Անոնք որ բախտաւոր էին, ու կրցած էին ներկայ ըլլալ Վարուժանի Պոլիս առաջին վերադարձին, հաւանաբար չեն մոռցած այդ աստղալից գիշերը։ Անոնք կը յիշեն թէ ինչպէս սրահը… ոչ. չէր ցնծացած, այլ լռած էր։ Վարուժան վերադարձած էր Շիշլի Քէնթ, այժմ կը վերադառնայ Պաքըրգիւղ, Տատեան Վարժարան, ու Ուրբաթ, Յունուար 22-ին, ժամը 20։30-ին, ու կը հանդիպի հանդիսատեսին հետ։
Վարուժան կը վերադառնայ իր քերթուածներով, տիպարներով, կենսագրականով, յարաբերութիւններով, նկարներով ու աւելին։ Վարուժան կը վերադառնայ նոր սերունդի շրթունքներէն ու անոնց լուսապայծառ դէմքերուն վրայ։ Հարցուցէ՛ք անոնց, որոնք ներկայ էին Վարուժանի առաջին վերադարձին, բոլորն ալ պիտի համաձայնին, որ Վարուժան մեր մէջ էր, հոն էր, սրահը։
Կեդրոնական Վարժարանի տանիքին տակ պատրաստուած, վարժարանի ուսուցիչներու աշխատանքով ի մի բերուած, ու աշակերտութեան բուռն աշխատասիրութեամբ յաջողութեան հասած ներկայացումը, ոչ միայն մեզ կը տանի Վարուժանին, ու Վարուժանը կը բերէ մեզ, այլ կը յիշեցնէ, թէ ճիշդ ինչն է, որ մեզ կը պակսի։