16Ապրիլ 2016 թուականին Փարիզի մէջ կը կայանայ հայկական միջազգային գործարար համաժողովը։ Ժողովի կազմակերպիչները կը մտադրեն աշխարհացրիւ հայերու միջեւ գործարար յարաբերութիւններուն նոր որակ տալ։
Կը նախատեսուի քսան երկիրներէ շուրջ հարիւր գործարարներու մասնակցութիւնը, որոնք հիմքը դրած պիտի ըլլան «Հայկական Գործարար Գործակալութիւն»ի –Armenian Business Agency-։
Հիմնարկութեան յաջորդող առաջին աշխատանքային օրին ժողովը պիտի շարունակուի օրակարգին ունենալով հետեւեալ նպատակները։
Հայ գործարար անհատներու կամ ընկերութիւններու տուեալներու ցանկագրութիւն։ Կապեր եւ համագործակցութիւն հաստատել հայ գործարարներու կամ ընկերութիւններու ղեկավարներուն միջեւ։ Նոր գործարար հնարաւորութիւններ առաջարկել։ Այդ ծրագիրներու իրականացման համար անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը գտնել։ Եւ վերջապէս աջակցիլ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան զարգացման ծրագիրներուն։
Առաջին անգամն է որ հայկական կառոյց մը գործարար աշխարհին նուիրուած գրասենեակ մը կը ստեղծէ, տարբեր զարգացման նախագիծերու վրայ աշխատելու միտումով։
Ժողովի նախաձեռնողները հաղորդագրութիւնով մը կոչ կ՚ուղղեն հայ գործարար, ձեռներէց կամ գործադիր ղեկավարներուն, սոյն ժողովին մասնակցելու համար։ Արձանագրութեան համար տրուած է՝ HYPERLINK http://www.armenian-international-business-forum.com www.armenian-international-business-forum.com հասցէն կամ +33 6 65 56 70 52 հեռախօսահամարը։