Այստեղ ենք Աղբարիկ

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

«Եթէ ոչ հատն ցորենոյ անկեալ յերկիր մեռանիցի, ինքն միայն կայ, ապա եթէ մեռանի­ցի, բա­զում ար­դիւնս առ­նէ»: (Եթէ ցո­րենի հա­տիկը հո­ղի մէջ ընկնե­լով չմեռ­նի, ինք միայն կը մնայ, բայց եթէ մեռ­նի, բա­զում ար­դիւնք կու տայ):

Յով­հաննու Աւե­տարան 12։24

Ցորենի հա­տիկ մըն է Հրանդ Տինք։ Բեր­րի հո­­ղին վրայ ին­­կած ցո­­րենի հա­­տիկ մը։ Խա­­ղաղու­­թիւն, սէր, եղ­­բայրու­­թիւն գո­­վեր­­գող այդ հա­­տիկը հո­­ղին ին­­կաւ եւ մին­­չեւ օրս բա­­զում ար­­դիւնք կ՚առ­­նէ։

Մարդ էր Հրան­­դի ինքնու­­թիւնը։ Եւ սիր­­տը խիղճ։ Ինքնու­­թիւն, որ բաց էր հա­­մայն աշ­­խարհի մարդկու­­թեան եւ սիրտ, որ վի­­րաւոր էր բո­­լորին տա­­ռապան­­քով։ Այ­­սօր բիւ­­րա­­­ւոր սիր­­տեր եկած են այդ մեծ սիր­­տը ող­­ջունե­­լու։

Յու­­նո­­­ւարի 24-ն է 2016 թիւ։ Օրե­­րէն Կի­­րակի եւ բո­­լորս մէկ­­տե­­­ղուած ենք Լիւթֆի Քըր­­տա­­­րի անո­­ւան ըն­­դարձակ դահ­­լի­­­ճի մէջ։ Բո­­լորին սրտե­­րը նոյն կշռոյ­­թով կը տրո­­փէր՝ «խա­­ղաղու­­թիւն բո­­լորին հա­­մար», «սէր բո­­լորին հան­­դէպ»։ Բե­­մին վրայ տաս­­նեակ­­նե­­­րով մարդ կազմ եւ պատ­­րաստ են քեզ պի­­տի փա­­ռաբա­­նեն Պա­­րոն։ Այս գի­­շեր Հրանդ Տինք Օրա­­թօրիայի Պոլ­­սոյ մէջ առա­­ջին ունկնդրու­­թիւնն է որ կը կա­­յանայ։ Մա­­ժակ Թօ­­շիկեանի յօ­­րինումն է՝ բա­­ռերը Պեր­­ճուհի Պէր­­պէ­­­րեանին։ Երեք գե­­ղաձայն մե­­նակա­­տար­­նե­­­րը քեզ կ՚եր­­գեն իրենց ձայ­­նի բո­­լոր քնքու­­շութեամբ։ Պեր­­ճուհի Պէր­­պէ­­­րեանի խօս­­քե­­­րը ճիշդ ալ քու միտքդ կը ցո­­լաց­­նէ։ Քա­­նի բե­­մը կը դի­­տեմ ալ աւե­­լի կը ոգե­­ւորո­­ւիմ հրճո­­ւանք կը պա­­տէ հո­­գիս։ Լու­­սա­­­ւորիչ Երգչա­­խումբ իր խմբա­­վարով յի­­սու­­նէ աւե­­լի կ՚երե­­ւին։ Անոնց հետ միասին նո­­ւագա­­խումբի քա­­ռասու­­նէն աւե­­լի հա­­շուող կազ­­մը։ 11 հա­­տուած­­նե­­­րէ կը բաղ­­կա­­­նայ Մա­­ժակ Թօ­­շիկեանի Օրա­­թօրիօն։ Երեք գե­­ղաձայն մե­­նակա­­տար­­ներ բե­­մին վրայ։ Վեր­­նա­­­բամբ Պօ­­ղոս Եղիեազար, զիլ Գա­­րին Չու­­պուքճեան Պօզ­­քուրթ եւ բամբ Սէր­­ճան Կա­­զէրօղ­­լու իրենց արո­­ւես­­տին նկատ­­մաբ տա­­ծած յար­­գանքին հա­­մազօր յար­­գանք կը ցու­­ցա­­­բերեն քե­­զի նկատ­­մամբ։ Բո­­լորս կը նշմա­­րենք անոնց յար­­գանքը իրենց աչ­­քե­­­րուն մէջ։ Պաս կի­­թարա­­հար Արէտ Խրի­­մեան, հա­­րուա­­ծային գոր­­ծիքնե­­րով Ար­­տա Ու­­յար, դաշ­­նա­­­կահար­­ներ Արէտ Պոզ­­թաշ եւ Ժու­­լիա Դա­­ւիթ, թոն­­մայսդր Էօմէր Գա­­րակիւ­­զէլ նոյն հպար­­տութիւ­­նը կը կի­­սէին։ Նա­­զելի հան­­դի­­­սավար Գա­­րոլին Մա­­միկո­­նեան միաս­­նա­­­բար կը ձայ­­նէին քեզ՝ «հոս ենք աղ­­բա­­­րիկ»։

Քեզ­­մով նշե­­ցինք Մխի­­թարեան Սա­­նուց Միու­­թեան 70 ամեակը։ Քեզ­­մով, քու ըն­­տա­­­նիքով եւ մեզ­­մով, մենք 1.700 հանդիսատեսերով։