Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սուրիոյ մէջ (Դամասկոս) Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը վերսկսած է իր աշխատանքներուն, արդէն կազմակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ընդունելութիւն:
«Կը նախատեսուի վերսկսիլ նաեւ Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքները, ինչի մասին լրացուցիչ պիտի տեղեկացնենք», ըսուած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստանը ուշադիր կը հետեւի Սուրիոյ մէջ եւ անոր շուրջ զարգացումներուն ու կ՛ողջունէ Աքապայի մէջ համատեղ կապի խումբի նախարարական հանդիպման շրջանակներուն մէջ հրապարակուած Սուրիոյ վերաբերեալ յայտարարութիւնը:
«Մենք հաստատակամօրէն կանգնած ենք սուրիացի բարեկամ ժողովուրդի կողքին այս վճռական պահուն, կ՚աջակցինք ներառական եւ խաղաղ քաղաքական անցումային գործընթացին խորապէս հաւատալով, որ հանդուրժողականութիւնն ու ազգային միասնութիւնը Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան միակ ճանապարհն են», նշուած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Գախարարութեան «Էքս»ի էջին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։