներուն, Յակոբ Մնձուրիի, Հերմինէ Գալուստեանի, Հրանդ Տէր Անդրէասեանի, Ատրինէ Տատրեանի, Գարեգին Խաչատուրեանի կամ Շնորհգ Գալուստեանի նման առաջնորդի յատկութիւնով օժտուած պատրիարքներու, բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով կեանքի կոչած ընկերութեան մը բերքն է Ակօս»։