ԱԼԷՎ ԷՐ
alever50@gmail.com
Կեսարիա-Մալաթիա ճանապարհի կիսուն, գաւառ մը կայ, որուն մէջէն կը
հոսի Թոհմա առուն։ Կիւրիւնն է այդ։ «Ամառուան արձակուրդներուն, երբ օթօպիւսով Կիւրիւն կը վերադառնայի, ճամբուն որոշ մէկ հատուածը հասնելով կրնայի ենթադրել թէ քանի քիլօմէթր մնացած է տուն հասնելուս» կը պատմէ բարեկամս, յիշելով 50 տարի առաջուան իր ապրումները։ «Լեռներ, ձորեր յանկարծ սպիտակ կը դառնային։ Սպիտակ կրաքար էր ամէն կողմ»։
Աւանը այսօր ալ բոլորովին կանաչապատ է։ Տաշուած է բուսականութենէ զուրկ կրաքարը եւ այդ տաշուած տարածքին վրայ հինգ դար շարունակ, մարդու եւ անասունի մոխրաթաթախ աղբ թափուած։
Օսմանեան պարտքերուն փոխարէն պետութեան եկամուտը արտադրութեան պահուն, տեղւոյն վրայ գանձելու համար հիմնուած կազմակերպութիւն մըն է «Տույունու Ումումիյէ»։ Այդ կազմակերպութեան ֆրանսացի տնօրէն Վիթալ Քոյինէ 1890-ին կ՚այցելէ աւանը եւ այսպէս կը բնութագրէ ցորենի արտադրութիւնը՝ «Անատոլիայի ամենապարարտ ցորենի արտերը հոս կը գտնուին»։
Քոյինէ կը նշէ նաեւ «Շալի» կոչեալ Կիւրիւնի հիւսուածքը։
Կը վկայէ թէ այդ գործուածքը շատ թանկ կը գնահատուի անգլիական շուկայի մէջ։
Այս բոլորին հեղինակը, Ռայմոն Գէորգեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» հատորին մէջ աւան առ աւան, գիւղ առ գիւղ նշած Կիւրիւնի հայերն են, որոնց թիւը կը հասնէր 14 հազարի։ Գէորգեանի փոխանցած տեղեկութիւնով Մայիս-Օգոստոս 1915-ին, միայն չորս ամսուան մէջ այդ ժողովուրդը բնաջնջուեցաւ։ Յառաջադէմ մարդիկ փամփուշտահարուեցան տեղւոյն վրայ։ Կարաւաններով աքսորուածներն ալ ճամբու տեւողութեամբ նոյն ճակատագրին արժանացան առանց Տէր Զօր անապատը, նոյնիսկ Այնթապ հասնելու։ Գէորգեան կը նշէ նաեւ այդ ոճիրներու հեղինակները։ Աւունտուքզատէ Մեհմէտ եւ իր երեք որդիները, «Յատուկ Ծառայութեան» հրամանատար հարիւրապետ Իպրահիմօղլու Մեհմէտ, Իթթիհատականներու շրջանային վարիչներէն Իպրահիմպէյօղլու Տիլավէր, Մամօաղազատէ Էմին, Քէօսէահմէտզատէ Ապտուլլահ, Էմինպէյօղլու Մեհմէտ...
Այսօր Կիւրիւնի մէջ միայն մէկ հայ ընտանիք կայ։ «Կայ» ըսելն ալ վիճելի է, քանի որ ամառները կու գան, Թոհմա առուակին յարող իրենց պարտէզը կը մշակեն ու ապա Իսթանպուլ կը դառնան։
Երկու տարի առաջ, այդ հին բարեկամիս իրենց հետ նոյն փողոցը բնակող մէկ ազգականին միջոցաւ ճանչցայ կիւրիւնցի այս հայ ընտանիքը։ Քոյր ու եղբայր եւ իրենց մօրմէն բաղկացող ընտանիք մը։ Որդին Հրանդ Տինքին տարեկիցն էր, Կէտիքփաշայի որբանոցէն դասընկերը՝ Արթին։ Պատմեց Հրանդը, եղբայրները՝ Խոսրովը ու Երուանդը։ Պատմեց շաբաթավերջերուն իրենց այցելութեան եկող, ինք ալ Կիւրիւնցի հայրերնին Սարգիսը։ Կը յիշէր տղոց թեւերնին բացած, դէպի հայրերնուն վազելու պահը։
Այս տարի, Սեպտեմբերի սկիզբներուն երբ կրկին այցելեցի զիրենք, ալ աւելի նուազած էին։ Մայրերնին մահացած էր, քոյր ու եղբայր առանձին էին այլեւս։ Արթին այս այցելութեանս պատմեց պատմութեան շարունակութիւնը։
Յուլիս 1915, Կիւրիւնի մէջ աքսորը հասած է զանգուածային ոճիրի հանգրուանին։ Օր մը դուռը կը թակուի Թոհմա առուակին յարող մրգաստան պարտէզով տան։ Միջին տարիքով հայուհին՝ Զարիկ կը բանայ դուռը։ Տան տէրը, (որուն անունը չէ յիշուած ցարդ) վաճառական մըն է եւ շալէր վաճառելու համար կինը, որդին Կարապետ եւ դուստրը Հրանուհին Կիւրիւն թողելով մեկնած է Քոնիա։
Դրան առջեւ կանգնողը դիմացի մեծ տան տէրը Մեհմէտ Պէյն է։ «Շտապէ Զարիկ, հաւաքէ մանչդ, աղջիկդ, մեզի կ՚երթանք։ Փորձանքը մեծ է, հայոց ինչքերը պիտի բռնագրաւուին, իրենք ալ պիտի աքսորուին։ Դուն եւ աղջիկդ մեզի կը մնաք, տղադ ալ գիւղ կը տանիմ, հոն կը պահեմ։ Ամուսինդ մոռցիր, ան այլեւս այս կողմերը չի կրնար գալ»։ Զարիկ կը զարմանայ լսածներուն, բայց անվարան կը հնազանդի հարեւանին թելադրանքին։
Կը պատրաստէ տղաքը եւ ծածուկ կ՚անցնին դիմացի տունը։ Հարեւանը իր կինն ալ կը զգուշացնէ լուռ մնալու մասին։ Կարապետը կ՚առնէ ու կը մեկնի տունէն, «պատուհանին մօտ անգամ մի երթաք, ոչ ոք գիտնայ թէ հոս էք» խրատելով։
Բայց Զարիկ եւ Հրանուհի պատուհանէն կը դիտեն Մեհմէտ Պէյի կանխատեսումները։ Կը դիտեն իրենց ազգականներէն, ծանօթներէն բաղկացող կարաւաններուն Թոհմա առույի ափէն ճարահատ երթը։ Կարաւանները առուակի ափին զուգահեռ ճամբով դէպի Տարէնտէ, Էլպիստանը անցնելով Այնթապ պիտի հասնին։ Այնթապ հաւաքման կեդրոն է։ Բայց անոնցմէ շատեր թողունք Այնթապը, դեռ Էլպիստան իսկ չհասած դաժանօրէն սպաննուած են։ Սպաննուած ու ջրհորներ ու քարայրներ նետուած։ Կիւրիւնի Եազեուրտու գիւղի մօտակայքը այդպէս քարայր մը կայ։ Տեղացիներ «Սահչայի հոր» կը կոչեն այդ վայրը։ Բոլորին ծանօթ է, քանի որ մինչեւ այսօր այդ սպանուածներու դիակներուն մօտ ոսկի կը փնտռեն։
Զարիկ եւ Հրանուհի ահա այդպէս ամիսներ շարունակ ծածուկ-ծածուկ իրենց տունը դիտելով կը բնակին Մեհմէտ Պէյի տունը։ Վերջապէս օրերէն մի օր Մեհմէտ Պէյ Կարապետը իր հետ կը բերէ եւ կ՚աւետէ՝ «անցաւ, ալ տուն կրնաք վերադառնալ»։ Այս բարի լուրը լսելով Զարիկ սենեակին մէջտեղ կը փռէ ամիսներէ ի վեր վրան պարկած վերմակը ու կը սկսի քակել։ «Կրնակս ծակն ու ծակ եղաւ այս տոշակին վրայ» կը բամբասէ ինքն իրեն։ Քակած տոշակին մէջէն ոսկիներու բլուր մը դուրս կու գայ։
Մեհմէտ Պէյ չկրնար թաքցնել իր զարմանքը՝ «Ասոնք ի՞նչ են Զարիկ»։ Զարիկ կը պարզէ իրողութիւնը։ Ան նախապէս ալ լսած էր այս հետեւանքներու մասին։ Տան ոսկեղէնը հաւաքած իր հետ հոս բերած էր, հիմա ալ կը պատրաստուէր ետ տանելու։
«Ո՛չ» կ՚ըսէ Մեհմէտ Պէյ՝ «անցաւ ըսի բայց տակաւին իրավիճակը անստոյգ է։ Ոսկիները հոս մնան, եթէ ամէն ինչ խաղաղի այն ատեն կը բերեմ։ Արդէն կէսն ալ պէտք է հոս թողուս։ Այնքան ամիս խնամեցի ձեզ»։ Զարիկին իր ընտանիքի ոսկիները վերջին տեսնելն է այս։
Տարիները իրար կը յաջորդեն, Կարապետ նախ Հալէպ, ապա Հայաստան գացած է եւ հոն մահացած։ Կիւրիւնցի իսլամներուն «Փաքիզէ» անունը վայելեցուցած Հրանուհի, իր նման թուրի մնացորդաց մը եղող մալաթիացի կլայագործ Յովսէփի հետ ամուսնացած է։ Տարեցները տակաւին կը յիշեն Յովսէփի նուագած ջութակին քաղցրահունչ ձայնը։ Ունեցած են երեք աղջիկ զաւակներ՝ Լուսին, Ազնիւ եւ Էլիզ։ Արթին Ազնիւի որդին է։ Երրորդ դասարանէն սկսելով ամէն ամառ Կիւրիւն կ՚այցելէ եւ արձակուրդի օրերը կ՚անցնէ մեծ մօր Հրանուշի մօտ։ Դասագիրքերն ալ կը տանի իր հետ։
Յստակ չի յիշեր բայց երրորդ կամ չորրորդ դասարանի ամառուան արձակուրդն է։ Դասագիրքը կը սերտէ եւ Հրանուհի յանկարծ ուշքի կու գայ գիրքին մէջ Սեբաստիոյ համագումարը պատմող էջին վրայ խմբային լուսանկարը տեսնելով։ «Ան է, ինքն է» կ՚աղաղակէ։ Արթին շուարած է։ «Ո՞վ է» կը հարցնէ։ «մեզ հայոց աքսորէն փրկող, իր տան մէջ պահող մարդն է, Մեհմէտ Պէյն է։ Աստուած վկայ ինքն է»։
Հրանուհի տատիկին Մեհմէտ Պէյի նկարը տեսնալով զարմանալը այսքանով կը վերջանայ։ Ոչ մօրը Զարիկին գրաււած ոսկիները կը յիշէ, ոչ ալ ուրիշ բան։
Վերադարձին երբ կ՚անցնէի Սեբաստիոյ մէջէն, տեսայ որ բոլոր պողոտաները եւ հրապարակները այդ խմբանկարով զարդարուած են։ Կեդրոնը Մուսթաֆա Քէմալը նստած է եւ Հրանուշին մատնացոյց ըրած սպիտակ մօրուքով Մեհմէտ Պէյ ալ ճիշդ ետեւը։ Սեբաստացի պատմաբաններ վաղուց ճշդած են Մեհմէտ Պէյի ինքնութիւնը. «Պէյփընար գիւղէն Կիւրիւնի երեւելիներէն Էմինպէյօղլու Մեհմէտ Պէյ»։
Ռայմոն Գէորգեանի եւ բազմաթիւ թուրք պատմաբաններու կողմէ Կիւրիւնի աքսորին գլխաւոր պատասխանատուներէն համարուած Իթթիհատականներու շրջանային վարիչը։