Ի մի բերելով համրիչի հատիկները

Հայրե­նակ­ցա­կան միու­թիւննե­րու կա­րեւո­րագոյն առա­քելու­թիւնը ըլ­լալ կը թուի հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րու մի­ջեւ հա­ղոր­դակցու­թեան կա­պերը ամ­րապնդել։ Հայ ժո­ղովուրդին իրո­ղու­թեան մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն կա­րեւո­րագոյն պա­հանջն էր մաս­նա­հատուած ըն­տա­նիք­նե­րու բե­կոր­նե­րուն իրար գտնե­լու մար­մա­ջը։ Նոյ­նիսկ եթէ տա­րինե­րու ըն­թացքին այս խիստ կա­րեւոր ծա­ռայու­թեան անհրա­ժեշ­տութիւ­նը նուազած ըլ­լայ, սե­րունդներ միշտ կա­րիքը ու­նին իրենց երկրա­ցինե­րու հետ շփուելու։ Ար­դա­րեւ Սե­բաս­տիոյ Հա­յոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւնն ալ հիմ­նարկու­թե­նէն ան­մի­ջապէս ետք շրջա­գայու­թիւններ կա­տարեց դէ­պի նախ­նեաց եր­կիր, գո­նէ մին­ջեւ այ­սօր իր հայ­րե­նի երկրի մէջ գո­յու­թիւնը պա­հած ազ­գա­կից­նե­րու հետ շփուելու հա­մար։ Միու­թիւնը քա­նի ան­գամներ նոյն նպա­տակով ընթրիք­ներ եւ նա­խաճաշ­եր կազ­մա­կեր­պեց Իս­թանպու­լի մէջ, որոնց շնոր­հիւ նախ­կին սե­բաս­տա­ցիներ հա­ղոր­դուեցան իրար հետ։ Այս ծի­րէն ներս, միու­թիւնը շրջա­գայու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պեց դէ­պի Փա­րիզ, ուր վեր­ջին տա­րինե­րուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են մեծ թի­ւով նախ­կին սե­բաս­տա­ցի հա­յեր։ Այս գո­րծըն­թա­ցը գլուխ հա­նելու հա­մար անոնք հա­մագոր­ծակցե­ցան Փա­րիզի միու­թեան հետ։ Ար­դա­րեւ մօտ 150 նախ­կին սե­բաս­տա­ցինե­րու մաս­նակցու­թեամբ կա­յացաւ ընթրիք մը Իսի­ լի Մու­լի­նոյի Մայր Աս­տուածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ։ Այս հա­ւաքոյ­թին ներ­կայ էր եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Տէր Աւե­տիս Քա­հանայ Պա­լըքեան եւ ծխա­կան խոր­հուրդի ատե­նապետ Հայ­կազ Կէօր­տէ­պաք։ Մէկ­տե­ղուան առ­թիւ ելոյթ մը ու­նե­ցաւ Իս­թանպու­լի մէջ հիմ­նուած Սե­բաս­տիոյ Հա­յոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան ատե­նապետ Սե­պուհ Քո­չաք։ Քո­չաք իր ելոյ­թին մէջ նշեց այս տե­սակի հան­դի­պումնե­րուն կա­րեւո­րու­թիւնը եւ ան­գամ մը եւս շեշ­տեց այն իրո­ղու­թիւնը, որ հայ ժո­ղովուրդը այ­սօր կը նմա­նի համ­րի­չի հա­տիկ­նե­րուն եւ իրենց պար­տա­կու­թիւնն է ամէն ջանք ի գործ մըն է այդ հա­տիկ­նե­րուն մէկ­տեղման հա­մար։ «Այս հրա­մայա­կանը մեզ կը պարտադրէ ճամբորդել աշխարհի տարբեր ծագերուն որպէսզի համրիչի հատիկ մը իսկ անտէր չմնայ օտարութեան մէջ»։