ԺՈՒԼԻԱ ՔԻՒԹՆԱՌՕՂԼՈՒ
juliakutnaroglu@hotmail.com
22 Հոկտեմբերի երեկոյեան կեանքիս ամենահետաքրքրական փորձառութիւններէն մէկն էր, որ ապրեցայ։ Այդ փորձը ժամանակաւոր կերպով կուրանալ էր։ Կամաւոր կուրութիւն մըն էր այս։ Ես եւ ինձ նման շատեր լոյս արձակող կամ ցոլացնող բոլոր իրերը դուրսը թողեցինք եւ մտանք խոր մթութեան մէջ։ Ամբողջովին կորսնցուցինք մեր տեսնելու կարողութիւնը։ Տեսողութիւնը փոխարինեցինք լսողութեամբ։ Այսպէսով հետեւեցանք Մասիս Արամ Կէօզպէքի խմբավարութեամբ Պողազիչի Համալսարանի ճազային երգչախումբին, Վոլքան Աքքոչի խմբավարութեամբ «Սիրէնէ» խումբին, «Կրուփ Նար», «Կրուփ Հորիզոն» նուագախումբերուն, Արթիւր եւ Դալար Պաղտասարեան ամոլին կատարումներով ներկայացուած Կոմիտասեան երաժշտութեան։ Բագրատ Էսդուգեանն ալ Կոմիտասի կեանքէն դրուագներ փոխանցող վկայութիւններ արտասանեց։
Աւարտին զրուցեցինք միջոցառումի երաժշտական վարիչ Արթիւր Պաղտասարեանի հետ։ «Առաջին անգամ Կոմիտաս Վարդապետի մահուան 75 ամեակին նման միջոցառում մը կազմակերպուեցաւ Նուրի Քայայի նախաձեռնութեամբ։ Այդ տարի հանդիսատեսներուն թիւը աւելի նուազ էր, քան բեմ բարձրացող երաժիշտներու։ Տարուէ տարի հետաքրքրութիւնը բարձրացաւ։ Անցնող տարիներուն այս միջոցառումին մասնակցութիւն բերին բազմաթիւ արուեստագէտներ։ Անոնց մէջ կը յիշեմ Գուրգէն եւ Գէորգ Տապաղեանները, Կիւլայ Ասլանը։ Մանաւանդ Ասլան մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց Կոմիտասի կողմէ դաշնաւորուած «ազան»ի կատարումով»։
Յաջորդող Շաբաթ օր «Աչըք Ռատիօ» կայանէն սփռուող «Ռատիօ Ակօս»ի ժամուն հիւրն էր միջոցառումի հեղինակ Նուրի Քայա։ Այս համերգի մասին իր տպաւորութիւնները յայտնելէ ետք ան գոհունակութեամբ նշեց ներկաներու տպաւորութիւնը։ Միջոցառման ներկայ գտնուողներէն ոմանք նամակագրութեամբ փոխանցած էին իրենց տպաւորութիւնը, որ ինքնին խրախուսիչ էր միջոցառումը կազմակերպողի համար։
Օննիկ եւ Արա Տինքճեաններ
Նոյն օրերուն համերգի մը առթիւ Իսթանպուլ կը գտնուէին անուանի երաժիշտներ՝ Օննիկ եւ Արա Տինքճեանները։ «Քէնթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ սարքուած համերգին 86 ամեայ Օննիկ Տինքճեան աւելի քան երկու ժամ տեւող երգեցողութիւնով մեծ յուզում պատճառեց դահլիճը լեցնող հանդիսատեսին։ Ան հայկական բնաշխարհէն, յատկապէս Տիյարպէքիրէն, ժողովրդական երգերու հարուստ փունջ մը ներկայացուց ունկնդրին, մերթ խոր յուզումով, մերթ մեծ ոգեւորութիւն յառաջացնելով։
Արա Տինքճեանի ուտի ընկերակցութիւնը ալ աւելի կը ճոխացներ բեմի վրայ պարզուած պատկերը։ Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հանրածանօթ տուտուկահար Էրթան Թէքին, քանոնահար Սերքան Հալիլի, պաս կիթարահար Արի Հերկել։ Արի Հերկել իր մշակումներով ալ ծանօթ երաժիշտ մըն է, որ նախապէս զանազան առիթներով աշխատած է Արա Տինքճեանի հետ։ Նոյնպէս Էրթան Թէքին նախապէս բազում անգամներ ընկերակցած է Տինքճեանին։ Երաժիշտներու այս միասնութիւնով բարձրորակ համերգ մըն էր, որ կայացաւ Շիշլիի «Քէնթ» սրահին մէջ։