Մենք եւ մեր մեռելները

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան վե­րիվայ­րումնե­­րը անըն­­­դունե­­­լի պատ­­­կերնե­­­րով կը ցնցեն հա­­­սարա­­­կական զգա­­­ցումնե­­­րը։ Բռնու­­­թիւնը, վայ­­­րա­­­­­­­գու­­­թիւնը եւ ոխը չեն գո­­­հանար երի­­­տասարդներ, կի­­­ներ, երա­­­խաներ սպան­­­նե­­­­­­­լով եւ կը դի­­­մեն սպան­­­նուած ան­­­շունչ մար­­­միննե­­­րը սրբապղծե­­­լու նող­­­կա­­­­­­­լի արար­­­քին։ Սպա­­­նուած կի­­­ներու ան­­­շունչ մար­­­մի­­­­­­­նը ամ­­­բողջո­­­վին մերկ վի­­­ճակով կը ցու­­­ցադրուի քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ։ Այդ պա­­­հուն կը նկա­­­րահա­­­նուի եւ տե­­­սանիւ­­­թը կ՚ուղղար­­­կուի լրա­­­տու գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թիւննե­­­րուն։ Կամ ալ ու­­­րիշ սպա­­ն­նուա­­­ծի մը դիակը կը կա­­­պուի զրա­­­հապատ ինքնա­­­շար­­­ժի մը եւ քաշ կը տրուի քա­­­ղաքի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րուն մէջ։ Նման երե­­­ւոյթնե­­­րը մարդկանց մտա­­­ծել կու տան մե­­­ռել­­­նե­­­­­­­րու իրա­­­ւունքնե­­­րուն մա­­­սին, որու հե­­­տեւան­­­քով Զմիւռնիոյ մէջ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պուեցաւ «Մենք Եւ Մեր Մե­­­ռել­­­նե­­­­­­­րը» խո­­­րագ­­­րեալ ասու­­­լիս մը։

Ասու­­­լի­­­­­­­սին մաս­­­նակցող­­­նե­­­­­­­րը այս խո­­­րագ­­­րի ներ­­­քեւ զե­­­կու­­­ցե­­­­­­­ցին մե­­­ռել­­­նե­­­­­­­րու դէմ ան­­­յարգան­­­քի զա­­­նազան օրի­­­նակ­­­ներ։ Երեք հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու, միասե­­­ռական­­­նե­­­­­­­րու «Քաօս-ԿԼ», ալէ­­­վինե­­­րու «Հա­­­ճը Պէք­­­թա­­­­­­­շը Վէ­­­լի» մշա­­­կոյ­­­թի կեդ­­­րո­­­­­­­նը եւ գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու հար­­­ցե­­­­­­­րով զբա­­­ղուող «Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու Կա­­­մուրջը» միու­­­թիւնը միաս­­­նա­­­­­­­բար կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած են այս ասու­­­լի­­­­­­­սը, որ կա­­­յացաւ Շա­­­բաթ, 24 Հոկ­­­տեմբերին, Զմիւռնիոյ «Քիւլթիւր Փարք» տա­­­րած­­­քին մէջ։ Հա­­­սարա­­­կական գոր­­­ծիչնե­­­րէ եւ երի­­­տասարդնե­­­րէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցած հե­­­տաքրքիր զան­­­գուած մը, օր­­­նի­­­­­­­բուն հե­­­տեւե­­­ցան երեք ան­­­ջատ նիս­­­տե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին ար­­­ծարծուած ելոյթնե­­­րուն։ Հարկ է նշել որ երե­­­ւոյ­­­թը ինքնին բա­­­ւական յու­­­զիչ էր, քա­­­նի որ զե­­­կու­­­ցողներ ամէն մէ­­­կը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէր իր պատ­­­կա­­­­­­­նելու­­­թեան ան­­­դամնե­­­րուն ուղղուած յետ-մա­­­հու տան­­­ջանքնե­­­րու օրի­­­նակ­­­ներ։

Մի­­­ջոցառ­­­ման բա­­­ցու­­­մը կա­­­տարեց Փրոֆ. Կէօք­­­չէն Ալփքա­­­յա, որ իր ելոյ­­­թին մէջ անդրա­­­դար­­­ձաւ սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան եւ օրէնսգիր­­­քի ան­­­շունչ մար­­­միննե­­­րու իրա­­­ւունքնե­­­րուն վե­­­րաբե­­­րեալ յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րուն։

Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պիչնե­­­րը մտադ­­­րած էին «միւ­­­սը» հա­­­մարուած­­­նե­­­­­­­րու ապ­­­րած փոր­­­ձութիւննե­­­րը տե­­­սանե­­­լի դարձնել։ Այդ պատճառով հրա­­­ւիրուած էին տար­­­բեր ազ­­­գութիւննե­­­րու, տար­­­բեր սե­­­ռային նա­­­խասի­­­րու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րու եւ տար­­­բեր հա­­­ւատ­­­քի հա­­­կումնե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րը։ Այս զա­­­նազա­­­նու­­­թիւնը մա­­­նաւանդ շեշ­­­տուած էր օրուան վեր­­­ջին մէկ­­­տե­­­­­­­ղու­­­մին, երբ զմիւռնիաբ­­­նակ յոյ­­­նե­­­­­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Թէոտո­­­րա Հա­­­ճու­­­տի, միասե­­­ռական­­­նե­­­­­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ Ալի Էրօլ եւ Կա­­­նիմէթ, Խա­­­ղաղու­­­թեան Մայ­­­րե­­­­­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Պէ­­­հիյէ Եալ­­­չըն, հա­­­յերու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեան, ղը­­­զըլ­­­պաշ ալէ­­­վի-պէք­­­թա­­­­­­­շինե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Էր­­­ճան Կէչ­­­մէզ, չբացայայտուած մարդասպանութիւններու զո­­­հերու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Սի­­նան Տէ­­միր­­քա­­­ն եւ նման անուններ առիթ ըն­ձե­ռեցին որ ներ­կա­ները մարդկու­թեան դէմ գոր­ծուած այս յան­ցագործութիւնները լսեն տարբեր տեսանկիւններէ։