Կրօնիս Տեսուչը Կ՚ուրանայ Տիրողութիւնը


  Մարտինի մէջ ասորիներու պատկանող բազմաթիւ աղօթատեղիներ նախ փոխանցուեցան կրօնիս տեսչութեան ապա բարձրացող բողոքներուն դէմ Մարտինի կուսակալութեան որոշումով ջնջուեցաւ անոնց փոխանցումը։ Սակայն կրօնիս տեսուչ Փրոֆ. Մենմետ Կէօրմէզ կ՚ուրանայ այս բացայայտ ոտնձգութիւնը եւ սուտ ու զրպարտութիւն կ՚անուանէ այս մասին կատարուած լրատուութիւնը։ Մինչդեռ Մարտինի կուսակալութեան փոխանցման ու բաժանման ամսին որոշմնագիրը «Ակօս»ի միջոցաւ փոխանցուած էր հանրութեան։ Այն տեղ կը նշուէր տուեալ որոշումի համարն ու թուականը։ Ի դէմ այս բոլոր փաստացի տուեալներու կրօնիս տեսուչ Կիլմէզ 7 Յուլիսին Իկտիրի մէջ մասնակցած հանդիսութեան մը ընթացքին մերժեց այդ իրողութիւնները եւ խնդիրը մեկնաբանեց որպէս Թուրքիան նեղ դրութեան մատնելու համար հնարուած զրպարտութիւն։

 

«10 օրէ ի վեր Եւրոպայի եւ Միացեալ Նախանգներու բոլոր թերթերը կը խօսին Թուրքիոյ մէջ Ասորիներու պատկանող եկեղեցիներուն կրօնիս տեսչութեան փոխանցուած ըլլալու զրպարտութիւնը։ Կատարուածը սեւ քարոզչութիւն մըն է մեր երկրի դէմ։ Թուրքիա աննախադէպ գործ մը ըրաւ եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու պատկանող բոլոր կալուածները վերադարձուց այն համայնքներուն։ Թուրքիա մեծ երկիր է եւ այս երկրի մէջ բոլոր հաւատացեալները ապրեցան ազատութեան մէջ։ Մեր նախնիները այս վերաբերումը համարեցին իրենց կրօնքի հրամայական յստակօրէն ըսեմ թէ մենք որպէս կրօնիս տեսչութիւն երբէք չենք ընդունիր որեւէ կրօնքին պատկանող կալուած մը։ Ուրիշին պատկանող հողը գրաւելը մեր կրօնական սկզբունքներուն դէմ է»։