Աննկուն «քապատայը»ն՝ Սարգիս Թէքէ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@gmail.com

Շնորհք Պատրիարքի վերջին կամ թերեւս ալ վերջընթեր ուխտագնացութիւնն էր դէպի գաւառի եկեղեցիներ։ Պատրիարքը սովորութիւն դարձուցած էր ամէն տարի հովուապետական այցելութիւններ տալ գա­ւառի եկե­ղեցի­ներուն։ Այս վեր­ջի­նին մայրս ալ մաս­նակցած էր։ Կե­սարիա, Աղէք­սանտրէթ, Քը­րըք­խան եւ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի եկե­ղեցի­ները այ­ցե­լելէ ետք շատ վառ տպա­ւորու­թիւննե­րով վե­րադար­ձած։ Առա­ջին ան­գամ մօրս պատ­մածնե­րով լսե­ցի Սար­գիս Թէ­քէի մա­սին։ «Կե­սարիոյ մուտքին դի­մաւո­րեց մեզ եւ մին­չեւ որ քա­ղաքէն հե­ռանանք միշտ մեզ հետ եղաւ»։ Իբ­րեւ հե­ղինա­կու­թիւն ու­նե­ցող անձ, ազ­դած էր մօրս վրայ։ «Դե­ւին անու­նը դա­ճած էր -Սար­գիս-, հար­ցուցի պատ­ճա­ռը, -մարդ ես, կը պա­տահի որ վա­խենաս եւ ինքնու­թիւնդ ու­րա­նաս, այդ չը­նելու հա­մար է որ անունս մոր­թիս դա­ճած եմ»։ Այս լսե­լով մայրս գնա­հատած էր թա­լաս­ցի «Քա­պատա­յը» Սար­գի­սը։ Տա­րիներ անց երբ հան­դի­պեցանք իրա­րու, փո­խան­ցե­ցի մօրս պատ­մածնե­րը։ Ու­րախ էր «քա­պատա­յը» ածա­կանով։ Իւ­րա­ցու­ցած էր ու­րիշնե­րու հա­մար ստո­րագ­նա­հատա­կան թուացող այդ պի­տակը։ «Պէտք չէ շփո­թիլ, այս բա­ռին իմաս­տը խո­րունկ է։ Նախ կրթու­թիւն կը նշա­նակէ, բա­րեկիրթ պի­տի ըլ­լայ քա­պատա­յըն։ Պի­տի գիտ­նայ թէ իր տե­ղը եւ թէ դի­մացի­նին ար­ժա­նիքը։ Այդ ար­ժա­նիքին հա­մապա­տաս­խան պի­տի վե­րաբե­րի շուրջին­նե­րուն։ Այդ ածա­կանը կրո­ղը ստի­պուած է օրի­նակե­լի ըլ­լալ։ Յան­ցանքէ ու յան­ցա­գոր­ծութե­նէ հե­ռու պի­տի մնայ։ Հե­ռու պի­տի մնայ կռի­ւէ եւ կռուազա­նու­թե­նէ։ Բայց եթէ պէտք է առանց աչ­քը թար­թե­լու պի­տի մտնէ կռի­ւի։ Այս սկզբունքնե­րով է որ կը բնա­կիմ 300 տա­րիէ ի վեր ըն­տա­նիքիս պատ­կա­նող տան մէջ։ Մին­չեւ 100 տա­րի առաջ Թա­լասի բնակ­չութեան մե­ծամաս­նութիւ­նը հա­յեր էին։ Բո­լորն ալ գաղ­թե­ցին։ Նախ Պո­լիս ապա Ամե­րիկա կամ Եւ­րո­պա գա­ցին։ Այն ինչ որ մնա­ցած էր իրենց նախ­նի­ներէն, թա­լանուեցաւ տե­ղացի­ներու կող­մէ։ Իմ ու­նե­ցուած­քիս վրայ ալ աչք ու­նէին։ Ես տէր կանգնե­ցայ։ Հօ­րենա­կան ժա­ռան­գը պաշտպա­նելու հա­մար մարդ սպան­նե­ցի եւ այդ ալ հա­տու­ցե­ցի։ 12 տա­րի բան­տարկուեցայ։ Այ­սօր ես հպար­տութեամբ կ՚ապ­րիմ Թա­լասի մէջ, բայց իմ թշնա­մինե­րը թո­ղեցին հե­ռացան»։ Այս պատ­մե­լէն ետք կը տա­րուի խոր­հուրդնե­րու։ Յե­տոյ վրայ կը բե­րէ՝ «Ես ալ չկրցայ ամուսնա­նալ, չկրցայ ըն­տա­նիք մը կազ­մել։ Ամէն ինչ իր հե­տեւան­քը ու­նի։ Ծննդա­վայ­րէն, հօ­րենա­կան ժա­ռան­գէն զրկուող­նե­րը ու­նե­ցան այդ բո­լորը։ Կեան­քը բո­լորիս հա­մար ու­ղի­ներ ճշդած է, ես ալ իմ ու­ղիով կը յա­ռաջա­նամ»։

Սար­գիս Թէ­քէն իր հայ ինքնու­թիւնով մին­չեւ օրս կեն­դա­նի վկա­յու­թիւնն է Կե­սարիոյ հա­յու­թեան։ Ակա­մայ կը տա­րուիմ մտածումնե­րու։ Անուններ կը տո­ղան­ցեմ մտքիս մէջ, «Հա­պէշ Սե­պուհ», «Ատը­կիւ­զէլ» Պոլ­սոյ անուանի քա­պատա­յընե­րը եղած են։ Բազ­մա­թիւ առաս­պելներ հիւ­սուած են իրենց անուննե­րուն շուրջ։ Մեր տունը յա­ճախ կը յի­շուէր Սե­պու­հին 6-7 Սեպ­տեմբե­րի դէպ­քե­րուն իր դա­սըն­կե­րոջ Վա­րու­ժա­նի խա­նու­թը պահ­պա­նելու դրուագը։ «Դէպ­քե­րը լսե­լով փու­թաց Վա­րու­ժա­նի Թար­լա­պաշիի խա­նու­թը։ Աթոռ մը դրաւ դրան առ­ջեւ եւ խու­ժա­նը չհա­մար­ձա­կեցաւ այդ կողմ նա­յելու ան­գամ» կը պատ­մէր հայրս։

Քաղ­քե­նիի բար­քե­րը բա­զում ար­ժա­նիք­նե­րու կար­գին մա­շեցու­ցին քա­պատա­յըի մշա­կոյթն ալ։ Այդ ճղճի­մու­թեան մէջ Սար­գիս Թէ­քէն կա­տարեալ «Տօն Քի­խոտ» մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ մե­րօրեայ հա­սարա­կու­թեան։ Զինք ճանչնա­լով է, որ կրնաս գնա­հատել անոր ար­ժա­նիք­նե­րը։ Իսկ ժխտա­կան բո­լոր կան­խա­կար­ծիքնե­րը միայն տգի­տու­թեանդ ապա­ցոյցն են։ Իսկ Սար­գիս այս բո­լորէն հե­ռու, կը մնայ Թա­լասի եւ բո­վան­դակ Կե­սարիոյ հայութեան պայծառ ներկայացուցիչը։