Նախորդ թիւերուն մէջ արդէն արտայայտուած էինք Պոլսահայ Ուսուցիչներու Հիմնարկ 50 ամեակին։ Արդարեւ նախորդ Կիրակի օր հիմնարկը աշխարհիկ եւ կրօնական հանդիսութիւններով նշեց հիմնարկութեան յոբելեար տարին։ Այս առթիւ հիմնարկի Պոլսահայ իրողութեան մէջ կատարած դերակատարութեան շրջագըծով հարցազրոյց մը ունեցանք հաստատութեան երկրորդ քարտուղար Մարիամ Տրամերեանի հետ։ Ան նշեց, որ հինգ տարիներ առաջ հիմնարկի նախկին տնօրէն Կարօ Կարապետեանի հրաւէրով ստանձնած էր այս հաստատութենէ ներս վարչական պաշտօնը։
ՄԵԼԻՍ ՍՈԼԱՔՕՂԼՈՒ
melissolakoglu@hotmail.com
«Արդէն 1961 թուականին հիմնուած էր Ուսուցչաց Միութիւնը։ Սակայն միութենական համակարգը կը սահմանափակէր այս հաստատութեան գործունէութիւնները։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ կարիքը կը զգացուէր հիմնադրամի մը։ 1963-ին սկսող եւ երկու տարի շարունակուող նախապատրաստական փուլէն ետք, 22 Ապրիլ 1965 թուականին վաւերացուեցաւ Ուսուցչաց Հիմնարկի հիմնադրութիւնը, կամ ալ այդ տարիներու արտայայտութիւնով եթէ ըսենք, միութիւնը ծնունդ տուաւ հիմնարկին։ Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկը հանրապետութեան շրջանին հիմնուած առաջին հաստատութիւնն է։ Ինչպէս Հիմնադրամ անունն ալ կը յուշէ, այս տեսակի հաստատութեան մը հիմնարկութեան համար անհրաժեշտ էր որոշ գումարի մը յայտարարութիւնը։ Զանազան միջոցառումներով հայթայթուեցաւ 75 հազար ԹԼ, որուն վրայ բարերար Հայկ Չիլինկիրեան 100 հազար ԹԼ նուիրելով ապահոված եղաւ հիմնարկութեան համար անհրաժեշտ դրամը։ Նախքան 1965 թուականը Թուրքիոյ մէջ ընկերային ապահովագրութեան դրութիւն մը գոյութիւն չունէր։ Այսպէսով թոշակառու դարձած ուսուցիչները աշխատանքէ զրկուելէ ետք կը մատնուէին տնտեսական ճգնաժամի։ Այդ իսկ պատճառաւ անհրաժեշտութիւն մըն էր անոնց ապրուստը ապահովելու միջոցներ ստեղծել։ Կրնանք ըսել որ այս անհրաժեշտութիւնը հիմնարկի ստեղծելուն գլխաւոր հրամայականը եղած է։ Յաջորդող տարիներուն հիմնարկը ստանձնեց ուրիշ առաքելութիւններ եւս։ Անոնց մէջ կարեւորագոյնն է դասագիրքերու հրատարակութիւնը։ Շատ երկար տարիներ տարբեր բնոյթի հայերէն դասագիրքերու հրատարակութիւնը մնաց Ուսուցչաց Հիմնարկի պատասխանատուութեան։ Հազիւ քանի մը տարի է որ Կրթութեան Նախարարութիւնը բոլոր դասագիրքերու կողքին ստանձնած է նաեւ հայոց վարժարաններու մէջ օգտագործուած հայերէն դասագիրքերու տպագրութիւնը։ Ի տարբերութիւն մեր հայ հիմնարկներէ, Ուսուցչաց Հիմնարկը հանրապետութեան օրէնքներու սահմանով հիմնուած ըլլալուն, իրաւունք ունի կալուածներ ստանալու։ Այսպէս բազմաթիւ բարերարներ իրենց կալուածները կտակած են մեր հիմնարկին, որոնց վարձքի եկամուտով կ՚ապահովենք մեր ծախսերը։ Մօտաւորապէս 70-80 համալսարանական ուսանողներու կրթաթոշակ կը տրամադրենք։ Նախընտրութիւնը կու տանք ուսուցչութեան ասպարէզի պատրաստուողներուն։ Անոնց համար հայերէնի ուսումը ալ աւելի զարգացնելու եւ խորացնելու միտումով դասընթացքներ կը կազմակերպենք։ Սակայն ցաւով յայտնեմ, թէ ուսուցչութեան թեկնածուները արժանի կերպով չեն գիտակցիր այդ դասերու կարեւորութեան։ Օրինակի համար 25 հոգիով սկսած դասընթացքին քանի մը շաբաթ ետք հազիւ հինգ հոգի կը հետեւի։ Անընդունելի է այս ընթացքը, քանի որ անոնց մայրենիի գիտելիքը շատ տկար է եւ մենք իրենցմէ պիտի սպասենք հայ աշակերտներու հայեցի դաստիարակութիւնը։ Վերջին երեք տարիներուն այս դասընթացքներուն յարատեւ շարունակողները սկսած ենք Վենետիկի մէջ Հայր Լեւոն Զէքիեանի կազմակերպած հայերէն խտացեալ դասընթացքներուն ուղղարկել։ Ի վերջոյ հայ վարժարանի մէջ ուսուցչագործել մտածողը ստիպուած է համայնքէ ներս կազմակերպուած մշակութային բոլոր միջոցառումներուն մասնակցիլ, ստիպուած է հայերէն թերթ կարդալու։ Սիպուած է հայերէն գրականութեան թափանցելու։ Ես ցաւով պիտի ըսեմ որ դժբախտաբար նոր սերունդի ուսուցչութեան թեկնածուները առհասարակ հեռու են այս բոլորէն։ Հիմնարկի առաքելութիւններէն մէկն է երախտագիտութեան արտայայտութիւնը է։ Երախտապարտ ենք վաստակաւոր ուսուցիչներուն։ Սովորութիւն եղած է ամէն տարի հիմնարկի հիմնադիրներէն Տոքթ. Շահնուր Շահէնի տարելիցը նշել Ղալաթիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Անոր ջանքերով է որ 1965-ին, 258 ուսուցիչներ ուսուցչագործելու վկայական ստացան։ Եթէ այդ հոգեհանգստեան պատարագին մէկ հատ իսկ ուսուցիչ ներկայ չէ, մենք ինչպէս կրնանք խօսիլ երախտագիտութեան մասին»։
Կը զգանք որ Մարիամ Տրամերեան կը տանջուի համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներու ծանրութեան տակ։ Սակայն ան տակաւին պատմելիքներ ունի իր վարած հաստատութեան մասին։
«25 տարի է որ Տիկին Նուարդ Պոյաճեանի ջանքերով կը հրատարակուի -Ժպիտ- մանկական հանդէսը։ Անցնող տարիներու ընթացքին բազմաթիւ գիրքեր հրատարակեցինք։ Իսկ այժմ կը պատրաստուինք Տիար Եդուարդ Գովանի հեղինակած նոր բառարան մը լոյս ընծայելու։ 6 հազար գիրքերով օժտուած գրադարան մըն ալ ունինք, որ դրուած է հասարակութեան տրամադրութեան»։ Այս ըսելով նախադասութիւնը կ՚աւարտէ հիասթափուած՝ «Մեր մօտ գրադարանի մշակոյթը անհետացեր է»։