ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
baruyr@agos.com
Համայնքային հաստատութիւններու համագործակցութեան հարթակը՝ ՎԱՏԻՓ, 16 Մայիս Երկուշաբթի օր գումարեց իր հերթական նիստը՝ իբրեւ օրակարգի կարեւորագոյն նիւթ ունենալով համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններու խնդիրը։
Վաքըֆներու Խորհուրդի մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան խօսք առնելով պատմեց երեք տարիէ ի վեր անլոյծ մնացած խնդրին փուլերը։ «Նախորդ տարի, երբ այս պաշտօնին նշանակուեցայ, բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ ժողով մը գումարեցինք։ Քննարկեցինք թէ իրաւական գետնի վրայ ինչեր կրնանք ընել։ Աւարտին որոշեցինք համբերել մինչեւ մօտակայ ընտրութիւնները։ Նոյեմբերեան ընտրութիւններէն ետք յուսադրուեցանք կառավարութեան շինիչ մերձեցումներէն։ Հանդիպեցանք Եալչըն Աքտողանին, որու հետ դարձեալ ունեցանք խոստումներու շինիչ փոխանակում մը։ Սակայն աւելի ետք ապրեցանք անկանխատեսելի զարգացումներ։ Իրականութեան մէջ մենք՝ փոքրամասնութիւններս, դեռ նոր կ՚անդրադառնանք, թէ թղթաբանութիւնը ինչպէս կը գործէ այս երկրին մէջ։ Գիտենք թէ նոր օրէնք մը պատրաստելու տրամադրութիւնը առկայ է։ Բայց չենք կրնար կանխատեսել թէ երբ կ՚իրականանայ։ Նախորդ ամիս հրէից Փեսախի տօնի առթիւ ընդունելութիւն մը կայացաւ, որուն ներկայ էր նաեւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Ատնան Էրթէմ։ Այնտեղ օրակարգի եկաւ այս կնճռոտ հարցը եւ յայտնուեցաւ որ խնդիրը այլեւս յետաձգել կարելի չէ։ Յառաջիկայ 23 Մայիսին բացումը պիտի կատարուի փոքրամասնութիւններու հիմնարկներու ներկայացուցչութեան գրասենեակին։ Այդ բացման ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Ատնան Էրթէմ եւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Խորհուրդի նիստը պիտի կայանայ նոյն դահլիճին մէջ։ Ընտրութիւնները կարգաւորող նոր շրջաբերականի հրապարակումն ալ հաւանաբար ըլլայ նոյն օրը»։
Արամ Արք. Աթէշեանի յայտարարութիւնը
Միւս կողմէ Արամ Արք. Աթէշեան Պատ-րիարքարանի կայքէջէն հրապարակած շրջաբերականով մը բողոքեց այս ուղղութեամբ զինք եւ Պատրիարքարանը մեղադրող բամբասանքներուն դէմ։ Ան նշեց որ Համբարձման տօնի առթիւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան միջոցին հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է որ բամբասանքներ կը շրջին, ըստ որուն ինք կաշառքի համազօր նուէրներ բաժնած է զանազաններուն, որպէսզի անելի մէջ մնայ համայնքային ընտրութիւններու նիւթը։
Սրբազանը ինք ալ ձայնակցեցաւ Շիրին-օղլուի ներկայացուցած դժգոհութեան, ըսելով որ նման լսումներ իրեն ալ հասած են, որոնք բոլորովին անհիմն են եւ կ՚ուզեն հասարակութեան անդորրը խանգարել։ Սրբազանը ապերախտութիւն համարեց այս բնոյթի պնդումները եւ հասարակութիւնը հրաւիրեց զգուշութեան՝ նման բամբասանքներու նկատմամբ։