«Գոհար» ողողեց Պէյրութը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Ակօս»ի նախորդ թիւով նկատի ունեցած էինք «Գոհար երգչախումբ եւ սիմ­փո­նիկ նուագա­խումբի» մօ­տալուտ հա­մերգնե­րը, անդրա­դար­ձած էինք այս խումբի հիմ­նադրու­թեան եւ մե­րօրեայ իրա­կանու­թեան մէջ ներ­կա­յացու­ցած իմաս­տին։ Յօ­դուա­ծը աւար­տած էինք խոս­տա­նալով հա­մերգնե­րուն մա­սին ալ տպա­ւորու­թիւն փո­խան­ցել։ Ար­դա­րեւ Հինգշաբ­թի 29 Հոկ­տեմբեր առա­ւօտ, «Մի­ջին Արե­ւել­քի Օդա­յին Գի­ծերու» ինքնա­թիռը մօտ եր­կու ժա­մուան թռիչ­քով մեզ հաս­ցուց Պէյ­րութ։ Դեռ Ռէ­ֆիք Հա­րիրի օդա­կայա­նէն սկսանք շնչել այս իւ­րա­յատուկ քա­ղաքի կա­­խար­­դա­­­կան ձգո­­ղու­­թիւնը։ Կ՚երե­­ւի առա­­ջին հեր­­թին տպա­­ւորուած էինք օդա­­կայա­­նի բազ­­մութեան զա­­նազա­­նու­­թե­­­նէն։ Խառ­­նի­­­ճաղանճ եր­­թե­­­ւեկու­­թիւն մը կը տի­­րէ Պէյ­­րութի փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ։ Ճա­­շարան­­նե­­­րը ընդմիշտ բազ­­մա­­­մարդ են։ Ան­­մի­­­ջապէս աչ­­քի կը զար­­նէ փո­­ղոց­­նե­­­րու եզ­­րին կու­­տա­­­կուած աղ­­բա­­­կոյ­­տե­­­րը։ Ճա­­շարան­­նե­­­րու եւ սրճա­­րան­­նե­­­րու մէջ յատ­­կա­­­պէս կի­­ներու քա­­շած շունչով կլկլա­­ցող նար­­կի­­­լա կամ շի­­շանե­­րը, անոնց ար­­ձա­­­կած թանձր մու­­խը, այս բո­­լորով գո­­յացած հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը խիստ հրա­­պու­­րիչ են։ Հա­­յանուն մեծ առեւ­­տուրի կեդ­­րոննե­­րը, խա­­նութնե­­րը կամ ար­­հեստա­­նոց­­նե­­­րը իս­­կոյն մեր ու­­շադրու­­թեան կը բա­­խին։ Ան­­ցարգելքնե­­րով շրջա­­պատուած են Հզպուլլա­­հի թա­­ղամա­­սերը։ Պուրճ Հա­­մու­­տի նեղ­­լիկ փո­­ղոց­­նե­­­րը շրջե­­լու պա­­հուն տե­­ղացի­­ներ բա­­ցատ­­րութիւն կու տան քա­­ղաքա­­կան պա­­տերազ­­մի տա­­րինե­­րուն այս թա­­ղի սահ­­մաննե­­րուն մա­­սին։ Քրիս­­տո­­­նեայ թա­­ղամա­­սերու ամէն ան­­կիւնա­­դար­­ձին կը յայտնուին շքեղ եկե­­ղեցի­­ներ։ Իս­­լամ թա­­ղամա­­սերը զար­­դարուած են արա­­բական ոճի մզկիթ­­նե­­­րով։ Այս բո­­լորը միաս­­նա­­­բար կը գո­­յաց­­նեն Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի այս եզա­­կի քա­­ղաքին իւ­­րա­­­յատուկ պատ­­կե­­­րը։ Առա­­ջին քա­­նի մը ժա­­մերու այս տպա­­ւորու­­թե­­­նէն ետք կ՚ուղղուինք հա­­մեր­­գի սար­­քուած վայ­­րը՝ «Ֆո­­րում Տը Պէյ­­րութ»։ Քա­­ղաքի այս հսկայ շի­­նու­­թիւնը իրա­­կանու­­թեան մէջ միայն չորս պա­­տերէ կը բաղ­­կա­­­նայ։ Տա­­րած­­քը վար­­ձողներ իրենք կը դա­­սաւո­­րեն այդ տա­­րած­­քը օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լու յար­­մա­­­րու­­թիւնը։ «Գո­­հար»ի հա­­մերգնե­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պիչներն ալ մեծ ճար­­տա­­­րու­­թեամբ կազ­­մած էին 60 մեծ եր­­կա­­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցող բե­­մահար­­թակ մը եւ 2.200 ունկնդիր ընդգրկող թրի­­պու­­նա։ Առա­­ջին հեր­­թին ու­­շագրաւ էր խիստ կազ­­մա­­­կեր­­պուածու­­թիւնը։ Բազ­­մա­­­թիւ երի­­տասարդներ դահ­­լի­­­ճի մուտքէն կը դի­­մաւո­­րէին հան­­դի­­­սատես­­նե­­­րը, որոնք հա­­մեր­­գի բարձր որա­­կին հա­­մապա­­տաս­­խան շքե­­ղու­­թեամբ ալիք առ ալիք կը մօ­­տենա­­յին ըն­­դունա­­րան։

Ող­­ջոյն Արամ Խա­­չատու­­րեանով

Խիստ ճշդա­­պահու­­թեամբ, յայ­­տա­­­րարուած ժա­­մուն սկսաւ հա­­մեր­­գը։ «Գո­­հար» խումբի նա­­խորդ բո­­լոր հա­­մերգնե­­րուն նման այս ան­­գամ ալ մնջակա­­տար Համ­­լէթ Չո­­պանեան եկաւ բե­­մի կար­­ծեցեալ վա­­րագոյ­­րը բա­­նալու։ Դար­­ձեալ «Գո­­հար»ի հա­­մերգնե­­րու աւան­­դութիւնն է յայ­­տա­­­գիրը սկսիլ Արամ Խա­­չատուրեանի «Գա­­յանէ» պա­­լէէն վալ­­սի պա­­րեղա­­նակով։ Տպա­­ւորիչ էր գո­­յացած պատ­­կե­­­րը իր ճո­­խու­­թեամբ, քա­­նի որ բե­­մին վրայ այդ պա­­հուն տեղ գրա­­ւած էր 66 նուագա­­ծու­­ներ եւ 61 եր­­գիչ-երգչու­­հի­­­ներէ բաղ­­կա­­­ցած երգչա­­խումբը։ Այս հսկայ կազ­­մը կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէր 16 մե­­նակա­­տար­­նե­­­րու։ Իսկ այս պա­­հուն բե­­մայար­­դա­­­րու­­մի ճար­­պիկ մտայ­­ղա­­­ցու­­մով մը բե­­մը կը վե­­րածուի Երե­­ւանի օփե­­րայի դահ­­լի­­­ճին։ Բիւ­­րե­­­ղեայ ջա­­հեր կա­­խուած են առաս­­տա­­­ղէն, իսկ ոս­­կե­­­զօծ նախ­­շե­­­րով օթեակ­­նե­­­րը մեզ կը տա­­նին ար­­քա­­­յական ապ­­րումի։

Չորս օրե­­րու իրե­­րայա­­ջորդ հա­­մերգնե­­րու ըն­­թացքին հնչե­­ցին՝ Ալեք­­սանտր Աճե­­մեանի, Գու­­սան Շե­­րամի, Գու­­սան Շա­­հինի, Էտ­­կար Կան­­ճումեանի, Գու­­սան Աշո­­տի, Ռա­­ֆաէլ Աբ­­րա­­­համեանի, Էլ­­վի­­­նա Մա­­կարեանի, Ար­­մէն Ման­­դա­­­կու­­նեանի, Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի, Տիգ­­րան Չու­­խա­­­ճեանի, Սա­­յաթ Նո­­վայի, Պետ­­րոս Զէյ­­թունցիի, Ալեք­­սէյ Հէ­­քիմեանի, Ցօ­­ղիկ Հա­­րոյեանի, Ռո­­պէրթ Ամիր­­խա­­­նեանի, Արամ Սա­­թեանի, Յով­­հաննէս Պա­­տալեանի, Հայ­­րիկ Ղա­­զարեանի, Աշոտ Բե­­կոյեանի, Գու­­սան Հայ­­կա­­­զու­­նի, Գու­­սան Ռազ­­վա­­­րի, Գու­­սան Մե­­խակի, Գէորգ Մա­­նասեանի, Ար­­մէն Մար­­տի­­­րոսեանի, Կե­­րասիմ Պետ­­րո­­­սեանի, Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետի, Մա­­րինէ Ալէ­­սի, Բար­­սեղ Կա­­նաչեանի, Ար­­տէ­­­մի Այ­­վա­­­զեանի, Գրի­­գոր Եղիազա­­րեանի, Գաբ­­րիէլ Երա­­նեանի, Աշուղ Մի­­ջազի, Միհ­­րան Տա­­մատեանի, Ալեք­­սանթր Սպեն­­տիարեանի, Ալեք­­սանթր Տո­­լու­­խա­­­նեանի, Գէորգ Էմի­­նի, Սա­­սուն Պաս­­կե­­­ւիչեանի, Ժո­­րա Յա­­րու­­թիւնեանի, Ներ­­սիկ Իս­­փիրեանի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րէն եւ ժո­­ղովրդա­­կան երաժշտու­­թե­­­նէն ընտրուած հա­­րիւր եր­­գեր։

Հայ երաժշտու­­թեան յօ­­րինումնե­­րու մէջ ար­­տա­­­կարգ հարստու­­թիւն մըն է նաեւ եր­­գե­­­րու խօս­­քե­­­րը։ Ար­­դա­­­րեւ «Գո­­հար»ի հա­­մերգնե­­րը բա­­ցի երաժշտա­­կան վա­­յելք մը ըլ­­լա­­­լէ հա­­յերէն գրա­­կանու­­թեան բա­­ցառիկ խնջոյ­­քի մը կը վերածուին։

Հայ երաժշտու­­թեան նոր աստղը՝ Նա­­թալի Գալստեան

«Գո­­հար»ի հա­­մերգնե­­րը մեր երաժշտու­­թեան կը պար­­գե­­­ւեն նաեւ նոր աստղ մը՝ խմբա­­վար Նա­­թալի Գալստեան։ Գալստեան աւար­­տած է Երե­­ւանի Կո­­միտա­­սի անուան երաժշտա­­նոցի տե­­սաբա­­նու­­թեան եւ խմբա­­վարա­­կան բա­­ժինը։ Վա­­րած է Հա­­յաս­­տա­­­նի Երաժշտա­­կան Ըն­­կե­­­րու­­թեան Արամ Տէր Յով­­հաննիսեանի անուան երգչա­­խումբը։ Հե­­տեւած է Երե­­ւանի Պե­­տական Երաժշտա­­նոցի Օփե­­րային-Սիմ­­փո­­­նիկ Նուագա­­խումբի խմբա­­վարու­­թեան մաս­­նա­­­գիտա­­կան դա­սըն­­թացքնե­­րուն։ Ան 2012-էն ի վեր «Գո­­հար» երաժշտա­­կան խումբին մաս կը կազ­­մէր իբ­­րեւ խմբա­­վար Սե­­պուհ Աբ­­գա­­­րեանի օգ­­նա­­­կան։ Աբ­­գա­­­րեանի մա­­հէն ետք Գալստեան ստանձնեց խմբա­­վարի պաշ­­տօ­­­նը եւ իր կա­­րողու­­թիւնն ալ փաս­­տեց Պէյ­­րութեան հա­­մեր­­գա­­­շարով։

Վե­­րեւ նշած էինք «Գո­­հար» երաժշտա­­կան խումբի ամուր կա­­ռոյ­­ցը։ Այդ կա­­ռոյ­­ցի սիւ­­նե­­­րը կը հան­­դի­­­սանան գե­­ղարուես­­տա­­­կան ղե­­կավար Գրի­­գոր Գու­­զի­­­կեան, գոր­­ծա­­­դիր տնօ­­րէն Ար­­զուման Յով­­հաննի­­սեան, պա­­րու­­սոյց Սու­­սան Մի­­քաէլեան եւ երգչա­­խումբի օգ­­նա­­­կան խմբա­­վար Ռու­­զաննա Շահ­­պա­­­րոնեան։

«Գո­­հար» կը սի­­րէ իր անու­­նին ներ­­քեւ օգ­­տա­­­գոր­­ծել «Բո­­լոր ժա­­մանակ­­նե­­­րու լա­­ւագոյն հա­­յրէն­­ներ» են­­թա­­­խորա­­գիրը։ Իրա­­ւացի է այդ բա­­ցատ­­րութիւ­­նը, քա­­նի որ հան­­դի­­­սատե­­սը այս մեծ խումբի կա­­տարումնե­­րուն կը հա­­ղոր­­դուի իրեն հա­­մար շատ հո­­գեհա­­րազատ երաժշտու­­թեան։ Սա­­կայն այդ ծա­­նօթ երաժշտու­­թիւնը ունկնդրին կը մա­­տու­­ցուի ամ­­բողջո­­վին նոր եռան­­դով ու ոգիով։ Այս նո­­րը ապա­­հովող հիմ­­նա­­­կան գոր­­ծօ­­­նը ծա­­նօթ եղա­­նակ­­նե­­­րու նոր գոր­­ծի­­­քաւո­­րումն է։ Խումբը այս ոլոր­­տէ ներս ալ ու­­նի երեք ամուր սիւ­­ներ՝ հան­­րա­­­ծանօթ եր­­գա­­­հան Մէ­­լիք Մա­­վիսա­­քալեան, Անդրա­­նիկ Ներ­­սի­­­սեան եւ Սու­­րէն Խա­­չատու­­րեան։

Ան­­ցեալի Համ­­լէթ Գէոր­­գեան, Ռա­­յիսա Մկրտի­­չեան, Վա­­հան Գրի­­գորեանի եւ այ­­լոց նման ծա­­նօթ մե­­նակա­­տար­­նե­­­րու տեղ, սերնդա­­փոխու­­թեամբ կազ­­մի մէջ եկած են՝ Սեր­­կէյ Սարգսեան, Էլ­­յա Թաշ­­ճեան, Արաք­­սիա Ամիր­­խանեան, Գէորգ Խա­­չատու­­րեան, Գրի­­գոր Աբ­­րա­­­համեան, Մէ­­րի Մնճո­­յեան, Դա­­ւիթ Խա­­չատու­­րեան, Լիան­­նա Թե­­ւոսեան, Սար­­գիս Աղա­­մալեան, Էտ­­կար Դա­­նիէլեան, Մար­­գար Եղիազա­­րեան, Մոնիքա Մա­­նու­­չա­­­րովա, Ար­­մէն Դա­­ւիթեան, Յաս­­միկ Թո­­րոսեան, Վար­­դան Պա­­տալեան եւ Հայկ Տիգ­­րա­­­նեան։ Հա­­մեր­­գա­­­շարը մե­­նակա­­տար­­նե­­­րուն հա­­մար ալ փոր­­ձի դաշտ մը հան­­դի­­­սացաւ ուրկէ մեծ յա­­ջողու­­թեամբ դուրս եկան բո­­լորն ալ։

Չորս հա­­մերգնե­­րուն ալ երկրորդ բաժ­­նին մէջ ծան­­րակշիռ էին ազ­­գայնա­­շունչ ֆէ­­տաիական եր­­գե­­­րը։ Յայտնի է որ ծրա­­գիրը մշա­­կող­­նե­­­րը նկա­­տի ու­­նե­­­ցած են սփիւռքա­­հայու­­թեան, յատ­­կա­­­պէս ալ լի­­բանա­­նահա­­յու­­թեան ազ­­գա­­­յին նա­­խասի­­րու­­թիւնը։ Սա­­կայն դահ­­լի­­­ճի վե­­րաբե­­րու­­մը դի­­տելով կա­­րելի է հա­­մոզուիլ որ այդ հա­­մոզու­­մը քիչ մը չա­­փազան­­ցուած էր։ Ի վեր­­ջոյ այս եր­­գե­­­րը իրենց բա­­ռերով մերթ ընդ մերթ ալ իրո­­ղու­­թիւն մը պար­­զե­­­լէ աւե­­լի, ցան­­կութիւն մըն է որ կը դրսե­­ւորեն։ «Քեզ յաղ­­թել չի լի­­նի իմ քաջ Գե­­տաշէն» եր­­գած պա­­հուն տո­­գորուիլ կա­­րելի է ան­­շուշտ, բայց պէտք է պահ մը մտա­­ծել թէ Գե­­տաշէ­­նը, ո՞ւր է այ­­սօր, Հա­­յաս­­տա­­­նի սահ­­մաննե­­րէ նե՞րս, թէ դուրս։ Հասկնա­­լի է, նա­­խակրթա­­րանի ու­­սա­­­նողը խրա­­խու­­սե­­­լու հա­­մար անհրա­­ժեշտ է քա­­ջագոր­­ծութիւննե­­րու առաս­­պելներ հիւ­­սել, բայց բո­­վան­­դակ ժո­­ղովուրդը նման առաս­­պելնե­­րով որ­­քա՞ն պի­­տի լո­­լոզենք։ Ի վեր­­ջոյ մե­­նակա­­տարը իր կուռ ձայ­­նով կը գո­­ռայ՝ «Է հէ՜յ ոտ­­քի հայ ժո­­ղովուրդ», բայց ժո­­ղովուրդը անդրդուելի կը մնայ իր աթոռ­­նե­­­րուն նստած։ Երկրորդ փոր­­ձին մե­­նակա­­տարը ձայ­­նի շեշ­­տը ալ աւե­­լի կը զօ­­րաց­­նէ ձեռ­­քի շար­­ժումով ալ ժո­­ղովուրդը ոտ­­քի կայ­­նե­­­լու հրա­­ւիրե­­լու հա­­մար, ափ­­սոս, հան­­դի­­­սատե­­սը կրկին ան­­հա­­­ղորդ կը մնայ։

Յան­­կարծ միջ­­նա­­­դարեան զի­­նուոր­­ներ կը խու­­ժեն դահ­­լիճ։ Անոնք կը պատ­­կե­­­րաց­­նեն Կի­­լիկեան թա­­գաւո­­րու­­թեան բա­­նակը։ Սա­­կայն վահաններուն վրայ գոր­­ծուած խա­­չերով կը նմա­­նին եւ­­րո­­­պացի խա­­չակիր ար­­շա­­­ւողնե­­­րուն։ Նոյն պա­­հուն երի­­տասարդները Կի­­լիկեան թա­­գաւո­­րու­­թիւնը խորհրդան­­շող դրօ­­շակ­­ներ բաժ­­նած են ժո­­ղովուրդին։ Այդ ալ ծա­­նօթ տե­­սարան է։ «Գո­­հար»ի նա­­խորդ հիւ­­րա­­­համերգնե­­րուն ալ պար­­զուած էր նոյն պատ­­կե­­­րը։

Պատ­­կա­­­նելու­­թեան գի­­տակ­­ցութիւ­­նը

Այս առու­­մով կա­­րելի է ըսել որ «Գո­­հար երգչա­­խումբ եւ սիմ­­փո­­­նիկ նուագա­­խումբը» պատ­­կա­­­նելու­­թիւններ ու­­նի։ Ան նախ կը պատ­­կա­­­նի Հա­­յաս­­տա­­­նի երկրորդ մեծ բնա­­կավայ­­րին՝ Կիւմրի քա­­ղաքին։ Իր նա­­խասի­­րու­­թիւնն է պատ­­կա­­­նիլ Կի­­լիկիոյ թա­­գաւո­­րու­­թեան։ Ին­­չո՞ւ չէ, «Գո­­հար» սե­­փակա­­նու­­թիւնն է նաեւ Տի­­կին Գո­­հար Խա­­չատու­­րեանի։ Չէ որ ան հիմ­­նուած է ի յար­­գանս իրեն։ Բայց այդ յար­­գանքը մա­­տու­­ցողնե­­րը, այ­­սինքն Տի­­կին Գո­­հար Խա­­չատու­­րեանի որ­­դի­­­ները, յատ­­կա­­­պէս ալ Յա­­րութ Խա­­չատու­­րեան, «Գո­­հար»ի սե­­փակա­­նու­­թիւնն է։ Այս նշա­­նաւոր գոր­­ծա­­­տէրը բա­­ռին բուն իմաս­­տով եւ մեծ մար­­դու վա­­յել հա­­մես­­տութիւ­­նով ծա­­ռան է այս խումբին։ Գի­­տակ­­ցութեան բարձր դրսե­­ւորում մըն է այս։ Գիտ­­նալ կա­­տարած բա­­րեգոր­­ծութեան իս­­կա­­­կան իմաս­­տը եւ գեր­­մարդկա­­յին աշ­­խա­­­տու­­թիւն տա­­նիլ, ստեղ­­ծուած գոր­­ծին ամե­­նաբարձր կա­­տար­­նե­­­րը նուաճե­­լուն հա­­մար։ Մենք հա­­մերգնե­­րու տե­­ւողու­թեամբ հե­տեւե­լով իր աշ­խա­տու­թեան, հա­մոզուեցանք որ Յա­րութ Խա­չատու­րեան հա­սարակ նուիրատուի մը, բարերարի մը սահմանումէն շատ աւելի վեր, նուիրեալ գործիչի մը վերաբերումով կը սատարէ «Գոհար»ին եւ կ՚ակնկալէ այդ նուիրումին արդարացումը։ Երանութեամբ հաստատենք որ խումբն ալ արժանի կերպով կ՚արդարացնէ իրմէ ակնկալուածը, մեծ ոգի եւ գիտակցութիւն ջամբելով բովանդակ հայաշխարհին։