Սեւ Ղուլ. Կիւմրին Թուրքիային կապող ստորգետնեայ ճանապարհը

ՅԱՍՄԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Կիւմրին հե­տաքրքիր երանքաւոր քա­ղաք ըլ­լա­լէն զատ, ու­նի ոչ պա­կաս հե­տաքրքրիր պատ­մամշա­կու­թա­յին կո­թող­ներ, որոնք բա­ւակա­նին գրա­ւիչ են օտա­րերկրա­ցինե­րու հա­մար։

Այդպի­սի վայ­րե­րէն մէ­կը Սեւ Բեր­դի, կամ ժո­ղովրդի լե­զուով ըսած Սեւ Ղու­լի կա­ռոյցն է, որը կա­ռու­ցուած է դե­ռեւս 1834-ին։ Բեր­դը կա­ռու­ցե­լու նա­խաձեռ­նութիւ­նը ռուսե­րուն եղած է։ Այն դի­տար­կուած է իբ­րեւ թուրքե­րու դէմ պա­տերազմ մղե­լու պա­րագա­յի կա­րեւոր ռազ­մա­կան հե­նակէտ Կով­կա­սի մէջ։ 1877-78թթ-ին ար­դէն, Պալ­քա­նեան պա­տերազ­մէն ետք ռուսե­րը կը գրա­ւեն Ղար­սի բեր­դը, որը կը դառ­նայ առաջ­նա­կարգ պաշտպա­նական բերդ, իսկ Ալեք­սանդրա­պոլի բեր­դը (Կիւմրին այս տա­րինե­րուն Նի­կոլայ Ա ցա­րի նա­խաձեռ­նութիւ­նով Ալեք­սանդրա թա­գու­հու պա­տուին կը վե­րանուանեն Ալեք­սանդրա­պոլ) կը դառ­նայ հրե­տանու պա­հես­տա­րան։

Բեր­դի տա­րած­քը զար­մա­ցու­ցած է հնա­գէտ­նե­րուն իր թաք­նուած հե­տաքրքրու­թիւննե­րով։ Այստեղ իրա­կանա­ցուած պե­ղումնե­րու ար­դիւնքին պար­զուած է, որ բեր­դը հնա­գիտա­կան յու­շարձան է՝ դամ­բա­րանա­դաշտ, որու տա­րած­քին յայտնա­բերուած գտա­ծօնե­րը կը պատ­կա­նին Ն.Ք. 8-6 դա­րերուն։ Բեր­դի մա­սին թե­րեւս ամե­նահե­տաքրքիր տե­ղեկու­թիւնը այն է, որ այն ու­նի ստոր­գետնեայ ու­ղի­ներ, որոնք, ըստ տա­րածուած խօ­սակ­ցութիւննե­րու, կը հաս­նին Թուրքիա։ Այս մա­սին պաշ­տօ­նական տե­ղեկու­թիւն ոչ մէկ տեղ չենք գտներ, բայց ժո­ղովուրդի մէջ տա­րածուած այս կար­ծի­քը սե­րունդէ սե­րունդ փո­խան­ցուած է։

Ու չնա­յած այն հան­գա­ման­քին, որ բեր­դը կը հան­դի­սանայ «Կու­մայրի» ար­գե­լոց-թան­գա­րանի պահ­պանման գօ­տիին մէջ գտնուող պատ­մութեան եւ մշա­կոյ­թի հան­րա­պետա­կան նշա­նակու­թեան յու­շարձան, այն վա­ճառուած է Կիւմրի քա­ղաքա­պետի որ­դիին, ով պատ­մամշա­կու­թա­յին այս յու­շարձա­նի տա­րած­քը պի­տի վե­րածէ գոր­ծա­րարու­թեան կեդ­րո­նի։ Տա­րած­քին կը նա­խատե­սեն կա­ռու­ցել հիւ­րա­նոցա­յին հա­մալիր, ճա­շաս­րահ, ջրա­ւազան, պատ­կե­րաս­րահ եւ այլն։ Սա կիւմրե­ցինե­րու միջեւ բա­նավէ­ճեր առաջ բե­րած եւ քննա­դատու­թիւննե­րու տե­ղի տուած է, բայց եւ այնպէս, պատ­մամշա­կութային այս կարեւոր տարածքը արդէն գործարարութեան կեդրոն դառնալու ճանապարհին է։

Ծանօթութիւն. Ղուլ բառը թրքերէն kule բառն է, որ կը նշանակէ աշտարակ։ Կիւմրեցիները Սեւ Բերդը յաճախ Սեւ Ղուլ կը կոչեն։