Պարթեւի համերգը ձօնուած դարադարձին

Շաբաթ­ներ առաջ ար­ձա­գան­գած էինք Պար­­թե­­­ւի մօ­­տալուտ հա­­մեր­­գը։ Կոչ ըրած էինք 30 Նո­­յեմ­­բե­­­րին մէկ­­տե­­­ղուե­­լու հա­­մար։ Ձեզ­­մէ ով որ այդ կո­­չը տես­­նե­­­լով «նոյն վայրն է, նոյն Պար­­թե­­­ւը, նոյն Առա­­գաս­­տը, ու­­րեմն հա­­մերգն ալ նոյն է» խոր­­հե­­­լով հրա­­ժարե­­ցաւ, գիտ­­ցած թող ըլ­­լայ որ մեծ բան կորսնցուց։ Ճիշդ է, նոյն դահ­­լիճն էր։ Երա­­նի շատ աւե­­լի մեծ դահ­­լի­­­ճի մէջ տաս­­նա­­­պատիկ ժո­­ղովուրդ լսէր այդ հա­­մեր­­գը։ Բայց ար­­դեօք այդ ատեն պի­­տի գա­­յի՞ք։ Պի­­տի լսէի՞ք մեր գու­­սաննե­­րուն, աշուղնե­­րուն հա­­րազատ եր­­գե­­­րը։ Պի­­տի բաժ­­նէի՞ք մեր հա­­րիւ­­րա­­­մեայ կսկի­­ծը։ Ո՜վ իմ հա­­մայնք, ո՜վ պոլ­­սա­­­հայու­­թիւն, այդ օր մենք մէկ­­տե­­­ղուած էինք, հա­­պա դուն ո՞ւր էիր։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Ո՞ւր էիր Աս­­տուած

«Ո՞ւր էիր Աս­­տուած երբ ար­­դա­­­րու­­թեան աչ­­քե­­­րը կա­­պուեց

Ո՞ւր էիր Աս­­տուած երբ շուրթե­­րին ազ­­գիս աղօթ­­քը սա­­ռեց

Ո՞ւր էիր Աս­­տուած երբ փրկու­­թեան կան­­չով եր­­կինքը ցնցուեց

Լուռ էիր Աս­­տուած երբ խա­­չերին գա­­մուած աղօ­­թում էինք ամէն»։

Մեր ժա­­մանակ­­նե­­­րու կա­­րեւո­­րագոյն երա­­ժիշտնե­­րէն Ար­­թիւր Մես­­չեանի եր­­գէն քա­­ռեակ մըն է որ կ՚ըն­­դօ­­­րինա­­կեմ։ Ոմանք յա­­խուռն կը գտնեն այս բա­­ռերը, ոմանք ըմ­­բոստ, իսկ ոմանք ալ մե­­ղաւոր։ Մինչդեռ եր­­գի ան­­մե­­­ղու­­թիւնը ար­­դէն պա­­հուած է այդ միակ բա­­ռի՝ «ամէն»ի մէջ։ Մես­­չեան ի դէմ բո­­լոր հիաս­­թա­­­փու­­թեան, կրկին աղօթ­­քով կ՚աւար­­տէ իր խօս­­քը։

Այս էր Պար­­թե­­­ւի առա­­ջին կա­­տարու­­մը։ Յա­­ջոր­­դեց «Տէր Ողոր­­մեայ», հայ ժո­­ղովուրդի սրտէն բխած հա­­ռաչան­­քը Աստծուն։ Այդ պա­­հուն խնկա­­վառու­­թիւն կա­­տարուեցաւ բե­­մին վրայ։ Դահ­­լի­­­ճը լցուեցաւ խունկի բուրմունքով։ Եւ մենք խունկի քու­­լա­­­ներուն մէջ վեր­­յի­­­շեցինք մեր ան­­մեղ զո­­հերը, Սրբա­­դասուած նա­­հատակ­­նե­­­րը ազ­­գիս հա­­յոց։ Սփո­­փիչ էր Սա­­հակ Պար­­թեւ Կա­­րեանի բե­­մը։ Հա­­ղոր­­դուեցանք մեր գեր­­դաստան­­նե­­­րուն մե­­զի ան­­ծա­­­նօթ նախ­­նեաց հետ։

«Կի­­լիկիա» եր­­գով վեր­­յի­­­շեցինք մեր եր­­բեմնի թա­­գաւո­­րու­­թիւնը։ Այդ թա­­գաւո­­րութեան փառ­­քի օրե­­րը։ «Ցան­­կամ տես­­նել զիմ Կի­­լիկիա» կ՚ըսէր եր­­գը։ Մենք այդ տո­­ղերով յի­­շեցինք եր­­բեմնի բնօր­­րաննե­­րը՝ Եոզ­­ղա­­­տը, Սե­­բաս­­տիան։ Իրաւ ձեր բնօր­­րա­­­նը ո՞ւր է…

«Հա­­յու Աչեր», խնդրեմ այս եր­­գի անու­­նը չըլ­­լայ որ դի­­տէք պարզ ցե­­ղապաշ­­տութեան մը ըն­­կա­­­լու­­մով։ Հա­­յու թախ­­ծոտ աչ­­քե­­­րուն մէջ ամ­­բողջ ժո­­ղովուրդի մը ող­­բերգու­­թիւնը դրոշ­­մուած է։ Եւ մենք դա­­տապար­­տուած ենք Արա­­րատին միայն մէկ երե­­սին նա­­յելու։ Ան մեր կա­­րօտն է, մեր երա­­զը ան­­հա­­­սանե­­լի։

Բայց ու­­նինք վե­­րածաղ­­կած հայ­­րե­­­նիք, սա­­րերն ու ձո­­րերը ծաղ­­կած հայ­­րե­­­նիք մը, որը մեզ ներ­­կա­­­յացուց խոստմնա­­լից երգչու­­հի մը՝ Մա­­րալ Չա­­փան Ադա­­ման։ Ան ար­­դէն յայ­­տագրի սկիզ­­բէն կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէր Պար­­թե­­­ւի եր­­գին, իսկ այս մե­­նակա­­տարու­­մով փաս­­տեց իր կա­­տարո­­ղական կա­­րողու­­թիւնը։

Սա­­հակ Պար­­թեւ Կա­­րեան հայ եր­­գի նուիրեալ մըն է։ Կա­­րելի է ըսել գոր­­ծիչ մը։ Իր առա­­քելու­­թիւնն է ծա­­ռայել հայ եր­­գին։ Նոյն հա­­ղոր­­դել իր ժա­­մանա­­կակից­­նե­­­րուն եւ այս առա­­քելու­­թիւնը կի­­րար­­կե­­­լու պա­­հուն ալ կը փոր­­ձէ երաժշտու­­թեան տար­­բեր ոճե­­րէն օգ­­տուիլ։ Հա­­մեր­­գին մէջ նո­­րու­­թիւն էր չորս փո­­ղային գոր­­ծիքնե­­րու ըն­­կե­­­րակ­­ցութիւ­­նը Առա­­գաստ խումբին։ Ար­­դա­­­րեւ ալ­­թօ եւ թե­­նոր սաք­­սա­­­ֆոն­­նե­­­րու կող­­քին լսե­­ցինք, թրոմ­­պոնն ու թրոմ­­փէ­­­թը, որոնց նուագակ­­ցութեամբ տօ­­նական մթնո­­լորտ կը տի­­րէր յատ­­կա­­­պէս Սա­­յաթ Նո­­վայի եր­­գե­­­րու կա­­տար­­ման պա­­հուն։ Որ­­քան ու­­րա­­­խալի էր տես­­նել որ դա­­րերու փո­­շին չէ կրցած մա­­շեց­­նել հա­­յոց մեծ աշու­­ղի այդ հա­­րազատ եր­­գե­­­րը։ Սա­­յաթ Նո­­վան կը դի­­մադ­­րէ ժա­­մանա­­կի քան­­դիչ ազ­­դե­­­ցու­­թեան եւ կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր կեն­­սունա­­կու­­թիւնը խօս­­քը հասցնե­­լով այ­­սօ­­­րուայ երի­­տասար­­դութեան։

Արի Հեր­­կե­­­լի եւ Ռո­­պէր Տո­­ղանա­­յի դաշ­­նա­­­ւորումնե­­րով ալ աւե­­լի գե­­ղեց­­կա­­­ցած հայ եր­­գը հետզհե­­տէ ոգե­­ւորեց երի­­տասար­­դութիւ­­նը եւ ար­­դէն ազ­­գագրա­­կան եր­­գե­­­րու շա­­րանին մէջ գո­­յացան շուրջպա­­րեր։ Երբ այս եզա­­կի հա­­մեր­­գի աւար­­տին կը պատ­­րաստուէինք դահ­­լի­­­ճէն դուրս գա­­լ մեր մտքե­­րուն մէջ զա­­նազան նոր պատ­­կերներ կը թռչէին։ Նախ եւ առաջ ան­­համբեր յու­­զումով պի­­տի սպա­­սէինք երգչու­­հի Մա­­րալ Չա­­փան Ադա­­մանի նո­­րահաս ալ­­պոմը։ Այս շնոր­­հա­­­լի մե­­նակա­­տարու­­հին մեր ու­­շադրու­­թիւնը գրա­­ւեց իր ձիր­­քե­­­րով, որու պատ­­ճա­­­ռաւ ալ բարձր պի­­տի ըլ­­լայ մեր ակնկա­­լու­­թիւնը։ Պար­­թեւ Կա­­րեան ան­­գամ մը եւս յաղ­­թա­­­նակով դուրս եկաւ իր իսկ յա­­րու­­ցած դժուար յաղ­­թա­­­հարե­լի մե­նամարտէն։