Մայրիկ

ՌԱԿԸՓ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ


Ամենադժուար ժամանակներուն մայրիկը սիւնն է օճախին։ Դի­­­մադ­­­րութեան խորհրդա­­­նիշն է։

Փլա­­­զա Տէլ Մա­­­յոյի մայ­­­րե­­­­­­­րը, Շա­­­բաթօ­­­րեայ մայ­­­րե­­­­­­­րը, Խա­­­ղաղու­­­թեան մայ­­­րե­­­­­­­րը այդ շար­­­քեր են։ Ապա կը յի­­­շեմ Մաք­­­սիմ Կոր­­­քիի սրբա­­­դասած մօր կեր­­­պա­­­­­­­րը, Փէօրլ Պա­­­քիի 1920-ական­­­նե­­­­­­­րուն Չի­­­նաս­­­տա­­­­­­­նը պատ­­­մած «Մայ­­­րը» վէ­­­պը։

Մի այլ օրի­­­նակ է ֆրան­­­սա­­­­­­­հայ բե­­­մադ­­­րիչ Ան­­­րի Վեր­­­նե­­­­­­­յի հրա­­­շալի գոր­­­ծը «Մայ­­­րի­­­­­­­կը»։ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն մա­­­զապուրծ փրկո­­­ւած հայ ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մը Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի մէջ վե­­­րապ­­­րե­­­­­­­լու փոր­­­ձը կը պատ­­­մէր։ Ան­­­ցեալին շատ ու­­­զած էի այդ գիր­­­քը թարգմա­­­նել ու հրա­­­տարա­­­կել, չյա­­­ջողե­­­ցայ, յու­­­սամ մէ­­­կը ի վեր­­­ջոյ կ՚ընէ այդ բա­­­նը։ Ապա ֆիլմ նկա­­­րահա­­­նեց այդ գիրքի վրայ Քլո­­­տիօ Քար­­­տի­­­­­­­նալ ու Օմար Շէ­­­րիֆ բաժ­­­նած էին գլխա­­­ւոր դե­­­րերը։ Վեր­­­նոյ մրցա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ այդ ֆիլ­­­մի շնոր­­­հիւ։

Վեր­­­ջերս կո­­­րուստը ապ­­­րե­­­­­­­ցանք Մա­­­րիամ մայ­­­րի­­­­­­­կին՝ Մա­­­րիամ Հաց­­­պա­­­­­­­նեանին։ Ան ալ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ար­­­հա­­­­­­­ւիր­­­քը ապ­­­րած ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մը մայ­­­րութիւ­­­նը ըրաւ։ Յա­­­ջողե­­­ցաւ ամե­­­նադ­­­ժո­­­­­­­ւար գոր­­­ծե­­­­­­­րէն մէ­­­կը կատարեց՝ ըն­­­տա­­­­­­­նիքի միաս­­­նութիւ­­­նը պա­­­հել Ատըեամա­­­նի դժո­­­ւար պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ։ Իսկ 6-7 Սեպ­­­տեմբե­­­րի դէպ­­­քե­­­­­­­րուն ար­­­հա­­­­­­­ւիր­­­քը հա­­­սաւ հոն ալ, հա­­­ւաքեց ըն­­­տա­­­­­­­նիքը եւ բնա­­­կու­­­թիւն հաս­­­տա­­­­­­­տեց այս ան­­­գամ Իս­­­քենտե­­­րուն, Ալեք­­­սանտրէթ։ Ամու­­­սի­­­­­­­նը Գէորգ կա­­­տարեալ ըն­­­կեր մըն էր իրեն հա­­­մար, որուն հետ միաս­­­նա­­­­­­­բար բաժ­­­նե­­­­­­­ցին կեան­­­քի դժո­­­ւարու­­­թիւննե­­­րը։ Գէորգ եւս դի­­­մադ­­­րող ոքիով անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան դէմ ըմ­­­բոստա­­­ցող խի­­­զախ անձնա­­­ւորութիւն մըն էր։ Թուրքիոյ բա­­­նուո­­­րական կու­­­սակցութեան հիմ­­­նադրութիւնով ոգե­­­ւորո­­­ւած, յու­­­սադրուած էր եւ այդ ոգե­­­ւորու­­­թեամբ փա­­­րած կու­­­սակցու­­­թեան Ալեք­­­սանտրէ­­­թի մաս­­­նա­­­­­­­ճիւ­­­ղի հիմ­­­նադրու­­­թեան։ Այս քա­­­ղաքը ար­­­դէն միշտ ու­­­նե­­­­­­­ցած էր ձա­­­խակող­­­մեան հա­­­կումնե­­­րու նկատ­­­մամբ գերզգա­­­յուն դի­­­մագիծ մը։ Այդ ժա­­­մանակ մեծ պայ­­­քար տա­­­րած էր քա­­­ղաքի հա­­­յոց գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատան գրա­­­ւու­­­մի ջան­­­քե­­­­­­­րուն դէմ։ Յանձն առած էր ամէն տե­­­սակ դժո­­­ւարու­­­թեան դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րիլ գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատու­­­նը պահ­­­պա­­­­­­­նելու հա­­­մար։ Հա­­­պա ապ­­­րե­­­­­­­ցանք 1970-ական տա­­­րեթի­­­ւերուն քա­­­ղաքա­­­ցիական պայ­­­քա­­­­­­­րի մի­­­ջավայ­­­րը։ Այդ օրե­­­րուն ֆա­­­շիստնե­­­րուն գլխա­­­ւոր թի­­­րախը դար­­­ձած էր Գէորգ Էք­­­մէքճի (Հաց­­­պա­­­­­­­նեանը)։ Որ­­­դի­­­­­­­ներն ալ նոյն դի­­­մադ­­­րութեան մաս­­­նակիցնե­­­րը եղան։ Չէ որ պտու­­­ղը ծա­­­ռէն հե­­­ռու պի­­­տի չիյ­­­նար։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս 1980-ի զի­­­նուո­­­րական յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան ան­­­մի­­­­­­­ջապէս նա­­­խօրեակին յա­­­ջողե­­­ցաւ Սա­­­թենիկն ու Սար­­­գի­­­­­­­սը Եւ­­­րո­­­­­­­պա աւե­­­լի ապա­­­հով պայ­­­մաննե­­­րուն տի­­­րած ափե­­­րը ղրկել։ Որ­­­դի­­­­­­­ները ղրկեց, բայց ինք բա­­­ւական ծանր հա­­­լածանքնե­­­րու են­­­թարկո­­­ւեցաւ նաեւ իր ազ­­­գա­­­­­­­նու­­­նի հար­­­կը լու­­­ծե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս եր­­­կա­­­­­­­րատեւ պայ­­­քա­­­­­­­րէն ետք Գէորգ եւ Մա­­­րիամ եւս յա­­­ջողե­­­ցան մէկ­­­տե­­­­­­­ղուիլ իրենց դստեր հետ։ 2010-ին երբ Գէորգ մա­­­հացաւ կրտսեր որ­­­դին Սար­­­գիս բան­­­տարկո­­­ւած էր Երե­­­ւանի մէջ։ Չէին կրցած իրար հան­­­դի­­­­­­­պիլ։ Գէորգ որդ­­­ւոյն կա­­­րօտը սրտին հե­­­ռացաւ այս աշ­­­խարհէն։ Սոյն տա­­­րուայ Մա­­­յիսին այդ անո­­­ղոք հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը Սար­­­գիսն ալ խլեց մեր ձեռ­­­քե­­­­­­­րէն եւ վեց ամիս անց, այս ան­­­գամ Սա­­­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկե­­­ղեցիէն հրա­­­ժեշտ կու տանք Մա­­­րիամ մայ­­­րի­­­­­­­կը։ Հայր եւ որ­­­դի Սար­­­գիսն ու Գէոր­­­գը հի­­­մա պի­­­տի կրնա­­­յին իրենց կա­­­րօտը յա­­­գեց­­­նել։ Մա­­­հուան գոյ­­­ժը ստա­­­ցայ Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու ժո­­­ղովրդա­­­վարական կու­­­սակցու­­­թեան Պա­­­քըր­­­գիւղի մաս­­­նա­­­­­­­ճիւ­­­ղի կայ­­­քէ­­­­­­­ջէն։ Կ՚ըմ­­­բոստա­­­նամ որ Սար­­­գի­­­­­­­սը չար­­­ժա­­­­­­­նացաւ Երե­­­ւանը ալե­­­կոծող այդ հո­­­յակապ յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը վա­­­յելե­­­լու։ Մինչդեռ ինք որ­­­քան մեծ նպաստ պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նար իր իսկ տան մէջ ժո­­­ղովրդա­­­վարա­­­կան կար­­­գե­­­­­­­րու հաս­­­տատման գործին։