Լոկ այս անուանումը իսկ մեզ մտածել կու տայ թէ իւրայատուկ գրական գործի մը հետ դէմ հանդիպման կը գտնուինք։ Չենք սխալած Ժուլիէթ Պետրոսեանի արձակ բանաստեղծութեան այս հաւաքածոն թերթելով մեր առջեւ կը բացուի բանաստեղծութեան շատ ուրոյն մէկ օրինակը։ Բանաստեղծութիւն, որ ամբողջովին փիլիսոփայութիւն կը պարփակէ իր մէջ։
Ինչ զարմանալի երեւոյթներ են կեանքի պարտադրածները։ Աչքերդ լոյս աշխարհ բանաս 1969-ին Հայաստանի Պիպլիական քաղաքի՝ Վաղարշապատի մէջ։ Աւարտես տեղւոյն միջնակարգ դպրոցը եւ նոյն այդ շրջանին իսկ սկսիս շարահիւսել առաջին քերթուածներդ։ Ապա հայրենի երկրի մատնուած ծանր պայմաններու բերումով մեկնիս օտար ափեր ու վերջապէս խարսխես Պոլիս։ Պոլի՜ս, Պոլի՜ս։ Այն զարմանահրաշք ու կախարդական քաղաքը, ուր քեզմէ առաջ ճախրեր եմ Վարուժան, Դուրեան կամ Մեծարենց։ Տարուիս անոնց ոտնահետքերով երկխօսութիւն հիւսել սպիտակ թուղթի հետ։ Ապա հոգուդ խորքերէն եկած այդ բոլորը նախ կիսել Պոլսոյ հայերէն թերթերու միջոցաւ եւ ապա յանդգնիլ դուռը թակել Հայաստանի հրատարակիչներու կամ գրախանութներու ու վերջապէս հասնիլ յաղթանակի, ձեռքին ունենալ ծաւալով փոքր իսկ խորհուրդներով ծանրածանր մի հատոր եւ ապա այս անգամ ալ ներկայանաս գրականասէր հասարակութեան։ Ըթերցողը պիտի գուշակէ որ այս բոլորը հեշտ ճանապարհի մը հանգրուանները չեն, այլ փշոտ ու քարքարուտ արահետի մը լոյսաղբիւրը։ Ահաւասիկ բանաստեղծ Ժուլիէթ Պետրոսեան այդ աղբիւրն է որ կը մատուցէ գրականասէր ընթերցողին, որպէսզի ան կուշտ ու կուր վայելէ հայերէն բանաստեղծութեան սառնորակ ջուրը։ Բայց զգոյշ այդ նոյն սառնորակ ջուրը իր մէջ ունի հարբեցնող աւիշ մը։ Կենարար է այդ ջուրը եւ ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը. «խմենք նրան պաղ գինին, սէրը սիրողին անուշ»։
Այս տողերը գրեցինք աւետելու համար խիստ ջերմ արձակ բանաստեղծութեան մը մուտքը մեր մգլոտած առօրեայէն ներս։ Ուրեմն յարմար պիտի ըլլայ զայն աւարտին հասցնել նոյնինքն հեղինակին տողերով։
«Վաղուց մոխիր եմ։ Ծխով չես վախացնի ինձ։ Դրօշիս ծալքերուն ազատութեան կարօտ կայ։ Բարձունք կը փնտռեմ, որ փողփողիմ։ Գոյնս դառնայ լազուր, ու թռչունը արեւի աչքերուն ճախրի առանց այրուելու։ Ժամանակի վայրկեանի կարօտից պատէ պատ չտայ իրեն։
Յաղթանակս ուրիշի պարտութեան հաշւոյն չլինի…Վաղուց մոխիր եմ։ Արեւի տակ լոկ յուշերս կը բազմապատկուեն»։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք թէ «Նոյան Տապան» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած այս գիրքը Պոլսոյ մէջ կարելի է ապահովել «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանէն։