Ժուլիա Մութլույի կողմէ արտադրուած ազգային բնոյթով 100 տարազներ այս շաբաթավերջին Գերմանիոյ Էսլինկէն քաղաքին մէջ կը ներկայացուին տողանցքով մը։ Այս առթիւ Էսլինկէնի «Մարալ» միութեան վարչային Տիար Ստեփան Բարիլոյսեան խմբագրութեանս ուղարկած է նամակ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։
«1971-էն 2015 ամբողջ 44 տարի։ Այսօրուան նման կը յիշեմ Սիրքէճիի Կառատունէն գնացքին մեկնումի պահը։ Նոյնիսկ կը յիշեմ Քոմփարթմանի հոտը։ Անմիջական պիտանի բաներով լեցուած ճամպրուկ մը ունէի միայն։ Երկօրեայ ճամբորութիւնով հասանք Գերմանիոյ Թիւպինկէն քաղաքը։
Անցնող 44 տարիները ինչեր պարգեւեցին կամ ինչերէ զրկեցին զիս։ Կարծեմ այս հարցումը շատեր կը հարցնեն իրենք իրենց։
Համոզուած եմ որ նախ աւագ սերունդի նկատմամբ յարգանքը կորսնցուցինք։ Մեր սովորութիւնները եւ աւանդութիւնները մոռցանք։ Օտարացանք մեր չորս հազար տարուան մշակոյթին։ Մեծ մշակութային արժէք մը ստեղծած հայ ժողովուրդի անմշակ զաւակները դարձանք։ Կը զգամ որ քիչ մը ծանր են այս խօսքերը, բայց ափսոս որ իրաւ։ Կը տեսնեմ որ սփիւռքահայութիւնը օրըստօրէ կը նահանջէ, սփիւռքի անհատը կը մեկուսանայ, հետզհետէ աւելի ամուր պատեանի մը մէջ հեռու կը մնայ ընկերային կեանքէ։
1986-ին Էսլինկէնի հայերը հիմնեցին «Մարալ» միութիւնը։ Այս միութիւնը 29 տարի է որ համեստ աշխատութիւն կը տանի մշակութային գետնի վրայ։ Անցեալին միութիւնը ունէր երեք դասարաններ, ուսուցչուհի մը եւ երեք օգնական ուսուցիչներով օժտուած համակարգ։ Այսօր մէկ աշակերտ իսկ չկայ։ Ունէինք երեք ֆուտպոլային ակումբներ, որոնցմէ այսօրուան մնաց միայն քանի մը մարզիկ։ Այս բոլորը տեղի չգոյութիւնով կամ պիւտճէի սահմանափակութիւնով կարելի է՞ բացատրել։ Այս բոլորը զարտուղի գործօններ են։ խնդիրը մեր հետաքրքրութեան նուազումն է։ Ատենօք մեծ եռանդով մեր ձեռնարկածը այսօր այլեւս հետաքրքրական չեն թուիր։
Այս տարի Հայոց Մեծ Եղեռնի դարադարձը նոր հրամայական մը դրաւ մեր առջեւ։ Այսպէս Պատէն Վիւրթէնպէրկի հայ համայնքը եւ Էսլինկէնի «Մարալ» միութիւնը նախաձեռնած են Տիկին Ժուլիա Մութլույի կողմէ պատրաստուած տարազներու ցուցադրութեան։ Հարիւրամեակը ազգային հարիւր տարազներու ցուցադրութիւնով նշելու համար, Գերմանիա հրաւիրած ենք ձեռնարկին հեղինակ Ժուլիա Մութլուն եւ իր ութը գործընկերները։ Կ՚ակնկալենք թէ այս ձեռնարկը բացի Գերմանիա բնակող հայութենէ, Եւորպական զանազան երկիրներու մէջ բնակող հայերուն ալ ուշադրութեան արժանանայ։ Մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներուն մաս կը կազմեն տարազները, որոնց ցուցադրութիւնով այս մասին պատկերացում մը պիտի մատուցենք Եւորպայի հասարակութեան։
Այս մարտահրաւէրին ընդառաջ մեզ նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւնով գօտեպնդողներուն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ»։