Իսթանպուլահայ երաժշտական կեանքի մէջ վերջին տարիներու բացառիկ յայտնութիւնն է Մաժակ Թօշիկեանի յօրինած «Հրանդ Տինք Փօփ Օրաթորիօ»ն։ Երգչախումբի, սիմփոնիկ նուագախումբի եւ մենակատարներու համար յօրինուած այս ծաւալուն գործի խօսքերը գրած է թերթիս աշխատակիցներէն Պերճուհի Պէրպէրեան։
Բեմային այս ծաւալուն ստեղծագործութեան առաջին ներկայացումը կայացած էր Երեւանի մէջ։ Այժմ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան, Լուսաւորիչ Երգչախումբի 50 անդամներու եւ սիմփոնիկ նուագախումբի աւելի քան 40 նուագածուներու հետ տարած ժրաջան աշխատութիւնով կը պատրաստուի Իսթանպուլեան առաջին ներկայացումին։
Ինչպէս Երեւանեան ներկայացումը, Իսթանպուլի այս կալա համերգն ալ կ՚իրականանայ հանրածանօթ բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորութեամբ։
Իսկ նման բովանդակալից համերգ մը կը կարօտի կազմակերպչական լուրջ աշխատանքի։ Այդ աշխատանքը վստահուած է Մխիթարեան Սանուց Միութեան, որ հիմնարկութեան 70 ամեակին զուգադիպող այս միջոցառումին համար իր շարքերէն ներս կազմած է յատուկ յանձնախումբ մը։ Միութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճու երգահան Մաժակ Թօշիկեանի, խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի եւ կազմակերպիչ յանձնախումբէն Արթիւր Գազարի ընկերակցութեամբ «Ակօս» կատարած այցելութեան ընթացքին ներկայացուց նաեւ յանձնախումբի անդամները։ Այդ կազմին մէջ կը տեսնենք՝ Աննա Թուրայ, Արսէն Քովան, Արթիւր Գազար, Այգ Թահմինճիօղլու, Հրանդ Քալաթաշ, Լեւոն Պաղըշ, Լուիզ Պաքար, Մասիս Աբէլեան, Նաժտա Շատեան, Ռէհան Սարըպայ, Սարվէն Սահակեան եւ Սոնա Մէնթէշէ անունները։
Հրանդ Տինք Օրաթորիայի Իսթանպուլեան ներկայացումը յատուկ յուզում մը կը պատճառէ երգահան Մաժակ Թօշիկեանին։ «Ի վերջոյ Հրանդին ապրած, շնչած քաղաքն է այս։ Այս քաղաքին մէջ հիմնեց «Ակօս»ը, այս քաղաքին մէջ ամուսնացաւ, այս քաղաքին մէջ պայքարեցաւ իր գաղափարներուն համար։ Անհամար գաղափարակից ընկերներ ունի այստեղ։ Այս բոլորին բերմամբ յատուկ արժէք մը կը ներկայացնէ Իսթանպուլեան ներկայացումը։ Երանի պայմանները յարմար ըլլային եւ ներկայացում մըն ալ կարենայինք կատարել իր ծննդավայր Մալաթիոյ մէջ» կ՚ըսէ Մաժակ Թօշիկեան։
Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան նախապէս վայելած է երկու մենակատարներու՝ Պօղոս Եղիազարեանի եւ Սէրճան Կազէրօղլուի այս գործին մէջ ցուցաբերած յաջողութիւնը։ Խմբավարը հիմա նոյն յաջողութիւնը կ՚ակնկալէ մեներգչուհի Գարին Չուպուքճեան Պօզքուրթէն։
24 Յունուար Կիրակի երեկոյ «Լիւթֆի Քըրտար» համերգասրահին մէջ կայանալիք այս եզակի համերգի տոմսերը արդէն մօտեցած են սպառման փուլին։