Օրհնեալ է Յիսուսի Ծնունդը

Անհաւատա­լի, եր­բեմն ալ ան­գի­տակ­ցե­լի ու­րա­խու­թիւն մըն է ապ­րիլ այնպի­սի փո­ղոցի վրայ, ուր մին­չեւ տան դու­ռը հաս­նիլդ քա­լած ճամ­բուդ կը հան­դի­պիս լու­սա­մուտնե­րու, որոնք զար­դա­րուած են Յի­սու­սի ծնունդը խորհրդան­շող ար­ձա­նիկ­նե­րով կամ նկար­նե­րով։

Թա­ղը պա­տած է ծննդեան յա­տուկ կար­կանդակ­նե­րու բուրմունքը։ Ծա­ղարան­նե­րու ցու­ցա­փեղ­կե­րը զար­դա­րուած են ծնունդը խորհրդան­շող հրու­շա­կեղէ­նով։ Ամե­նու­րէք կը տի­րէ Ամա­նորի եւ Ս. Ծննդեան յա­տուկ լու­սա­ւորու­թիւն, շնոր­հիւ Շիշ­լիի Քա­ղաքա­պետա­րանի։

Թա­ղեցի­ներն ալ ան­մասն չեն մնա­ցած եւ զար­դա­րած են իրենց տու­նե­րը, ո՛չ միայն ներ­քուստ, այլ ար­տա­քինով նաեւ։

Այս պատ­կե­րը տես­նե­լով մեր սիր­տե­րը կը բա­բախեն Սու­րիոյ Քրիս­տո­նեայ հա­մայնքնե­րուն հետ, անոնց հա­մար մաղ­թե­լով խա­ղաղ ու եր­ջա­նիկ տա­րի մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ