Երբ պոլսահայ սանուց միութիւնները հետզհետէ անգոյ կը դառնան, մշակութային նախաձեռնութիւններով գոյացած բացը լրացնելու կու գան հայրենակցական միութիւնները։ Այսպէս Սեբատիոյ Հայոց Հայրենակցական Միութիւնը նախորդ Ուրբաթ երեկոյ միութեան հաւաքատեղիի մէջ կազմակերպած բանախօսութիւնով վեր առաւ հայ թատրոնի երկու վաստակաւոր Յակոբները։
Օրուան ատենախօսներն էին՝ դերասան եւ թատերական պատմութեան ուսումնասիրող Պողոս Չալկըճըօղլու եւ հայ պատմութեան նուիրուած իր ուսումնասիրութիւններով ծանօթ Նեսիմ Օւատիա Իսրայէլ։ Ան նախապէս ալ հեղինակած էր Գրիգոր Զոհրապի ծաւալուն մենագրութիւն մը եւ 24 Ապրիլի նահատակ մտաւորականներուն վերջին օրերը նկարագրող ուսումնասիրութիւն մը։
Նեսիմ Օւատիա Իսրայէլ յատկապէս ծանրացաւ թատերագիր Յակոբ Պարոնեանի կերպարին վրայ։ Բազմաթիւ տուեալներով ներկայացուց անոր իբրեւ երգիծաբան եզակի յատկութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն թատերական աշխարհի մէջ։ Պարոնեան բացի թատրերգութիւններու հեղինակ ըլլալէ, մամլոյ գործիչ մը եղած է եւ իբրեւ խմբագիր շատ կարեւոր աւանդ մը թողած է իր ետին։ Ափսոս որ այս մեծ վաստակը մինչեւ վերջին տարիներ անտեսուած էր թրքական թատրոնի պատմութեան մէջ։ Բայց վերջերս շնորհիւ իր գործերուն թարգմանութեան ու ապա բեմադրութեան, Պարոնեանի անունը ծանօթ դարձաւ նաեւ այս շրջանակներուն։ Քանի մը տարի առաջ Իսթանպուլի քաղաքապետարանը հրատարակեց նաեւ անոր երկլեզու պարբերականի՝ «թատրոն-թիյաթրօ»ի կրկնատիպը։
Պողոս Չալկըճըօղլու ալ իր կարգին խօսեցաւ մի այլ թատրոնի նուիրեալ գործիչի՝ Յակոբ Վարդովեանի մասին։ Ի տարբերութիւն Պարոնեանէ, Վարդովեանի անունը իբրեւ «Կիւլլի Յակոբ» ու ապա «Կիւլլիւ Եաքուպ Էֆէնտի» միշտ ծանօթ եղաւ թատրոնի հետ առնչուած հասարակութեան։ Ան համարուեցաւ Թուրքիոյ արդի թատրոնի հիմնադիրը։ Պողոս Չալկըճըօղլու ուշագրաւ մեկնաբանութիւններ ներկայացուց այս վերջինիս կրօնափոխ ըլլալուն տեղի տուած ընկալումներուն։ Նաեւ պատմեց 2011-ին իր եւ գործընկերներուն անձնական ջանքերով Յակոբ Վարդովեանի կորած շիրիմը յայտնաբերելու գործին շահեկան մանրամասնութիւնները։
Սեբատիոյ Հայոց Հայրենակցական միութեան նման բնոյթի աշխատութիւններուն իր շինիչ նպաստը կը բերէ միութեան անդամներէն բժիշկ Պարգեւ Պալըմեան, որու ատենախօսները ներկայացնող ելոյթով սկսած էր միջոցառումը։