ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀ ՏԷՐ-ՆԱՐԵԿԵԱՆ
Շրջանի մը, ուր օտար լեզուներէ դէպի հայերէն կատարուած թարգմանութիւնները գրեթէ զերոյի հաւասարած են, մեր սեղաններուն վրայ յայտնուեցան քանի մը գիրքեր։ Առաջինը եղաւ Եդուարդ Քովանի թրքերենէ դէպի արեւմտահայերէն ասոյթներու այժմէական բառարանը։ Յաջորդը եղաւ Անթուան տէօ Սենթ-Էքզիւփերիի հռչակաւոր «Փոքրիկ Իշխանը» վիպակ-հեքիաթը (արեւմտահայերէնի վերածուած Լուիզ Պաքարի թարգմանութեամբ եւ Համշէնի բարբառի՝ Մահիր Էօզքանի թարգմանութեամբ, լոյս տեսած «Արաս»էն), որու մասին արդէն բաւական կը խօսուի։ Իսկ երկրորդ հրատարակութիւնը մեզի կը բերէ գերմանացի արձակագիր Պրունօ Ֆրանքի «Սէրվանդէս» վէպը (244 էջ)։ Գիրքը, բնականաբար, նախորդին չափ յայտնի չէ եւ տակաւին չէ վերածուած նոյնիսկ թրքերէնի, որ ունի թարգմանական գրականութեան հսկայ պահեստ մը։
Արեւմտահայերէնը անցեալին լեզու մըն էր, որ համաշխարհային գրականութեան զարգացումներուն կը հետեւէր մօտիկէն, իրենց տպագրութենէն անմիջապէս ետք, այսօր արդէն դասական նկատուող ստեղծագործութիւնները, հատուածաբար կամ ամբողջութեամբ, կը շահեցնէր հայ մտքին։ Այդպէս եղած է պարագան Վ. Հիւկոյի «Թշուառներ»ուն, Ք. Մարքսի «Քափիթալ»ին, Ֆ. Նիցշէի «Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը»ին։ Այսօր եւս թէեւ քիչ, սակայն կան թարգմանիչներ, որոնք արեւմտահայերէնի կը վերածեն դասական գիրքեր, Ի դարէ գրական կարեւոր հատորներ կամ գործեր։
Պրունօ Ֆրանքի՝ «Նոր Մարմարա» օրաթերթի «Մուրատ օֆսեթ» տպարանէն լոյս տեսած հատորին թարգմանիչն է Արամ Գամպուրեան, որ ընթերցասէրներուն ցարդ ծանօթ էր իր ուղեգրական հատորներով ու գերմաներէնէ կատարած կարճ թարգմանութիւններով։
Գերմանացի Պրունօ Ֆրանք (Շթութկարթ, 1887-1945, Պեվերլի Հիլս) կը պատկանի այն հեղինակներու շարքին, ինչպէս՝ Շթեֆըն Ցվայք, Թոմաս Ման, Վլատիմիր Նապոքով եւլն., որոնք իրենց հրէական ծագումին կամ քաղաքական համոզումներուն պատճառով նացիներու օրօք հարկադրաբար հեռացած էին Գերմանիայէն, դարձած էին աքսորական եւ մահացած՝ առանց վերջին անգամ մը եւս տեսնելու իրենց ծննդավայրը։ Ֆրանքի աքսորական տարիներու ամենէն խորհրդանշական հեղինակութիւնը կը նկատուի «Սէրվանդէս»ը, ուր ան կը պատմէ ո՛չ միայն սպանացի հանճարին մասին, այլ կու տայ նաեւ համաշխարհային գրականութեան մեծագոյն գիրքերէն մէկուն՝ «Տոն Քիշոտ»ի ստեղծման նախապատմութիւնը։
Գիրքին ու թարգմանութեան վերաբերեալ զրուցեցինք գիրքին թարգմանիչին՝ Արամ Գամպուրեանին հետ։
«Ինչո՞ւ նախընտրեցիք թարգմանել այս գիրքը» հարցումին, պր. Գամպուրեան տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Այս գիրքը տարիներ առաջ կարդացած եւ շատ սիրած էի։ Տարիներ ետք որոշեցի թարգմանել։ Մօտաւորապէս երեք տարի տեւեց աշխատանքը։ Ամրան շրջանին պարբերութիւն առ պարբերութիւն կը թարգմանէի, Մեծ կղզիի մէջ։ Լաւ առիթ մըն ալ ներկայացաւ այս տարի կը լրանար Սէրվանդէսի մահուան 400-ամեակը։ Ուրեմն, յիշատակելի հրատարակութիւն մը եղաւ նաեւ այս առումով»։
Պատասխանելով դէպի հայերէն կատարուած թարգմանութեան մը հաւանական դժուարութիւններուն վերաբերեալ մեր հարցումին, պր. Արամ Գամպուրեան յիշեցուց, թէ գերմաներէնն ու հայերէնը հնդեւրոպական լեզուներ են եւ այս երկու լեզուներուն շարահիւսութիւնը իրարու բաւական մօտ է։ «Թերեւս գերմաներէնէ թրքերէնի թարգմանելը շատ աւելի դժուար ըլլար։ Այս առումով դժուարութիւն մը չունեցայ, սակայն թարգմանութեան ընթացքին սորվեցայ նոր բառեր, պրպտեցի անոնց իմաստը։ Զոր օրինակ, Pferdegeschirr բառը։ Geschirr պնակ, ամանեղէն կը նշանակէ, իսկ Pferde-ն ձին է։ Ենթադրեցի, որ ձիերու կեր տալու համար գործածուող պարագաներ ըլլալու են, սակայն յայտնի դարձաւ որ խօսքը կը վերաբերի ձիերու կաշեղէն հանդերձանքին՝ թամբ, սանձեր եւլն.»։
Ըստ պր. Գամպուրեանի, թարգմանական աշխատանքը թերեւս բարդանար, եթէ գիրքը ունենար արհեստագիտական բովանդակութիւն մը. «Հաւանաբար նոր եզրեր ստեղծելու հարկադրանքին տակ ըլլայի, սակայն այս պարագային նման հարց մը չունեցայ։ Գիրքը 80 տարի առաջ հրատարակուած է, ես ալ արդէն 90 տարեկան եմ, հետեւաբար ինծի համար խորթ թուացող արտայայտաձեւեր չկային այդտեղ»։
Պր. Արամ Գամպուրեան «այս համեստ աշխատութիւնը խոնարհաբար» ձօնած է իր ուսուցիչին՝ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի գերմաներէնի դասատու Հ. Հմայեակ ծ. վրդ. Համբարեանի (1881-1952) յիշատակին։
«Հ. Հմայեակ վարդապետ գերմաներէնի մեր առաջին ուսուցիչն էր։ Հետագայ տարիներուն, երբ կ՚ուսուցչագործէի, սորվեցայ, որ կայ աքթիֆ-մեթոտ անուն գործնական ձեւ մը, որմով վարդապետը մեզի տարիներ առաջ գերմաներէն կը սորվեցնէր արդէն՝ գործնական աշխատանքով, երկխօսութիւններով, առանց նիւթը բանտելու դասագիրքին մէջ», կը պատմէ զրուցակիցս՝ փափաքելով աւելի մանրամասնել հանգուցեալ ուսուցիչին վերաբերեալ տեղեկութիւնները։
«Հ. Հմայեակ ծ. վրդ. Համբարեան գերմանական յայտնի Der Sprach Brockhaus-ը՝ 800 էջ, խիտ, նկարազարդ, պարոքեան տառատեսակով բառարանը, թարգմանած էր հայերէնի։ Ես եւ իմ նման քանի մը աշակերտներ ալ օգնած էինք իրեն՝ արտագրելու համար այդ աշխատանքին սեւագրութիւնը։ Մօտաւորապէս կէսը ես մաքուրի քաշած եմ։ Ինձմէ առաջ կար, օրինակ, Վահագն Տատրեանը, կար Ռեշաթ Նուրիի «Ցախսարիկ»ը հայերէնի թարգմանած Յովհաննէս Տէրունիի որդին՝ Տիրան Տէրունին եւ ուրիշներ։ Հարցուցած էի օր մը վարդապետին, թէ ի՞նչպէս պիտի տպագրուի այս բառարանը։ Ըսած էր, որ Վիեննայի Մխիթարեան վանքի տպարանին մէջ կան աւստրիացի գրաշարներ, իսկ Brockhaus ընկերութիւնն ալ խոստացած էր նիւթապէս օժանդակել տպագրութեան։ Պատերազմի տարիներն էին։ Մենք գրեթէ վերջացուցած էինք արդէն, երբ շրջանաւարտ եղայ վարժարանէն։ Յետոյ կապս խզուեցաւ։ Պատերազմը աւարտեցաւ Գերմանիոյ պարտութեամբ։ Գերմաներէնն ալ այժմէական լեզու մը չէր այդ տարիներուն։ Այնպէս որ, մեր այդ աշխատանքը մնաց անտիպ։ Բառարանին ձեռագիրները կը պահուին Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ»։
Պրունօ Ֆրանք
Գամպուրեան կը յիշէ, որ ո՛չ միայն բառարանը կ՚արտագրէին, այլ այդ ընթացքին վարդապետը բացատրութիւններով, ուղղումներով գերմաներէնի նրբութիւնները կը սորվեցնէր իրենց եւ այս իմաստով կատարուած աշխատանքը կը վերածուէր գերմաներէնի մասնաւոր դասընթացքի մը։ «Երախտապարտ եմ իրեն։ Հետագային, համալսարանի մտից քննութիւններու ժամանակ, համալսարանական ու աշխատանքի տարիներուս չափազանց օգտակար եղած է»։
Երբ կը հարցնեմ հետագայ թարգմանութիւններու մասին, պր. Գամպուրեան կը պատասխանէ. «Թարգմանութիւնը համբերութիւն պահանջող աշխատանք մըն է։ Գիրքի թարգմանութեան այլ ծրագիրներ չունիմ առայժմ»։
Ու վերջին խորհուրդ մը բոլոր անոնց, որոնք պիտի ուզեն ընթերցել այս արժէքաւոր ստեղծագործութիւնը. «Սէրվանդէսի կեանքը արկածախնդրական եղած է, ժապաւէն մը յիշեցնելու աստիճան։ Իրապէս հետաքրքրական է, վերիվայրումներով լեցուն։ Այնպէս որ, հատորը կարելի է կարդալ արկածախնդրական վէպի մը նման։ Մատչելի է բոլորին»։
Պր. Արամ Գամպուրեան այնուամենայնիւ կ՚արտայայտէ իր մտահոգութիւնը։ «Սակայն քանի՞ հոգի պիտի կարդայ արդեօք», հետաքրքրասիրութեամբ կը հարցնէ ան՝ նկատի ունենալով թէ՛ հայերէնով գիրքեր կարդալու վարժութեան մոռցուիլը եւ թէ առհասարակ ընթերցելու սովորութեան նուազումը։
Անոնք, որոնք պիտի ուզեն ունենալ այս հատորը, կրնան դիմել Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկ։