Շաբաթ մը ետք դարձեալ Այա Իրինի պատմական տաճարն ենք։ Այս անգամ եկած ենք անուանի Ճազ-դաշնակահար Տիգրան Համասեանի եւ Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարութեամբ Երեւանի սենեկային երգչախումբի համերգը լսելու։ Համասեանի նախորդ համերգներուն արձագանգները ալ աւելի սրած են մեր հետաքրքրութիւնը։
Շաբաթ մը ետք դարձեալ Այա Իրինի պատմական տաճարն ենք։ Այս անգամ եկած ենք անուանի Ճազ-դաշնակահար Տիգրան Համասեանի եւ Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարութեամբ Երեւանի սենեկային երգչախումբի համերգը լսելու։ Համասեանի նախորդ համերգներուն արձագանգները ալ աւելի սրած են մեր հետաքրքրութիւնը։
Համերգասրահի վերածուած եկեղեցին ամբողջովին լեցուն է երաժշտասէրներով։ Կը նկատենք թէ անոնց մէջ սովորականէն շատ աւելի մեծ համեմատութիւն կը կազմեն հայերը։ Տիգրան Համասեան հողագոյն շապիկ մը հագած է, իսկ երգչախումբը եւ խմբավարը ծիրանագոյն։ Բոլոր շապիկներուն կրնակը կը զարթարէ հայկական խաչը։ Կը զգանք թէ այդ խաչերուն դէմ է որ անհանդուրժողութեան նոպայի մատնուած է Կարսի ազգայնամոլներու ֆաշական պետը։
Երաժշտութեան առաջին ելեւէջներով մագնիսական ձգողութիւն մը տիրեց բազմադարեան այդ պատերէն ներս։ Ձայնը այնքան հզօր ձերբակալեց մեր զգայնականութիւնը, որ պահ մը դուրս մնացինք բոլոր իրականութիւններէ։ Եւ այդ պահը տեւեց ամբողջ մէկ ու կէս ժամ, մինչեւ համերգի աւարտին։ Կարծես Այա Իրինիի լայն գմբեթը բացուեցաւ մեր գլխուն վերեւ եւ հոգիները սաւառնեցան երկնակամարի տակ։ Տարուած էինք ձայնի կանչով ու կը ճախրէինք դէպի հայոց լեռներ։ Գոյներ իրարու մէջ կ՚ընթլուծուէին։ Կը զարմանայինք մոխրագոյնի եւ հողագոյնի ներդաշնակութիւնը տեսնելով։ Այդ գոյներէ հիւսուած շերտեր, իբրեւ ժայռաբեկոր դուրս կու գային սպիտակ ձիւնածածկ գագաթէն ու կ՚իջնէին մինչեւ զմրուխտեայ դաշտեր։ Յորդառատ կը հոսէր գետ մը, որուն անունը ճշդելու կը դժուարանանք։ Արածանի՞, Մեղդագե՞տ, Թէ ինքն Եփրատ կամ Տիգրիս։ Հոգ չէ թէ կը դժուարանանք անունը ճշդելու՛ գիտենք թէ մերն են, մեր երկրի գետերը, մեր անառիկ լեռները։ Բարձունքներու վրայ սաւառնող առծիւն ալ մերն է։ Ու վերջապէս Մեսրոպ Մաշտոցի, Ներսէս Շնորհալիի շարականներու հնչիւններով կ՚ինքնամփոփուուինք։ Այս պահուն մենք ենք մեր սարերը։ Թրքական Հիւրրիյէթ թերթի թղթակիցը «ժամանակը կանգ առաւ» ըսելով կը բնութագրեր Համասեանի Աղթամար կղզու համերգը։ Կը ձայնակցինք այդ հաստատումին։ Մենք ալ դուրս եկած ենք ժամանակի սահմանումէն։ Կը ճախրենք աւելի քան հազար հինգ հարիւր տարիներու միջեւ։
Հայկազեան բառամթերքը խիստ անբաւարար է Համասեանի երաժշտութիւնը նկարագրելու համար։ Ուրեմն կը մնայ պահը ըմբոշխնել եւ իւրացնել միայն։ Ի զուր է այդ պահը չվայելած մէկուն փոխանցել հոն գոյացած զգացական աշխարհը։ Իսկ հոն գտնուողներէն իւրաքանչիւրը ունի իր տպաւորութիւնը, վասն զի կարիք չունի այս տողերուն։ Մեզի ալ կը մնայ ներողութիւն խնդրել բոլոր ընթերցողներէն, այս սրտաբուխ մենախօսութեան համար։