Ինչպէս բոլոր երկիրներ ու Թուրքիոյ բնակիչներու համար ալ եկած է արձակուրդի ամիսները։ Նախապէս Հայաստան այցելածներ, երբ կը փորձեն իրենց բարեկամներուն յանձնարարել դէպի Հայաստան ճամբորդութիւն, յաճախ կ՚ենթարկուին «իսկապէս կ՚արժէ՞», «արձակուրդի համար Հայաստան կարելի՞ է երթալ», «ի՞նչ կայ որ հոն», «ելեկտրականութիւն կա՞յ»ի նման հարցումներու։ Ճիշդ է որ Հայաստանի ցամաքային սահմանը գոց է 1993-էն այս կողմ։ Բայց ամէն շաբաթ երկու ինքնաթիռ երկու ժամուայ թռիչքով Իսթանպուլը կը կապեն Երեւանին։ Մենք համոզուած ենք որ արձակուրդի համար ճիշդ ընտրութիւն մըն է Հայաստանը։ Ապացոյցը նախապէս գացածներու տպաւորութիւնն է։ Երկիրը Յուլիս ամսուայ մէջ կը պատրաստուի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինօփառատօնին։ Իսկ Օգոստոսի սկիզբին կը մեկնարկէ «Համահայկական Ողիմպիական խաղերը»։ Այս բոլորը նկատի ունենալով համառօտ ուղեցոյց մը պատրաստեցինք Հայաստան այցելելու մտադիր եղողներուն համար։
Հանրապետութեան հրապարակ՝ կասկած չկայ որ Երեւանի գլխաւոր հրապարակը աշխարհի մեծագոյններու մէջ կը դասուի։ Խորհրդային քաղաքաշինութեան յատկութիւնները ցուցաբերող այս հրապարակը շրջապատուած է բազմաթիւ կոթողային կառոյցներով։ Արտաքին գործոց եւ Ելմտական նախարարութիւնները, Կառավարութեան շէնքը, Կեդրոնական նամակատունը, Մարիոթ հիւրանոցը, Պատմութեան թանգարանը այդ շէնքերէն մի քանին են։ Թանգարանին անմիջապէս առջեւ գտնուած աւազանը յատկապէս գիշերուայ ժամերուն յատուկ լուսաւորութիւնով ու երաժշտութեամբ հաճելի ժամանցի վայր մըն է։
Գառնիի տաճարը՝ Տիգրան Մեծի օրով կառուցուած հեթանոսական այս տաճարը վերակառուցման լաւագոյն օրինակներէն կը համարուի։
Գեղարդավանք՝ մայրաքաղաք Երեւանին 50 քմ. հեռաւորութեամբ այս ժայռափոր եկեղեցին կը թուարկուի Դ. դարու։
Օփէրայի շէնքը եւ հրապարակը՝ ճարտարապետ Ալէքսանդր Թամանեանի նախագիծով 1933-ին կառուցուած Երեւանի Օփէրայի թատրոնը քաղաքի խորհրդանշաններէն մէկն է։ Շէնքի գտնուած լայն տարածքը անկախութեան նախորդող օրերուն կայացած հանրահաւաքներու բերմամբ կոչուեցաւ «Ազատութեան հրապարակ»։
ի տարածքին բացուեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանը։
Ցեղասպանութեան յուշարձան եւ թանգարան՝ ցեղասպանութեան յիսնամեակի ներշնչումով կառուցուած յուշարձանը աւարտեցաւ 1967-ին։ 1995-ին Ծիծեռնակաբերդբերթի տարածքին բացուեցաւ նաեւ ցեղասպանութեան թանգարանը։
Վերնիսաժ՝ Ամէն շաբաթավերջին, Հանրապետութեան հրապարակի հարեւանութեամբ գործող այս շուկան զբօսաշրջիկներու ամենաշատ այցելած վայրերէն մէկն է։ Հոն կարելի է Հայաստանի ոգին դրսեւորող ձեռագործ յուշանուէրներ, գործածուած իրեր եւ ամէն տեսակի հնութիւն գտնել։
Սուրբ Էջմիածին՝ Հայ լուսաւորչականութեան կեդրոնը հանդիսացող եկեղեցին կառուցուած է 301-303 թուականներուն։ Մասնագէտներ զայն կը համարեն աշխարհի հնագոյն եկեղեցին։
Խոր Վիրապ՝ Խոր Վիրապը այն հորն է ուր քրիստոնէութիւն քարոզելուն պատճառաւ 13 տարի բանտարկուած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ։ 642 թուին այդ հորի վերեւ կառուցուեցաւ մատուռ մը, իսկ 1662-ին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։ Թուրքիոյ սահմանամերձ այս եկեղեցիէն աշխարհի ամենաբարձր կատարը Արարատ լեռը կը տեսնուի ամենամօտ դիրքի մէջ։
Մատենադարան՝ Հայերէն ձեռագիր մատեաններու ամենահարուստ հաւագածոն կը ցուցադրուի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան նուիրուած այս թանգարան- կեդրոնին մէջ։
Նորավանք՝ 13-րդ դարուն կառուցուած այս եկեղեցիներու համալիրը Երեւանէն 122 քմ. հեռաւորութեան վրայ է։
Օփէրայի շէնքը եւ հրապարակը՝ ճարտարապետ Ալէքսանդր Թամանեանի նախագիծով 1933-ին կառուցուած Երեւանի Օփէրայի թատրոնը քաղաքի խորհրդանշաններէն մէկն է։ Շէնքի գտնուած լայն տարածքը անկախութեան նախորդող օրերուն կայացած հանրահաւաքներու բերմամբ կոչուեցաւ «Ազատութեան հրապարակ»։
Փարաճանովի տուն թանգարան՝ Աշխարհահռչակ կինօ բեմադրիչ Սերկէյ Փարաճանովի ստեղծագործութիւնները կը ցոլացնեն նաեւ այս արտակարգ արուեստագէտի ներքնաշխարհը։
Քաֆէսճեան թանգարան՝ անուանի գործարար Ժէրար Քաֆէսճեանի գլխաւոր առաքելութիւնը եղաւ մայրաքաղաք Երեւանը արդիաշունջ գեղարուեստական գործերով զարդարել։ Իր անունը կրող թանգարանը կը գտնուի Կասկատի աստիճաններուն վրայ եւ կը ծաւալի դէպի Ազատութեան հրապարակ։
Սեւանայ լիճը՝ կապուտաչեայ այս լիճը աշխարհի բարձրագոյն լիճերու մէջ կը դասուի։ Լիճի ափին գործող ճաշարաններու ամենաընտիր ճաշատեսակն է իշխանաձուկը։
Ճաշարաններ
Յատկապէս մսեղէններով հարուստ Հայաստանեան խոհանոցը կը ներկայանայ մեծ ու փոքր բազմաթիւ ճաշարաններով։ Կ՚արժէ նշել, թէ աւանդական խոհանոցէն դուրս, փիցայարաններով եւ արեւմտեան ոճի ուտեստեղէններու մատուցուած ճաշարաններն ալ կը պահեն բաւական բարձր ու ներկայանալի մակարդակ։ Հայաստանեան ճաշարաններու մէջ կը գործեն նաեւ տաղանդաւոր երաժիշտներ, որոնք ճաշկերոյթը կը վերածեն խնճոյքի։
Միջոցառումներ
Եթէ գրութեան մուտքին անդրադարձած ենք Ոսկէ Ծիրան կինօփառատօնի կամ Համահայկական Ողիմպիական խաղերուն, յաւելենք նաեւ, թէ Ոսկի Աշունի օրերուն կը զուգադիպի Միջազգային Մուլտիկ Ֆիլմերու փառատօնը, Արէնի գիւղի Գինու փառատօնը եւ դեռ անակնկալ ինչ ինչ միջոցառումներ։
Կիւմրի
Հայաստանի հանրապետութեան երկրորդ մեծ քաղաքը տակաւին իր վրայ կը պահէ 1988-ի մեծ երկրաշարժի հետքերը։ Մայրաքաղաքէն երկու ժամ հեռաւորութեան գտնուող Կիւմրի իրականութեան մէջ Հայաստանի արուեստի բնօրրանն է։ Կ՚արժէ Հայաստանեան շրջագայութեան մէկ օրը յատկացնել Կիւմրի քաղաքին, վայելելու համար անցեալի Ատրիանապոլի, Լէնինականի շունջը։