«Գնանք հաց ուտելու»։ Հայաստանի մէջ այնքան կը կարեւորենք հացի առկայութիւնը, որ մի ամբողջ ճաշելու գործընթացը փոխարինած ենք «հաց ուտել» արտայայտութիւնով։
ՅԱՍՄԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
«Գնանք հաց ուտելու»։ Հայաստանի մէջ այնքան կը կարեւորենք հացի առկայութիւնը, որ մի ամբողջ ճաշելու գործընթացը փոխարինած ենք «հաց ուտել» արտայայտութիւնով։
2014թ-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին ներառուեց նաեւ հայկական լաւաշը։ Թերեւս այս գիտակցութիւնն է, որ մղած է հայերուն սոյն թուականի Օգոստոսի 23-ին մեր կարեւոր հոգեւոր կեդրոններէն Խոր Վիրապի մէջ կազմակերպել մի ամբողջ փառատօն՝ նուիրուած լաւաշին։ Հաց թխողները մասնակիցներուն ներկայացուցած են լաւաշի պատրաստման ճիշդ կարգն ու ձեւը, ցուցադրելով հացաթխման իրենց վարպետութիւնը։
Փառատօնի մասնակից Նունէ Յարութիւնեանը կը փաստէ, որ լաւաշի փառատօնը հերթական առիթ է, որ մենք տօնենք մեր արժէքներու եւ մշակոյթի հարստութիւնը։ -Ուրիշ ո՞րտեղ կարող էր լաւաշի փառատօն կազմակերպել, եթէ ոչ մեզ մօտ,- կը պատմէ Նունէն։
Հայկական լեռնաշխարհին մէջ հաց թխած են դեռեւս ՆՔ 3-2 հազարամեակներուն։ Այս մասին կը վկայեն Արտաշատի պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած աղորիքները ու թոնիրները։
Գետնափոր թոնրի մէջ պատրաստուած կերակուրները միայն հայերուն բնորոշ են։ Թոնրի կիրառումը հայերու մօտ կու գայ դեռեւս արեւապաշտութեան ժամանկներէն։ Այդ ժամանակ թոնիրը համարուած է արեւի խորհրդանիշը երկրի վրայ, անոր համար ալ հայ կանայք ամէն անգամ թոնրի մէջ բան մը պատրաստելու ժամանակ կռացած են, ինչ որ կը խորհրդանշէ խոնարհում աստուածութեան առջեւ։ Թոնիրը նախապէս տներու կեդրոնը եղած է եւ գաղտնիք չէ, որ հինէն հայ ընտանիքները մեծ գերդաստաններով ապրած են եւ թոնիրն է եղած այն վայրը, որու շուրջ համախմբուած է ընտանիքը՝ օճախը։