ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Պարոյր Սեւակի մեծն Կոմիտասի համար շարադրած այս նախադասութիւնը ինչո՞ւ չէ, ամբողջովին կը պատշաճի Թոմոյին նաեւ։
Ինչպէս գրականութիւնը եւ գեղարուեստը, ինչպէս գիտութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը, ընկերային կեանքն ալ կը ծնի հանճարներ։ Հանճարներ՝ որոնք իրենց մտայղացումներով հիմնադիրը կամ նախաձեռնողը եղան բազում արժանիքներու։
Այդպիսիներէն էր Եդուարդ Թովմասեան կամ աւելի հանրածանօթ կոչումով Թոմօն։ Ինք եթէ ոգեւորուած է միտքով մը, գաղափարով մը, այդ ոգեւորութիւնը շուտով եւ մեծ խանդավառութեամբ կը փոխանցէր ուրիշներուն ալ։ Այն ուրիշները՝ որուն յղացուած միտքը կեանքի կոչելու աշխատանքին մէջ պիտի դառնային իր գլխաւոր աջակիցները։
Բախտաւոր էր Թոմօն այդ աջակիցներու բազմութեան առաջին գծին ունենալով սիրելի կողակիցը՝ Փայլինէն։
Անոնք իրենց կեանքը եւ ապագայի տեսլականը երիտասարդութեան վաղ տարիներէն կապած էին իրարու։ Միասին քալեցին, միասին յաղթահարեցին կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, այդ ճանապարհին վրայ ծնելով երկու շատ արժէքաւոր որդիներ՝ Պետիկն ու Միհրանը։
Պետիկի անունը յիշելով պարտաւոր ենք վերադառնալու Պետրոս Թովմասեանի տունը, ուր Մարի մաման Թոմոյէն ետք ծննդաբերած էր նաեւ Թագուհին։
Ուրեմն Թոմօն որպէս մարդ ձեւաւորող առաջին օճախը եթէ ընտանիքի միջավայրն էր, երկրորդը հանդիսացաւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքը։ Նախ իր հիմնադիր վանահայրով, ապա ուսուցչաց կազմով եւ «Մէկ ազգ, բազում մշակոյթ» հասկացողութեան վառ օրինակը ներկայացնող աշակերտութեամբ այդ կրթական հաստատութիւնը անջնջելի դրոշմ մը ունեցաւ Թոմոյի կազմութեան վրայ։
Դպրեվանքի թողած ազդեցութիւնը համարեա նոյն թափով ալ աւելի զարգացաւ այս անգամ Դպրեվանքի Սանուց Միութեան միջոցաւ։ Հոն եւս ունեցաւ ընկերներ, որոնք ճոխացուցին Եդուարդ Թովմասեանի ճաշակն ու աշխարհահայեացը։ Տիգրանակերտէն եկած Թորգոմ Պէշիքթաշլըեանով, Բաղէշէն եկած Խաչիկ Աբելեանով, Պարսկաստանէն եկած Էտիկով, Սղերդէն եկած Վազգէնով եւ դեռ շատ շատերով Պոլսոյ հետզհետէ մթագնած երկնակամարին տակ կ՚աճէր նոր լոյս մը, որ իր մէջ կը պահէր ամբողջ համայնքը լուսաւորելու ներուժը։
Այդ ներուժի փայլատակումով պոլսահայութիւնը 1970-ականներու առաջին տարիներուն վերստին ծանօթացաւ իր հարազատ մշակոյթին հետ՝ յատկապէս հայ երգ ու պարի շնորհիւ։ Վերեւ յիշուած անունները եւ անոնց ընկերական լայն շրջանակը լուսաւորութիւնը ապահովող ջահը բռնկեցուցին։
Յետոյ եկան ժամանակներ, ուր Թոմօն եւ Փայլինէն իրենց հետ ունենալով Թագուհին եւ որդիները եկան անդամակցելու Սայաթ Նովա Երգչախումբին, ուր յարմար գետին մը գտած էին նոր միտքեր ու մտայղացումներ կեանքի կոչելու համար։ 90-ականներու սկիզբն էինք, երբ հիմնուեցաւ Սայաթ Նովա Մանկանց Երգչախումբը։ Այս նախաձեռնութեան մեկնարկման փուլին շատ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Փայլինէ Թովմասեանը, գործակցելով իր վաղեմի պաշտօնակից Ժագլին Էրմենի հետ։ Անոնք է որ ձեւաւորեցին մանկանց երգչախումբի մը կազմութիւնը, ճշտելով պատանի երգիչներու խմբավարն, դաշնակահարը Գէորգ Դաւիթեանը եւ Տարօն Էրմենը։
Այդ խումբը ուղիղ տասը տարիներ իր ընդգրկած մանուկներուն հայկական երգի թափանցումը ապահովեց։ Նոյն տարիներուն Թոմօն արդէն ձեռնարկած էր դէպի «Արաս» հրատարակչատուն գացող ճանապարհի առաջին քարերը դիզելու։ Երախտագիտութեան իբրեւ ապացոյց լոյս ընծայուեցաւ վաստակաւոր, բայց այդ տարիներուն արդէն մոռացուած կրթական մշակի մը՝ Վահրամ Պուրմաեանի շատ ջերմ տպաւորութիւններով լեցուն յուշագրութիւնը՝ «Դպրոցը Իր Հոգիով» անուն գիրքը։ Այդ տպագրութեան յաջորդեց երկրորդ մը, այս անգամ «Հէք Թուղթի Կտորներ» անունով։ Մինչ այդ արդէն հիմնուած էր «Արաս» հրատարակչութիւնը եւ իրարայաջորդ կերպով սկսած էր հայ գրողներու թարգմանական գործերով ծանօթացումը թրքերէն ընթերցողին։
Թոմոյի վաղահաս մահը գուժելու պահուն թրքական լրատուամիջոցներ կամ հեռուստակայաններ յաճախ զինք կը ներկայացնեն «Արաս հրատարակչատան հիմնադիրներէն» ըսելով։ Վստահ եմ թէ Թոմօն իր մեծ համեստութեան մէջ երբեք առարկութիւն պիտի չունենար այդ բնութագրումին դէմ։ Առարկութիւնը կու գայ ինձմէ։ Ես եմ որ կարիքը կը զգամ այդ ծանօթագրութիւնը ճշտելու «Արաս հրատարակչատան հիմնադիր» ձեւով։ Ճիշդ է որ տակաւին հիմնադրութեան շրջանին Մկրտիչ եւ Արտաշէս Մարկոսեանները, նաեւ Հրանդ Տինքը իր անմիջական գործընկերներն էին, բայց այդքան միայն։ Անուրանալի է իրենց ներդրումը եւ վաստակը, որ ինքնին անբաւարար պիտի մնար թրքահայ մշակութային կեանքի մէջ նման հաստատութեան մը գոյացման համար, եթէ չըլլար Թոմոյի նախաձեռնութիւնը, Փայլինէի եւ աւելի ուշ ալ Սելինի եւ այլոց աջակցութիւնը։
Այդ մեծ նախաձեռնութիւնով պոլսահայութիւնը եւ մանաւանդ հայ գրականութիւնը օժտուեցաւ հրաշալի հաստատութիւնով մը։
Ամառնային ամիսներուն բազում սփիւռքահայեր կ՚այցելեն Պոլիս։ Անոնց կարեւոր մէկ հատուածին համար Պոլիսը սահմանուած է Գնալը Կղզիի հանգստաւէտութեամբ։ Իսկ կայ լուրջ զանգուած մը եւս, որ նոյն Պոլիս գտնուած օրերուն իր այցելութեան ծրագիրներուն մէջ առաջին կարգի վրայ կը տեսնէ «Արաս»ը, «Ակօս» կամ «Մարմարա»ի կամ «Ժամանակ»ի խմբագրատուները։
Ո՛չ միայն հայաստանաբնակ կամ սփիւռքահայերու, այլ տեղացի մտաւորական զանգուածի համար ալ մտքի տաճար մըն է «Արաս» հրատարակչատունը։ Ազգովին շատ բան պարտական ենք Թոմոյին։ Խոստովանիմ որ այդ պարտականութեան գիտակցութիւնը բաւականին չենք անդրադարձած։
Եթէ ունենար յաւելեալ տարիներ, հաստատ որ ան պիտի նախաձեռնէր բազում միտքեր եւ պիտի շարունակէր հարստացնել մեր գրական, գեղարուեստական ու մշակութային կեանքը։
Այս պահուն կը մխիթարուինք իր թողած մեծ ժառանգով։