«Ակօս»ի բարեկամներէն Ամէտ Կէօքչէն «Մերօրեայ պատմահայրը» կը կոչէր թերթիս հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը։ Իր թարմ կորուստով մենք զրկուած էինք առասպելներու եւ դիցաբանութեան կախարդական աշխարհին վերաբերող յօդուածներէ։ Ուրախութիւնով կը ներկայացնենք այս անգամ եթէ ոչ պատմահայր, բայց ապագայ պատմաքոյր կոչելու արժանի երիտասարդ յօդուածագիր մը։ Յետայսու այս էջերու վրայ ան աւանդազրոյցներ կը փոխանցէ հայ վիպասանութեան հսկայ ժառանգէն գաղուած եւ մենք ալ ձեւով մը շարունակած կ՚ըլլանք սիրելի Սարգիս Սերովբեանի թողած աւանդը։
Արեւ բարի ընդ ձեզ։
Կայ նաւ մը, որ Արեգակունք կը կոչուի։ Արարուած է այն դիցային աշխարհին մէջ՝ յաւերժահարսների ձեռքով եւ Հազարան Բլբուլի երգով։ Այն իւրայատուկ բանալի է, որ կը բանայ դռները դէպի վիպաշխարհի այլեւայլ ծայրերը։
Այսօր Արեգակունքը մեզ կը տանի հեռու-հեռու՝ դէպի աշխարհի ծայրը, ուր կը գտնուի Արեւի տունը։ Այն շինուած է կապոյտ մարմարէ եւ շրջապատուած է տասներկու կամարակապ բակերով. որոնք աստղատուներն են։ Բակերուն մէջ շատրուան ու աւազան կայ, բայց ո՛չ ծառ ու կանաչ, ո՛չ հաւք, ո՛չ անասուն եւ ո՛չ ալ ուրիշ արարած։ Ցերեկները խորունկ լռութիւն կը տիրէ տաճարին մէջ. հազար ու բիւր աստղունք կը ննջեն կամարներու ներքոյ։ Կեդրոնը՝ գլխաւոր աւազանի վրայ, ոսկեղէն տաղաւար է, ուր փռուած է Արեւի մարգրիտէ անկողինը։
Մի անկիւնը նստած է Արեւամայրը՝ «թագուհի մը լոյսերու մէջ ու ինքն լուսեղէն»։ Եւ ահա օրուայ շրջագայութիւններէն վերադառձաւ Արեգակը՝ բոցերի մէջ կորած, մտաւ ջրաւազան, լողացաւ, իսկ աստղերը արթնացան, ոտքի կանգնեցին, ողջունեցին Արեւին եւ բարձրացան երկնքի երեսը։ Արեւամայրը գրկին, վեր կը հանէ ջրէն Արեգակին եւ կը պառկեցնէ անկողինը՝ իր ծոցը ու «ծիծ կու տայ՝ անհնանալի, անծերանալի, մշտամանուկն Արեգակին»։ Վերջինս կը քնէ-հանգչի, որպէսզի յաջորդ օրն առաւօտեան վերսկսի իր մշտական շրջապտոյտը։ Այստեղից է, որ արեւամուտը մայրամուտ (մօր մօտ մտնել) կամ մայր մտնել կ՚ըսեն, իսկ արեւածագին՝«արեւը մօր ծոցէն ելաւ»։
Արեւը երկնակամարով կը սլանայ իր առիւծի հետ, որը զինուած է հսկայ թուրով, ինչով ան Արեւին կը պաշտպանէ քաջքերէն ու գիշերամայրերէն։
Երբ արեւը կը սկսի աւելի ու աւելի մօտենալ երկրին, յանկարծ անոր դէմ կ՚ելլէ վիթխարի մի թռչուն։ Թռչունի տարածած լայն թեւերու շնորհիւ Արեւի կիզիչ ճառագայթները չեն հասցներ մոխիր դարձնել երկիրը։ Երբ արեւը կը սկսի հեռանալ երկրէն, թռչունը՝ խանձուած թեւերով, ուժասպառ ու կիսամեռ կ՚իյնայ ծովը, կը զովանայ, կը բուժէ իր թեւերը։ Առաւօտեան ան դարձեալ կ՚ելլէ Արեւի դէմ եւ իր հովանու տակ կ՚առնէ երկիրը։
Արեւի մէկ այլ աւազանն ալ Վանայ ծովն է։ Վերջալոյսին Արեւը կը մտնէ Վանայ ծով, կը լողանայ, մաքրուի, կ՚իջնէ ծովի յատակը՝ քնանալու եւ հանգչելու օրուայ շրջագայութենէն։ Այդ պահուն արեւմուտքը երեւցած շառագոյն, մոխրագոյն եւ ձիւնաթոյր ծալ-ծալ ամպերը Արեւի անկողնի քօղն ու վարագոյրներն են։ Անկողինը անոր փռուած է ծովի խորքում՝ փրփուրի վրայ։
Արշալոյսին Վանայ ծովի յաւերժահարսունք կ՚արթնացնեն Արեւին, կը հագցնեն հրեղէն զգեստներ։ Ահա սար ու դաշտ կը ծածկուի ցօղով. այդ Արեւն է, ջուրը դէմքէն կը ցայտէ չորս դին։ Ցօղէն կ՚արթննայ Հազարան Բլբուլը եւ շուրջբոլորը կը տարածուի անոր նուրբ ձայնը՝
Առաւօտ լուսոյ
Արեգակն արդար
Առիս լոյս ծագյա։
Արեւելքը գտնուող հսկայ լեռան տակէն կ՚ելնեն արեւի թիկնապահները՝ 12 սեւաթոյր արաբներ, լուսեղէն ճիպոտներով ճառագայթի պէս կը զարնեն լերանը, լեռը կը ցածրանայ, եւ շուրջբոլորը ամէն լեռ ու սար նոյնպէս կը խոնարհին Արեւին։ Յանկարծ այդ պահուն սարերու թիկունքէն կը նշմարուի Արեւի ոսկէ գլուխն ու հրեղէն մազերը, ան կը բարձրանայ երկնակամար...
Արեւ բարի ընդ ձեզ։