Թրքահայ Ուսուցչաց Միութիւնը արժեւորելով ժամանակի ընձեռած օրինական առիթները, 1965-ին ծնունդ տուաւ Ուսուցչաց Հիմնարկին։ Այս հաստատութիւնը Հանրապետական Թուրքիոյ իրավիճակին մէջ հիմնուած առաջին հիմնադրամն (վաքըֆ) է։ Ան ի տարբերութիւն Ուսուցչաց Միութենէն, իրաւասու էր նուիրատուութիւն գանձելու, յատկապէս ալ կտակուած կալուածներ ստանալու։
Այս տարի հիմնարկը արդէն բոլորած է իր հիմնարկութեան Ծ. ամեակը։ Դիտումնաւոր կերպով կ՚օգտագործենք հայատառ թուարկութեան մէջ 50-ի փոխանակող Ծ. տառը, իբր ողջոյն այս յոբելեար տարիի խորհրդանիշը յղացող Մինաս Օֆլազի։
Այս պահուն մեր սեղանին դրուած է 50 ամեակին նուիրուած յուշամատեանը։ Շուրջ 100 էջերէ բաղկացող այս հրատարակութեան մէջ նշուած են հիմնարկութենէն ցայսօր պաշտօն ստանձնած վարչութեան անդամները եւ ատենապետները։
Յուշամատեանը կը բացուի Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի «Հայրական խօսք Ուսուցչաց Հիմնարկի յիսնամեակին առթիւ» խորագրեալ գրութիւնով։ Ապա կը հանդիպինք հիմնարկի ներկայ վարչութեան պատգամին, որուն կը յաջորդեն Արա Կարմիրեանի, Ռոպէր Հատտէճեանի, Վարդ Շիկահերի եւ Արամ Գամպուրեանի ողջոյնի խօսքերը։
Ապա յատուկ բաժիններով կը ծանօթացուին հիմնարկի կրթական, հրատարակչական, ընկերային գործունէութիւնները, կազմութեան շրջանին մասին վկայութիւններ եւ այլ նիւթեր։
Յիշենք որ Ուսուցչաց Հիմնարկը կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն յատուկ հանդիսութեամբ յիշատակել իր հիմնարկութեան 50 ամեակը։