Խաչատուրեան Պատրիարք քերթուածներով

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը կը շա­րու­նա­կէ վեր­ջին տա­րինե­րուն զգա­լիօրէն թափ ստա­ցած հրա­տարա­կու­թեան աշ­խա­տու­թիւնը։ Ար­դէն լոյս տե­սած է նո­րահաս­տատ «Ար­մաշ» մա­տենա­շարի 11-րդ գիր­քը։

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը կը շա­րու­նա­կէ վեր­ջին տա­րինե­րուն զգա­լիօրէն թափ ստա­ցած հրա­տարա­կու­թեան աշ­խա­տու­թիւնը։ Ար­դէն լոյս տե­սած է նո­րահաս­տատ «Ար­մաշ» մա­տենա­շարի 11-րդ գիր­քը։

«Քնար Արե­ւագա­լի» խո­րագ­րեալ այս հա­տորը դար­ձեալ հա­ճելի յայտնու­թիւն մը եւ անակնկալ մըն է հա­յերէն ըն­թերցո­ղին հա­մար, քա­նի որ առա­ջին ան­գամ կը հրա­տարա­կուի Պոլ­սա­հայոց հա­մար շատ սի­րելի դէմ­քի մը՝ Գա­րեգին Պատ­րիարք Խա­չատու­րեանի ցարդ ան­տիպ մնա­ցած բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը։

Խա­չատու­րեան Պատ­րիարք մեր հո­գեւոր պատ­մութեան մէջ յա­ճախ կը յի­շուի «Մե­ծանուն Տրա­պիզոն­ցի» մակ­դի­րով։ Իսկ պատ­րիար­քա­րանէն ու­ղարկուած ծա­նօթագ­րութեան մէջ ալ կը նշուի որ սոյն բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը գրի առ­նուած են 28 Յու­նիս 1918 եւ 2 Հոկ­տեմբեր 1924 թուական­նե­րու մի­ջեւ Տրա­պիզո­նի, Դա­մաս­կո­սի, Երու­սա­ղէմի, Երե­ւանի, Ալեք­սանդրէ­թի, Մի­ջերկրա­կանի վրայ նա­ւու, Լա­թաքիոյ եւ Սու­րիոյ Տրի­պոլիի մէջ։

Նկա­տի ու­նե­նալով յի­շեալ տա­րեթի­ւերը եւ ապ­րուած վայ­րե­րը, կա­րելի է են­թադրել թէ ինչպի­սի ներշնչու­մով գրուած կրնայ ըլ­լալ այդ բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը։ Ան­շուշտ այս տո­ղերու գրուած պա­հուն միայն են­թադրու­թիւն մըն է որ կը կա­տարուի, քա­նի որ այժմ զուրկ ենք հրա­տարա­կու­թեան բո­վան­դա­կու­թիւնը իմանալէ։ Սա­կայն ծա­նօթագ­րութեան մէջ կը նշուի թէ հա­տորը կ՚ընդգրկէ նաեւ հե­ղինա­կի բնագ­րին կրկնա­տիպը։ Միւս կող­մէ ինչպէս Պատ­րիար­քա­րանի նա­խորդ հրա­տարա­կու­թիւննե­րէն շա­տերուն մէջ, այս ան­գամ ալ խմբագ­րութիւ­նը ստանձնած է Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան։

Նոր հրա­տարա­կու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը ալ աւե­լի շեշ­տա­կի կը դառ­նայ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեանի նա­խաբա­նով եւ պոլ­սա­հայոց սի­րելի մի այլ պատ­րիար­քի՝ Շնորհք Գա­լուստեան Եօզ­ղատցիի ու ար­ժէ­քաւոր բա­նաս­էր էր Յա­կոբ Ճէօլո­լեան Սի­րու­նիի հե­ղինա­կի գրա­կան վաս­տա­կին մա­սին գրու­թիւննե­րով։ Իսկ պատ­րիար­քա­րանի անձնա­կազ­մէն Տէր Գրի­գոր Աւագ Քա­հանայ Տա­մատեան եւ Մա­րիա Շահ­պազ Տիգ­րա­նեան պատ­րաստած են նուազ ծա­նօթ կամ առ­հա­սարակ ան­ծա­նօթ բա­ռերու ըն­դարձակ բա­ռարան մը։ Կող­քի ձե­ւաւո­րու­մը կը պատ­կա­նի Արիս Քա­րան­ֆի­լի։ Իսկ հա­տորը լոյս կը տես­նէ Վա­րու­ժան Պուլկա­նի մե­կենա­սու­թեամբ։

Նոյն ծա­նօթագ­րութեան մէջ կը նշուի որ փա­փաքող­ներ այս հա­տորին կրնան տի­րանալ աշ­խատանքային ժամերուն Պատրիարքարան դիմելով։