Յաւերժ է գաւառի գրականութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Աւե­լի քան 16 դա­րերու գրա­ւոր աւան­դութիւն մը ու­նե­ցող հա­յերէն գրա­կանու­թեան մէջ ու­րոյն տեղ կը կազ­մեն գա­ւառի գրա­կանու­թեան նմոյշնե­րը։ Այսպէս կո­չուած գրա­կան պա­տումնե­րուն առա­ջին ան­գամ կը հան­դի­պինք հայ ըն­կե­րային կեան­քի մէջ պանդխտու­թեան իրո­ղու­թեան յայտնու­թիւնով։ Աւան­դա­բար գիւ­ղատնտե­սական մշա­կոյ­թով իր ապ­րուստը շա­րու­նա­կող հայ ժո­ղովուրդը նոր հար­կադրու­թիւննե­րուն դի­մաց ուղղուեցաւ նաեւ ար­հեստնե­րու եւ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Այս նոր դրու­թեան ըն­թացքին հար­կադրուեցաւ պե­տու­թեան ծանր հար­կե­րը մու­ծե­լու։ Հո­ղը ինքնին բա­ւարար չէր այդ պար­տա­կանու­թիւնը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար։ Ի վեր­ջոյ հայ շի­նարա­րը հար­կադրուեցաւ մաճն ու արօ­րը թո­ղելով պանդխտու­թեան դառն ճամ­բան բռնե­լու։ Աշ­խա­տան­քի այդ ծանր պայ­մաննե­րուն մէջ բազ­մա­թիւ շէ­ներէ ներս ապ­րուեցաւ ծանր ող­բերգու­թիւններ, որոնց հե­տեւան­քով ալ գո­յացաւ պան­դուխտի գրա­կանու­թիւն։ Երկկող­մա­նի ազ­դակ ու­նի այս գրա­կան ոճը։ Մէկ կող­մէն պան­դուխտը կը տա­ռապի հայ­րե­նաբաղ­ձութեան ախ­տով, միւս կող­մէ ետին թո­ղածը կը տա­ռապի կա­րօտախ­տով։ Պանդխտա­վայ­րը շատ ան­գամ Պո­լիսն է, մեծ քա­ղաքը, որ պի­տի շլաց­նէ իր գիւ­ղի սահ­մաննե­րէն դուրս ապ­րում չտե­սած հայ մի­նու­ճա­րի ուշքն ու միտ­քը։ Այսպէս տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ քայ­քա­յուե­ցան, բազ­մա­թիւ դժբախտներ ճա­շակե­ցին ան­տէ­րու­թեան պատ­ճա­ռած զրկան­քը։ Ղա­րիպի քա­նի՞ շի­րիմ­ներ կան Իս­թանպու­լի պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նատու­նե­րուն մէջ, ոչ ոք պի­տի կրնայ պա­տաս­խա­նել, եթէ ոչ այն նոյն ղա­րիպ­նե­րու զրկան­քը եր­գող գրա­կանու­թիւնը։ Գրա­կանու­թեան զու­գա­հեռ երաժշտու­թիւնն ալ ար­տա­յայ­տուեցաւ պանդխտու­թեան ող­բերգա­կան պա­տումնե­րով։ Այ­սօր մա­նաւանդ ալ ներ­կայ պայ­մաննե­րու մէջ, երբ հա­յերէն գրա­կանու­թիւնը թարգմա­նու­թիւննե­րու մի­ջոցաւ հետզհե­տէ տե­սանե­լի կը դառ­նայ թուրքիացի ըն­թերցող­նե­րու զու­գա­հեռա­բար, կը խոր­տա­կուի նաեւ լոկ ժո­ղովուրդնե­րը իրա­րու դէմ գրգռե­լու մի­տու­մով հնա­րուած հա­յերու հա­րուստ ըլ­լա­լու վար­կա­ծը։ Ըլ­լայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րինե­րուն, ըլ­լայ յա­ջոր­դող հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին իշ­խա­նու­թիւննե­րը միշտ սի­րեցին երկրի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հա­րուստ եւ կե­ղեքիչ ըլ­լա­լու պատ­մութիւ­նը։ Այդպէ­սով փոր­ձե­ցին հա­սարա­կու­թեան մէջ դա­սակար­գա­յին օտա­րացում մը ծա­ւալել եւ այսպէ­սով ալ ժո­ղովուրդնե­րը իրա­րու օտա­րաց­նել եւ նոյ­նիսկ թշնա­մաց­նել։ Այժմ գա­ւառի գրա­կանու­թեան թարգմա­նու­թիւնը կը ջրէ այդ կարծրա­տիպը եւ թրքե­րէնով ըն­թերցող­ներն ալ վերստին կը ծա­նօթա­նան հայ իրո­ղութեան հետ։ Այս առու­մով ամե­նավառ օրի­նակը կը հան­դի­սանայ գիւ­ղա­գիր Յա­կոբ Մնձու­րիի իր ծննդա­վայ­ր՝ Արմտա­նը բնու­թագրող պա­տումնե­րը։ Շա­տեր Երզնկա­յի այս գա­ւառին մա­սին պատ­կե­րացում ու­նե­ցան մեր մեծ գիւ­ղա­գիրի մի­ջոցաւ։ Ան թէ պատ­մած էր գա­ւառի առօ­րեան եւ թէ դիւ­թեղ տո­ղերով նկա­րագ­րած էր Պոլ­սոյ մէջ պանդխտնե­րու առօ­րեան։ Չէ որ ինք ալ իր հօր, հօ­րեղ­բօր եւ եղ­բայրնե­րուն հետ կ՚աշ­խա­տէր Պէ­շիք­թա­շի հա­ցափու­ռը։ 1970-ական թուական­նե­րուն հա­մատա­րած հա­մոզում մըն էր Յա­կոբ Մնձու­րին «վեր­ջին գիւ­ղա­գիր» հա­մարե­լու հաս­տա­տու­մը։ Ապա հրա­պարակ իջաւ մի այլ գիւ­ղա­գիր՝ Մկրտիչ Մար­կո­սեան։ Մար­կո­սեան կը պատ­կա­նէր ցե­ղաս­պա­նութեան յա­ջոր­դող սե­րունդին եւ կը պատ­մէր Հան­րա­պետա­կան Թուրքիոյ մէջ Տի­յար­պէ­քիրի հա­յերուն ապ­րածնե­րը։ Բո­լորո­վին ներ­քին դի­տում մըն էր այս, որ իր սե­փական տու­նէն, իր ապ­րած փո­ղոց­նե­րէն ծա­ւալե­լով կ՚ընդլայ­նէր դէ­պի Տի­յար­պէ­քիր քա­ղաքը։ Այս ան­գամ քիւրտերն էին որ գրա­կանու­թեան մի­ջոցաւ պի­տի առե­րեսուէին իրենց երկրի ան­ցեալին հետ։ Անոնք ալ շատ եր­կար տա­րիներ հա­յը որ­պէս քրիս­տո­նեայ մատ­նած էին օտա­րի դիր­քին, բայց հի­մա այդ օտա­րու­թե­նէն կը վե­րաքա­ղէին հա­մաքա­ղաքա­ցիներ, հա­մաերկրա­ցիներ ամ­բողջ սե­րունդ մը, որուն բա­ցակա­յու­թեան մէջ իրենք ալ կա­րեւոր պա­տաս­խա­նատուու­թիւն ու­նե­ցան։ Ապա հոլո­վոյ­թը դարձեալ շա­րու­նա­կուե­ցաւ եւ այս ան­գամ Մար­կո­սեանին հետեւեցաւ Գրի­գոր Ճէյ­հան։ Հոգ չէ թէ Ճէյ­հան կը գրէր ոչ թէ հա­յերէ­նով, այլ տե­ղական լե­զուով, բայց պատ­մածնե­րը նոյնն էին՝ պան­դուխտի եր­գը։ Պանդխտու­թիւն, օտա­րու­թեան մէջ ու­ծա­ցում եւ հայ­րե­նի երկրի նկատ­մամբ կա­րօտ։ Հի­ւան­դութեան աս­տի­ճանով կա­րօտ, այ­սինքն կա­րօտախտ։

Ի՛նչ զար­մա­նալի, այդ նոյն կա­րօտախ­տը հայ­րե­նի երկրէն պո­կուե­լով Ֆրեզնոյի մէջ կ՚եր­գեր բա­ղիշե­ցի Ու­լիեամ Սա­րոյեան, Նիւ Եոր­քի մէջ վա­նեցի նկարիչ Ար­շիլ Կոր­քի կամ Իս­թանպու­լի մէջ արմտան­ցի Մնձու­րի, զա­րացի Գրի­գոր Ճէյ­հան եւ տի­յար­պէ­քիր­ցի Մկրտիչ Մար­կո­սեան։ Մի­թէ որ­քա­նո՞վ տար­բեր է 86 ամեայ Օն­նիկ Տինքճեանի եր­գա­ցան­կը Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ։ Կամ նոյնպէս Ար­թօ Թունչպո­յաճեանի կա­տարումնե­րը։ Կաս­կած չկայ որ հայ­րե­նաբաղ­ձութիւ­նը եւ կա­րօտախ­տը դեռ եր­կար տա­րիներ պի­տի զբա­ղեց­նէ հայ գրա­կանու­թիւնը եւ երաժշտու­թիւնը, քա­նի դեռ տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի հայ շի­նարա­րի հայ­րե­նի երկրէն հե­ռանա­լու երե­ւոյ­թը։ Մենք վա­ղը պի­տի ըն­թեռնենք Ղա­միշ­լիէն կամ Քո­պանիէն, Արաբ­փու­նարեան Ֆրան­սա հաս­տա­տուած Վրէ­ժի կամ Ճա­նոյի կա­րօտը։ Հա­յաս­տա­նը լքե­լով Ռու­սաստա­նի խոր­քե­րը գաղ­թած, ռմբա­կոծուած Հա­լէպէն մա­զապուրծ փրկուած հա­յոր­դի­ներու ող­բերգու­թիւնը։

Երա­նի կան­խա­տեսու­մը ճիշդ ըլ­լար եւ Յա­կոբ Մնձու­րի մնար մեր «վեր­ջին գիւ­ղա­գիրը»։