ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
baruyr@agos.com
Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին 12 Յունուար Երեքշաբթի իր պատմութեան բացառիկ օրերէն մէկը ապրեցաւ։ Անատոլուի տարածքին գործող սակաւաթիւ եկեղեցիներէն մէկը հանդիսացող այս տաճարը տարին հազիւ մէկ անգամ, անուան տօնախմբութեան առթիւ կը հիւրընկալէ հաւատացեալ ժողովուրդը, եւ մնացեալ օրերուն կը մատնուի իր տխուր լռութեան։
Եկեղեցւոյ մէջ մէկ շաբաթուայ յապաղումով Սուրբ Ծննդեան տաղաւարի Ս. Պատարագի մատուցումը միայն մէկ պատճառ ունէր, Եոզղատ ապաստանած 19 հայ գաղթական ընտանիքներու հոգեւոր սփոփանք մատուցել։ «Ակօս»ի անունով այս միջոցառման հետեւելով տեղւոյն վրայ տեսայ թէ բոլորովին արդարացած է Պատրիարքարանի այս հովուապետական նպատակը։ Արդարեւ ներկայ ժողովուրդը հոգեկան մեծ գոհացում վայելած են արարողութեան ընթացքին։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ մասնակցած են երգեցողութիւններուն։ Նախապէս այս ընտանիքներու հետ ծանօթանալու համար Եոզղատ գացած Տէր Տրդատ Քահանայի վկայութեամբ, այս պատարագը առիթ հանդիսացաւ այլ հարեւան քաղաքներ ապաստանած հայ ընտանիքներու յայտնաբերման համար։ Օրինակի համար տօնական ամենաշքեղ տարազներով եկեղեցի ժամանածներու մէջ էր Սարգիս Մուշլուեան, որ երկու տարիէ ի վեր ընտանիքին հետ միասին Կեսարիա կը բնակի։ «Մեր նախնիները Կեսարիայէն են։ 1915-ին Պաղտատ հաստատուած։ Եկեղեցւոյ դիմատետրի (Facebook) էջին միջոցաւ լսեցի այս արարողութիւնը եւ իսկոյն եկայ» կը պատմէ Մուշլուեան։
Իսկ Արամ Մկրտիչեան Ամասիայէն եկած էր։ Իրմէ կ՚իմանանք որ այդ քաղաքին մէջ չորս հայ ընտանիքներ են դէպի Գանատա գաղթի համար սպասողները։
Խիստ գնահատելի է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի հայազգի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերած հայրախնամ հոգածութիւնը։ Գիտենք որ Պատրիարքական Աթոռը բացի հոգեւոր սփոփանք ապահովելէ, մարդասիրական ու դիւանագիտական հզօր աշխատութիւն կը տանի պատերազմի բերմամբ գաղթի ճամբան բռնած իր որդիներուն բազմաբնոյթ գործերը դիւրացնելու ուղղութեամբ։