Ձուկիկ, ձուկիկ, սո՛ւրբ ձուկիկ

ՕՔՍԱՆԱԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Մի գիւղ կայ՝ Լեզք է անու­նը, քան­զի այստեղ, ասում են՝ Շա­միրա­մի յա­րալէզ­նե­րը մեր Արա Գե­ղեցի­կին մե­ռած մար­մի­նը լզեր եւ կեն­դա­նացու­ցեր են։ Ան կը գտնուի Հա­րաւա­յին Հա­յաս­տա­նում՝ Վա­նի թա­գաւո­րու­թեան նախ­կին տա­րած­քում եւ սահ­մա­նակից կ՚ըլ­լար Ասո­րիքին։ Լեզ­քի մօտ մի բարձր բլուր կայ, ուր բե­ւեռագ­րե­րով քա­րեր լե­ցուն են։ Այն հնուց ան­տի սրբա­վայր է, ուր մեր օրե­րում հին պղնձէ կեն­դանյաց փոք­րիկ ար­ձաններ գտնուեցան։ Գա­գաթին Ամե­նափրկիչի մա­տուռն է, ուր ուխտի կ՚եր­թա­յին։ Մեր­ձա­կայ­քում թոն­րա­ձեւ աղ­բիւրի ջրհորն է, որ Սուրբ Թո­նիր կը կո­չեն, ուր յա­ճախ գնա­ցող­ներ կա­յին. շա­տերուն իբ­րեւ ուխտա­տեղի, ոմանց ալ հե­տաքրքրե­լի։ Մի­միայն մէկ ձուկ կ՚երե­ւի այդ ջու­րին մէջ, եւ որին որ կ՚երե­ւի, անոր բախտն ու ուխտը կը կա­տարուի։ Ան կնոջ կեր­պա­րանք ու­նի, ար­ծա­թէ օղն ալ յուր քթին ան­ցուցած՝ կը տես­նուի տա­կաւին։ Երէց­կին է եղեր դա, կին կա­րի գե­ղեցիկ. երբ նստած թոն­րի շուրթն հաց կը թխէ, աղ­քատ մը կու գայ, հաց կ՚ու­զէ, կու տայ։ Գի­նի կ՚ուզէ, կու տայ։ Թշուա­ռակա­նը կը հա­մար­ձա­կի նաեւ պագ մը ու­զե­լու. երէց­կի­նը կը վա­րանի, բայց կը մտա­ծէ, թէ աղ­քատ թե­մար­զու է. ի՞նչ կայ, մե՛ղք է, գու­ցէ վարձք է, պագն ալ կու տայ։ Եւ յան­կարծ նոյն վայրկեանին երէ­ցը ներս կը մտնէ. երէց­կի­նը ամօ­թէն ու ահէն ինքզինքն կը ձգէ ի թո­նիր կրա­կին մէջ, տէր­տէրն ալ զինքն ի վրէն։ Բայց տէր­տէ­րը կը մրկի, իսկ երէց­կի­նը՝ կրակն ջուր դառ­նա­լով, ինքն ալ ձուկ, Աստծու հրա­ման­քով յա­ւիտե­նական յի­շատակ կը մնայ նոյն տեղ։

Սրբա­զան ձկնե­րի մա­սին այս տե­սակ զրոյցներն ու հա­ւատա­լիք­նե­րը մե­զանում ցարդ կը հա­րատե­ւէն։ Պատ­մուել են ե՛ւ Տա­րոնի Մեղ­րա­գետի ակունքի վե­րաբե­րեալ, ե՛ւ Բարձր Հայ­քում (Էրզրում), ե՛ւ Արա­րատեան նա­հան­գում, ե՛ւ Սիւ­նի­քում… Ասոնք աղերս կը ձգեն Դեր­կե­տոյ-Սե­միրա­մէսի ասո­րական առաս­պե­լի հետ։

Յի­շենք եւս մէկ գե­ղեցի­կը. Ղու­կա­սեան գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ ներ­քե­ւում եր­կու աղ­բիւր կայ, որ Զո­րաւոր կը կո­չեն։ Դրան­ցից մէ­կում մինչ 1960-ական թթ. երեք ար­ծա­թագոյն կարմրա­խայտ կը բնա­կէին։ Ձկներն ազատ կը լո­ղային աղ­բիւրի մէ­ջը եւ ոչ ոք չէր դիպ­չի անոնց, զի սուրբ կը հա­մարուէին։ 1930-ական­նե­րին Քի­յենց գեր­դաստա­նից մէ­կի տա­նը երե­խեք գի­շերը կը ծա­րաւին։ Մայ­րը կու գնայ աղ­բիւրէն ջուր կը բե­րէ, երե­խեք կը խմին ու կը քնին։ Կի­նը երազ կը տես­նայ, իբր ձկնե­րը գա­լով նրան հար­ցում կա­նեն՝ ին­չո՞ւ մեզ այստեղ բե­րիր, տա՛ր մեր տե­ղը։ Կի­նը զանց կ՚առ­նի երա­զը, բայց անոր ետք նոյն երա­զը կը կրկնուի՝ առա­ւել խիստ պա­հան­ջով։ Արթնա­նալիս կի­նը կը զգայ ձկնե­րի խլրտիւ­նը եւ դոյ­լի մէ­ջը կը տես­նի երեք ձուկ, իս­կոյն կը տա­նի աղ­բիւրը եւ բաց կը թող­նի ձկնե­րուն։

1960-ական­նե­րի սկզբնե­րուն Գիւմրիից գիւղ կու գան հայր ու եր­կու որ­դի շի­նարար­ներ, աղ­բիւրի մէջ կը տես­նին լո­ղացող ձկնե­րուն եւ չան­սա­լով գիւ­ղա­ցինե­րու թա­խան­ձանքնե­րին՝ կը որ­սան, կ՚եփեն ու կ՚ու­տեն ձկնե­րը։ Հայ­րը տեղ­նուտե­ղը հո­գին կա­ւան­դէ, իսկ մա­համերձ եղ­բայրնե­րից մէկն ալ Գիւմրի դառ­նա­լու ճամ­փին մե­քենա­յի մէջ կը մեռնի…